Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 15 Նոյեմբեր 2025

November 15, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 15 Նոյեմբեր 2025

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ ժոզէֆ Աուն միջազգային պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն շեշտեց Լիբանանի բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան նահանջին կարեւորութիւնը եւ ամէնօրեայ ոտնձգութիւններուն դադրեցումը: Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն Աուն պետութեան յանձնառութիւնը յայտնեց Իսրայէլի մէջ բանտարկուած լիբանանցի գերիներու տունդարձին, հաւաստիացնելով որ «պետութիւնը չի կրնար հրաժարիլ իր զաւակներէն»:

Ֆրանսայի նախագահին քաղաքական հարցերով խորհրդականին պատուիրակութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին Աուն բացատրեց, որ լիբանանեան բանակը չի կրնար ամբողջացնել հարաւի մէջ տեղակայումը իսրայէլեան բռնութիւններուն պատճառով: «Իսրայէլի հետ բանակցելու ընտրանքը, որուն մասին յայտարարեցի վերջերս, բաւարար է վերականգնելու հարաւային կայունութիւնը, որովհետեւ բռնութիւնները չեն կրնար առաջնորդել որեւէ դրական արդիւնքի», ըսա Աուն: Անոր համաձայն, բանակը կարիք ունի յաւելեալ սարքերու եւ զինակառքերու, որոնք կարելի է ապահովել բանակին աջակցութեան նուիրուած միջազգային նուիրատուներու համաժողովին ընթացքին:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւս տեսակցեցաւ ֆրանսական պատուիրակութեան հետ: Ան Փարիզին կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու՝ վերջ տալու իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն:

 

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց քայլերու ձեռնարկել՝ ամրապնդելու Լիբանանի հետ առեւտրային յարաբերութիւնները եւ վերացնելու լիբանանեան արտադրանքը արտահանելու արգելքները: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն դրուատեց սէուտական որոշումը, յիշեցնելով որ Լիբանան կը պաշտպանուի իր արաբական շրջապատին կողմէ: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն՝ Լիբանանի նկայունութեան եւ բարգաւաճումին աջակցելու որոշումներուն համար, սէուտական յայտարարութիւնը համարելով աջակցութիւն հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն, որոնց միջոցաւ կանխուած է լիբանանեան հողերուն գործածութիւնը՝ եղբայրական պետութիւններուն վնաս հասցնելու եւ թմրանիւթերու վաճառականութեան համար:

Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար իր կարգին դիտել տուաւ, որ սէուտական ակնկալուած քայլը Լիբանանի մասին դրական պատգամ պիտի յղէ աշխարհին, դառնալով Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճումի նոր փուլին հիմնաքարը:

 

ԵՈՒՆԻՖԻԼ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ԿԱՊՈՅՏ ԳԻԾԸ»

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ սահմանային գօտիի Եարուն գիւղի հատուածին մօտ իսրայէլեան ուժերուն կառուցած պատը կը խախտէ սահմանային կապոյտ գիծը եւ լիբանանցիները կը զրկէ աւելի քան չորս հազար քառակուսի մեթր հողատարածքէ: Իսրայէլեան բանակը սակայն ժխտեց խաղաղապահներուն ամբաստանութիւնը, պնդելով որ սահմանային պատը չէ խախտած Լիբանանի սահմանը: «Սահմանային պատին ծրագիրը կը գործադրենք 2022-էն ի վեր ու վերջերս շարունակեցինք աշխատանքները, օգտուելով վերջին պատերազմի դասերէն», նշեց բանակը:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կանուխ առաւօտեան թիրախաւորեց Թուլ բնակավայրին մերձակայ շրջանները, պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական ծանր վնաս: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ երէկ արեւածագին ռմբակոծուած վայրը Հըզպալլայի ստորգետնեայ զինամթերանոց է: «Մեր հարուածած ենթակառոյցները տեղակայուած էին բնակելի շրջաններուն մօտ», ըսաւ իսրայէլացի բանբերը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Իսրայէլին վերստին կոչ ուղղեց քաշուելու Լիբանանի բռնագրաւեալ շրջաններէն եւ վերջ տալու Լիբանանի վերեւ ռազմական թռիչքներուն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բանակը կը մօտենայ ընդարձակ յարձակումի մը, որ ենթադրաբար պիտի կեդրոնանայ Պեքաայի եւ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ գործող Հըզպալլայի զէնքի արտադրութեան գործարաններուն վրայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ 90-ՐԴ ՀԶՕՐԱԳՈՅՆԸ

Հայաստան 2,0373 կէտով գրաւեց աշխարհի հզօրագոյն բանակներուն 90-րդ դիրքը, ըստ Global Firepower հեղինակաոր կայքի ամէնամեայ ուսումնասիրութեան տուեալներուն: Վարկանիշը կը համեմատէ 145 երկիրներու զինուած ուժերը՝ 60 ցուցանիշերով, որոնք կը ներառեն սարքաւորումներուն քանակը, անձնակազմին թիւը, դրամական կարողութիւնները, կարեւոր պաշարներու հասանելութիւնն ու այլ գործօններ: Հնարաւոր լաւագոյն կէտը 0 է:

Միացեալ Նահանգներ վերստին գրաւեց առաջին դիրքը, Ռուսիա հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Չինաստան՝ երրորդ: Լաւագոյն հնգեակը ամբողջացուցին Հնդկաստանն ու Հարաւային Քորէան: Հայաստանի հարեւաններէն Վրաստան 94-րդ է, Ատրպէյճան՝ 60-րդ, Իրան՝ 16-րդ, իսկ Թուրքիա՝ 9-րդ:

 

ԺԱՅԻԹԱՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՉԷ

Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաղորդրագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ ստացած է Ժայիթա քարայրին մէջ 30 Հոկտեմբերին կազմակերպուած հարսանիքին հաւանական հետեւանքները ուսումնասիրող յատուկ յանձնախումբին վերջնական զեկոյցը:

Ըստ հարսանեկան աղմկոտ խրախճանքին հատուածները ուսումնասիրած մասնագէտներուն, Ժայիթայի վերին եւ ստորին քարայրներուն մէջ չեն նկատուած կենսոլորտային եւ երկրաբանական վնասներ, սակայն մշակուած է յատուկ պայմանագիր մը, որ պէտք է գործադրել ապագային նման ձեռնարկներու կազմակերպումի պարագային՝ պահպանելու այս բնական եւ զբօսաշրջային զգայուն վայրը եւ զայն փոխանցելու գալիք սերունդներուն: Ժայիթայի քաղաքապետութիւնը առայժմ պիտի շարունակէ տնօրինել քարայրը, մինչեւ որ մրցոյթով ընտրուի ընկերութիւն մը, որ ստանձնէ այդ գործը:

 

 ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԳՐԱՆՑՈՒՄԻ ԿՈՉ

Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ ցարդ արտերկրի մէջ բնակող 55.548 լիբանանցի իր տուեալները գրանցած է՝ մասնակցելու համար խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Բարձրագոյն թիւը գրանցուած է Ֆրանսայի մէջ, ապա յաջորդաբար Գերմանիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Նախարարութիւնը յիշեցուց, որ տակաւին չգրանցուած լիբանանցիները հնարաւորութիւն ունին այդ կատարելու մինչեւ 20 Նոյեմբեր՝ այցելելով diasporavote.mfa.gov.lb կայքը:

Share63Tweet40
Previous Post

Բարերար Լեւոն Մկրտիչեան (1886-1983) Ի Ծառայութիւն Հայ Դպրոցին Եւ Ազգին

Next Post

Ծովակ Քէօշկէրեան Ռիատի Մէջ Պրոնզէ Մետալակիր

Next Post
Ծովակ Քէօշկէրեան Ռիատի Մէջ Պրոնզէ Մետալակիր

Ծովակ Քէօշկէրեան Ռիատի Մէջ Պրոնզէ Մետալակիր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.