Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Բարերար Լեւոն Մկրտիչեան (1886-1983) Ի Ծառայութիւն Հայ Դպրոցին Եւ Ազգին

November 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Բարերար Լեւոն Մկրտիչեան (1886-1983) Ի Ծառայութիւն Հայ Դպրոցին Եւ Ազգին

Լեւոն Մկրտիչեան ծնած է 13 Նոյեմբեր 1886 թուականին, Կարնոյ նահանգի Քղիի Օրօր գիւղը, համեստ ընտանիքի մը յարկէն ներս։ Երիտասարդ տարիքէն ուսուցիչ դարձած, շուտով գիտակցեցաւ, որ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը կրթութեան եւ գաղափարական կազմակերպման մէջ է։ 1907-ին կ’անդամագրուի Ս․Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Սեդրակ Շահէնի հետ կը լծուին կազմակերպչական աշխատանքի, ինչ որ յաճախ կը զուգորդուէր բանտարկութիւններով եւ աքսորներով։

Բազմաթիւ նեղութիւններ յաղթահարելով՝ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր բանուորական կեանքէն անցաւ գործարարական յաջողութեան։ Սակայն հարստութիւնը երբեք չծածկեց իր իտէալները: Մկրտիչեան ամբողջ կեանքի ընթացքին մնաց հաւատարիմ իր կուսակցական ու ազգային սկզբունքներուն։ Միաժամանակ սերտ կապեր պահպանեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) հետ՝ խորապէս գնահատելով անոր ազգակերտ եւ կրթական առաքելութիւնը։ Նոյն միութեան մօտ հիմնեց յաւերժական հիմնադրամ մը՝ ուղղուած Սահակեան կրթական հաստատութեան մշտական օժանդակութեան։

Պէյրութի Սահակեան վարժարանին հանդէպ ունեցած իր յարգանքն ու հաւատքը վերածուեցաւ գործնական նուիրատուութեան, երբ 1960-ականներուն վեհանձն ոգիով մասնակցեցաւ նոր շէնքի շինարարութեան։ Իր անձնական միջոցներով կատարած մեծագոյն նուիրատուութիւնը դարձաւ հիմքը այն հաստատութեան, որ այսօր կը ճանչնանք իբրեւ ՍԱՀԱԿԵԱՆ–ԼԵՒՈՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ԳՈԼԷՃ։

Լեւոն Մկրտիչեան պատկանեցաւ այն սերունդին, որ հայրենասիրութիւնը չէր սահմաներ բառերով, այլ՝ կեանքի ընթացքով։ Իր անսակարկ նուիրումը կրթութեան, իր գաղափարական հաւատարմութիւնը եւ ազգային ինքնութեան հանդէպ ունեցած խոր գիտակցութիւնը զինք դարձուցին սփիւռքահայ բարերարութեան ոգին մարմնաւորող վառ օրինակի։

Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի արդի շէնքին բացման արարողութեան պաշտօնական հանդիսութիւններուն կրթասէր բարերարը չկրցաւ ներկայ գտնուիլ առողջական պատճառով: Բաւարարուեցաւ սրտառուչ պատգամ մը փոխանցելով, ուր յատկապէս կը գրէր. «…Հայ դպրոցը հայ ժողովուրդի գոյութեան հիմնաքարն է: Մեկնելով այս իրողութենէն, հայ դպրոցի մը բացման իմ մասնակցութիւնս կը համարեմ կեանքիս ամենաերջանիկ օրը: Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան Կեդրոնական մարմինին, որ Uահակեան կրթական հաստատութեան անուան կցեց իմ անունս, զայն անուանելով Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճ, գնահատելով իմ համեստ զոհողութիւնս…»:

Բարերար Լեւոն Մկրտիչեան կը մահանայ 1983-ի Նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, յառաջացած տարիքին եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Լուսահոգի Լեւոն Մկրտիչեանի անունը կը մնայ յաւերժաբար կապուած հայ դպրոցի եւ հայ կրթութեան կենսունակ ուղեգիծին՝ իբրեւ բարերար, տեսլականով առաջնորդ եւ գաղափարապաշտ հայ մարդ։

 

Share64Tweet40
Previous Post

«Ամենայն Հայոց» Երգը Եւ Խօսքը՝ ԳՈՀԱՐ-ի Նուիրական Բեմին Վրայ

Next Post

Լուրեր. 15 Նոյեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 15 Նոյեմբեր 2025

Լուրեր. 15 Նոյեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.