7 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ԳՈՀԱՐ ցուցասրահը իր շքեղ եւ ջերմ մթնոլորտով հիւրընկալեց յատկանշական հանդիպում մը՝ նուիրուած հալէպահայ ճանչցուած դէմք, տոքթ. փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեանին։ Ներկայ էին մտաւորականներ, մշակութային գործիչներ, գրողներ ու երաժիշտներ, որոնք միասնաբար պատուեցին գիտնականին, բժիշկին եւ բանաստեղծին բազմաբեղուն վաստակը։
Երեկոյի բացումը կատարեց հաղորդավարուհի եւ լրագրող Նազելի Էպէեան Նալպանտեան, որ սիրով ու զգացականութեամբ անդրադարձաւ տոքթորի մարդկային եւ մշակութային դիմագիծին: «Տոքթ. Այնթապլեան բազմաթիւ սրտեր բժշկած է, բայց իր սիրտը միշտ ալեկոծ մնացած է՝ պանդուխտ հայու յուզումով։ Իր իսկ դարմանը հասած է բանաստեղծութեամբ, երգով եւ գիրով»,- նշեց ան։

Տիկին Նալպանտեան ներկայացուց տոքթ. Այնթապլեանի կենսագրական ընթացքը՝ բժշկական, գրական եւ հասարակական առումներով։ Իր խօսքին աւարտին շեշտեց․ «Տոքթ. Այնթապլեանին ԳՈՀԱՐ գրադարան առաջին այցելութեան՝ 2024-ին, խորապէս յուզած է այս երկու գիրքերու պատմութիւնը եւ որոշած է կրկին հրատարակելով այս գիրքերը, ուշքի հրաւիրել մեր ժողովուրդը, որ հայը ամէն տեսակ արհաւիրքներ ապրած է, բայց հայուն անկոտրում կամքը յաղթահարած է ամէն տեսակ դժուարութիւններ ու կը շարունակէ ապրիլ, մինչեւ այն ատեն, որ կառչած կը մնայ հայ գիրին, երգին, մշակոյթին… ԱԲԳ-ին»:
Այնուհետեւ հարթակ բարձրացաւ տոքթ. Այնթապլեան, որ խօսեցաւ Կոմիտասի եւ Թումանեանի անմահ ժառանգութեան մասին՝ կիսելով նաեւ հետաքրքրական դրուագներ մեծերու կեանքէն։
ԳՈՀԱՐ-ի բեմէն տոքթ. Այնթապլեան հանրութեան ներկայացուց իր մեկենասութեամբ վերահրատարակուած երկու գիրքեր, որոնց լոյս ընծայումը իր իսկ խոր զգացումէն ծնած նախաձեռնութիւն մըն էր։ Առաջինը՝ «Ձեռաց տետրակ հայ գեղջուկ համերգի, որ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի», բացառիկ արժէք ունի իբրեւ պատմական փաստաթուղթ Կոմիտասի ղեկավարած 300 հոգեւոր «Գուսան» երկսեռ երգչախումբին իսթանպուլեան համերգներէն մէկուն։ Երկրորդ հատորը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Փնջիկ» երգարանը, հրատարակուած էր 1947-ին՝ Գերմանիոյ Շթուտկարտ քաղաքին մէջ։ Երկու գիրքերն ալ վկայութիւններ են հայ ոգիի տոկունութեան եւ մշակոյթի անմահութեան։
Ան ներկայացուց նաեւ հայրենի երգչուհիի մը կողմէ պատրաստուած եւ անոր ձայնով՝ «Գեղջուկ օրօրոցայիններ»ու բացառիկ ձայնագրութիւններէ կազմուած «կախարդական տուփիկը», որ նուիրեց ԳՈՀԱՐ-ի ղեկավար տիար Յարութ Խաչատուրեանին՝ ի նշան գնահատանքի։

Ձեռնարկին երկրորդ մասը նուիրուած էր համերգի մը՝ մատուցուած Մայր Հայրենիքէն հրաւիրեալ երգիչ Արսէն Զաքարեանի կողմէ։ Ան իր բեմական ուժով եւ մաքուր ձայնով մեկնաբանեց կոմիտասեան ու ժողովրդական գեղջուկ երգեր, որոնք լեցուցին դահլիճը հին հայրենի երգի ջերմութեամբ։
Երեկոյի աւարտին, տոքթ. Այնթապլեան իր վերահրատարակած հատորները սիրով մակագրեց եւ նուիրեց ներկաներուն՝ իբրեւ յուշ եւ պատգամ։
Այդ գիշեր ԳՈՀԱՐ-ը դարձաւ մշակութային նոր հանդիպման օճախ մը, ուր հնչեց ոչ միայն Կոմիտասի եւ Թումանեանի անժամանցելի ոգին, այլեւ արմատներուն նկատմամբ հայ պանդուխտի անմար հաւատքը։

