Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ «Լիբանանի Տիրամայր» Պազիլիքային Մէջ – Հարիսա

Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

November 13, 2025
in Գաղութային
0
Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ «Լիբանանի Տիրամայր» Պազիլիքային Մէջ – Հարիսա

Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ի, երեկոյեան ժամը 5-ին, «Լիբանանի Տիրամայր» պազիլիքայի մէջ – Հարիսա, համալիբանանեան մակարդակի Գոհաբանական Ս. եւ Անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, հանդիսապետութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, առ ի երախտապարտութիւն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտին քաղաքի առաջնորդ` արհ. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի շրջափակին մէջ, Լեւոն ԺԴ. պապին կողմէ Սուրբ հռչակուելուն։

Սոյն հոգեպարար արարողութեան նախաշեմին ցանկալի է, որ Սուրբին հոգեւոր ապրումներն ու հաւատարմութիւնը ապացուցող վաւերագիր մը հրապարակէինք` պարզելու թէ ինչպիսի՞ն էր անոր հոգեկերտուածքը եւ ի զուր չէր, որ ան հասաւ Սրբութեան եւ այժմ կը բարեխօսէ մեզի համար։

Սոյն նամակը կը հրապարակենք առանց յապաւումի:

 

Մարտին. 14 Յունիս 1914

Ամենասիրելի Գերապայծառ հայրիկս

Որդիական անկեղծ սրտիս մեծ ցաւ պատճառեց լուրը Ձեր անհանգստութեան, եւ ամէն օր Սուրբ պատարագին անարժանաբար կը յիշեմ զՁեզ եւ ջերմագինս կ’աղօթեմ, որ շնորհէ սիրելի հայրիկիդ Բարձրեալը` քաջառողջութիւն եւ հանգստութիւն, նոյնպէս եւ վարժարանի մանկիկներուն իմ գաղտնի դիտաւորութիւնս ամէն օր երեք Ողջոյն աղօթել կու տամ, եւ կը յուսամ, որ ի մօտոյ կը լսեմ ցանկալի լուրը` նա թէ մեծ աւետիսը Ձեր կատարեալ առողջութեան։

Շատ մեծ յոյս ունիմ, որ Նոյեմբերի վերջերը ճամբորդութիւն մ’ընեմ դէպ յԵգիպտոս, ձմեռը հոն անցընելու համար։ Որովհետեւ անցեալ ձմեռը չափազանց նեղուեցայ յօդացաւի պատճառաւ, եւ ցայժմ կը շարունակէ։ Ուստի եւ անպատճառ ձմեռը տաք տեղ մ’անցընելու պիտի խորհիմ։

Այս առթիւ հաճոյքը պիտի վայելեմ սիրելի հայրիկդ մէյ մ’ալ տեսնելու։

Վիճակս որչափ դառն է` մխիթարութիւնս ալ շատ մեծ է ի հոգեւորս, հոգեւոր կրթութիւններ տալով եւ հրահանգել տալով այս բարի ժողովուրդը ի սէրն Քրիստոսի։

Մի մոռնաք զիս Ձեր աստուածահաճոյ աղօթքներուդ մէջ, որուն շատ կարօտ եմ, եւ որուն ցանկալի արդիւնքը տեսած եմ պզտիկուց ի վեր։

Ողջագուրելով զսիրելի հայրիկդ խանդակաթ սիրով` մնամ ի հաւաստին որդիական անկեղծ յարգանաց եւ համակրանաց

    

Գերապայծառ հայրութեանդ

Անձկալից որդի

Իգնատիոս վրդ. Մալոյեան

Արքեպիսկոպոս Մամպտոյ

 

Սոյն տողերը ցոյց կու տան Սուրբին համեստութիւնը եւ անմիջական կապը Աստուծոյ հետ։

Այժմ մեզի կը մնայ հետեւութիւն կատարել, թէ ո՞վ էր Սուրբը, ինչպիսի՞ վարքագիծի տէր անձնաւորութիւն էր եւ իր հօտին ինչպիսի՞ հոգածութիւն կը ցուցաբերէր եւ հոգեւոր սնունդ կը փոխանցէր։

Share63Tweet40
Previous Post

Գէորգ Եազըճեան «Արարատ»ի Հիւրասրահին Մէջ

Next Post

«Ամենայն Հայոց» Երգը Եւ Խօսքը՝ ԳՈՀԱՐ-ի Նուիրական Բեմին Վրայ

Next Post
«Ամենայն Հայոց» Երգը Եւ Խօսքը՝ ԳՈՀԱՐ-ի Նուիրական Բեմին Վրայ

«Ամենայն Հայոց» Երգը Եւ Խօսքը՝ ԳՈՀԱՐ-ի Նուիրական Բեմին Վրայ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.