Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Գէորգ Եազըճեան «Արարատ»ի Հիւրասրահին Մէջ

November 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Գէորգ Եազըճեան «Արարատ»ի Հիւրասրահին Մէջ

Վերջերս «Արարատ»-ի խմբագրատունը հիւրընկալեց պատմաբան, հրապարակագիր եւ խմբագիր Գէորգ Եազըճեանը, որ Հայաստանէն այս օրերուն կը գտնուի Պէյրութ՝ առողջական վերականգնման նպատակով։

Իր գիտական, հրապարակագրական ճանապարհին եւ այն փորձառութիւններուն մասին, որոնց միջով անցած է Եազըճեան վերջին ամիսներուն, մօտ ժամ մը տեւած մեր զրոյցը դարձաւ ինքնաբուխ վերյուշ եւ մտաւորական փոխանակութիւն՝ պատմական, ընկերային ու բարոյական շեշտադրումներով, ուր Եազըճեան յիշատակեց տարիներու իր գործակցութիւնը լիբանանահայ մամուլի եւ մշակութային շրջանակներուն հետ։

Ան ցասումով անդրադարձաւ այն դժուար փորձութիւններուն, որոնց յաճախ կը բախին մարդիկ այն միջավայրերուն մէջ, ուր ենթադրաբար պիտի գտնէին հոգատարութիւն եւ մասնագիտական հաւատարմութիւն։ Եազըճեանի խօսքին մէջ ակնարկ մը կար այն բացերուն եւ թերութիւններուն, որոնք ստիպած են զինք որոնելու աւելի հոգատար պայմաններ այլուր։

Գէորգ Եազըճեան պիտի շարունակէ մնալ Լիբանան՝ բուժման ընթացքը շարունակելու եւ միաժամանակ իր գրական-հրապարակագրական աշխատանքները վերակենդանացնելու նպատակով։ Ան կը պահէ իր սովորական ստեղծագործ ոգին՝ մշտապէս կապուած մնալով հայ պատմական միտքին եւ ազգային արժէքներուն։

«Արարատ»-ի ընտանիքը շուտափոյթ ապաքինում, նոր ոգեշնչում եւ շարունակական արեւային օրեր կը մաղթէ Գէորգ Եազըճեանին:

Share65Tweet41
Previous Post

Հայրենիքը՝ Մնայուն Սէր

Next Post

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ «Լիբանանի Տիրամայր» Պազիլիքային Մէջ – Հարիսա

Next Post
Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ «Լիբանանի Տիրամայր» Պազիլիքային Մէջ – Հարիսա

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ «Լիբանանի Տիրամայր» Պազիլիքային Մէջ - Հարիսա

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.