Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

LEBSPORTS-ի Հարցազրոյցը Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Միսաք Նաճարեանի Հետ

November 12, 2025
in Մարզական
0
LEBSPORTS-ի Հարցազրոյցը Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Միսաք Նաճարեանի Հետ

Հ.- Պրն. Նաճարեան, կ’ողջունենք ձեզ LEBSPORTS-ի մէջ։ Այս օրերուն Հ.Մ.Մ. սկսած է իր նախապատրաստութիւնները Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Գ. դասակարգին համար։ Կը նկատենք լրջութիւն եւ հետեւողական աշխատանք՝ մրցաշարքին նախապատրաստուելու ընթացքին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել նոր տարեշրջանի սեմին Հ.Մ.Մ.-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։

Պ.- Անշուշտ հիմնական աշխատանքները իրենց ուսերուն վրայ առած են Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան անդամները։ Ես, որպէս նախկին վարչական պատասխանատու, կը փորձեմ իմ փորձառութիւնս ներդնել՝ հնարաւորին չափ օգտակար ըլլալու վարչութեան եւ ֆութպոլի դիւանին։
Ինչպէս արդէն նշեցիք, Հ.Մ.Մ.-ի իսկական տեղը Ա. դասակարգն է։ Անոր հարուստ պատմական ուղին եւ արձանագրած նուաճումները՝ յատկապէս 1960-70-ականներուն եւ մինչեւ 2005 թուական, երբ ակումբը առաջինէն ինկաւ երկրորդ դասակարգ եւ հետագային՝ երրորդ, կը պարտաւորեցնեն մեզ ձգտելու աստիճանական վերելքի։
Մեր առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ բարձրանալ Բ. դասակարգ, իսկ ապագային՝ հնարաւորութիւններու ընդլայնումով (քանի որ գաղտնիք չէ՝ Ա. դասակարգ հասնիլը հսկայական ֆինանսական բեռ կ’ենթադրէ), ինչու չէ նաեւ տեսնել Հ.Մ.Մ.-ը իր բնական տեղը՝ Ա. դասակարգին մէջ։

 

Հ.- Այսինքն, եթէ ապահովուի տնտեսական կողմը, Հ.Մ.Մ.-ի առջեւ ճամբան բաց կ’ըլլայ։

Պ.- Այո՛, սակայն ասիկա կը վերաբերի ոչ միայն Հ.Մ.Մ.-ին, այլ գրեթէ բոլոր ակումբներուն։ Այսօր բազմաթիւ հեղինակաւոր խումբեր կառուցուած են անձերու վրայ։ Երբ անոնք կը բացակային, ակումբները կը դադրին գոյութենէ, նոյնիսկ եթէ ունեցած ըլլան բարձր հեղինակութիւն։ Ի տարբերութիւն անոնց, Հ.Մ.Մ.-ը ունի 105 տարուան արմատաւոր պատմութիւն եւ բազմաթիւ ախոյեանական նուաճումներ։ Այդ ժառանգութիւնը կը պահանջէ լուրջ, իրապաշտ ծրագրեր։
Երկրի տնտեսական եւ ապահովական իրողութիւններէն ելլելով՝ կրնանք ըսել, որ Պէյրութի վարչութեան ֆութպոլի դիւանը կը պատրաստէ մրցունակ խումբ մը՝ ձգտելով առաջնային տեղերու։ Այսինքն, նպատակն է գոնէ մտնել «ֆայնըլ 4» կամ «ֆայնըլ 6» շարքերուն, ըստ այն կանոնադրութեան, որ այս տարեշրջանին համար կը հաստատէ Ֆութպոլի ֆետերասիոնը։
Եթէ Աստուած կամենայ եւ այս նուաճումը իրականանայ, մենք՝ որպէս Հ.Մ.Մ.-ի պատասխանատուներ, պիտի շարունակենք մեր լիակատար օժանդակութիւնը, մեր միջոցներու սահմաններուն մէջ։ Բայց ճիշդ հասկնանք, պէտք է ըլլանք իրապաշտ՝ նախ եւ առաջ խումբը պէտք է մրցունակ ըլլայ, որպէսզի հասնի «ֆայնըլ 4»-ին կամ «ֆայնըլ 6»-ին։

 

Հ.- Խօսինք մարզչական կազմին մասին։ Ըստ երեւոյթին, գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուած է խմբապետ Արա Մաթոսեանին, որ անցեալ տարեշրջաններուն հաստատեց իր անունը՝ ըլլայ Հ.Մ.Մ.-ի հետ կամ այլ ակումբներու։ Ի՞նչ պատգամ ունիք մարզիկներուն՝ նոր ախոյեանութեան ընդառաջ։

Պ.- Նախ պէտք է ըսեմ, որ մարզիչ Արա Մաթոսեանի հօր՝ նախկին իրաւարար Վարդան Մաթոսեանի հետ ունիմ երկարամեայ ջերմ ընկերութիւն։ Սակայն Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ըլլալով եւ աշխարհի 24 շրջաններու հետ առնչուած մտահոգութիւններ ունենալով հանդերձ, պատրաստակամութիւն յայտնեցի գալու եւ աջակցելու մարզիչ Արա Մաթոսեանին, որ թէեւ երիտասարդ է, սակայն ցուցաբերած է մարզչական հասունութիւն եւ ղեկավարական ներուժ։
Արա Մաթոսեանը այն մարզիչներէն է, որ ջանասիրութեամբ կը յառաջդիմէ։ Անոր մարզած խումբերը անցեալ տարիներուն յաջողած են հասնիլ պատուաբեր արդիւնքներու։ Հաւատացած եմ, որ Արա Մաթոսեանի աշխատասիրութեամբ եւ մարզչական մտածողութեամբ Հ.Մ.Մ.-ը կրնայ բանալ նոր յաջողութիւններու էջ։ Անոր կողքին կը գտնուիմ ոչ միայն որպէս պատասխանատու, այլ նաեւ որպէս բարոյական աջակցող՝ դաշտին վրայ, խումբի տղաները քաջալերելու եւ անոնց բարոյական ոգին բարձրացնելու համար։ Արա Մաթոսեանի մարզչական ճամբուն կը մաղթեմ լիակատար յաջողութիւն՝ հաւատալով, որ Հ.Մ.Մ.-ը պիտի դառնայ անոր փառաւոր յաջողութիւններու սկիզբը։

Share78Tweet49
Previous Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Ampere Գիտատեխնիկական Աշխատանոց

Next Post

Լուրեր. 13 Նոյեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 13 Նոյեմբեր 2025

Լուրեր. 13 Նոյեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.