Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 13 Նոյեմբեր 2025

November 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 13 Նոյեմբեր 2025

ՊԷՅՐՈՒԹ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին որեւէ պատասխան չէ ստացած Իսրայէլէն՝ բանակցային միջոցներով բռնագրաւեալ հողերը ազատագրելու առնչութեամբ: «Ուժային տրամաբանութիւնը այլեւս օգտակար չէ, ուստի պէտք է դիմենք տրամաբանութեան ուժին», ըսաւ Աուն՝ յիշեցնելով, որ պատերազմները առաջնորդած են աղէտի եւ տարածաշրջանը կ’ուղղուի յաւելեալ լուծումներու ճանապարհով:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզէֆ Քսայֆիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն, Աուն Սուրիոյ կայունութիւնը համարեց անհրաժեշտ՝ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու հմար: Խօսելով ազգային երկխօսութեան մասին, նախագահը շեշտեց, որ խորհրադարնաական ընտրութենէն առաջ նման երկխօսութեան հրաւիրելը անիմաստ է, ուստի անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ ընտրութիւնները իրենց նախանշուած թուականին կազմակերպելու:

 

 

ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԸՆԴԱՄԷՆԸ 52 ՀԱԶԱՐ ԴԻՄՈՒՄ

Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ խորհրդարանական գալիք ընտրութիւններու նախապատրաստութեանց ծիրին մէջ, մինչեւ 12 Նոյեմբեր նախարարութեան համացանցային համապատասխան հարթակին վրայ կատարուած է արտերկրի մէջ բնակող 51 հազար 685 լիբանանցիի դիմում՝ քուէարկելու սկզբունքով Մայիս 2026-ին կայանալիք ընրութիւններուն:

Նշենք, որ գրանցումի ժամկէտը կը սպառի 20 Նոյեմբերին, ուստի Ներքին գործերու նախարարութիւնը աշխարհասփիւռ լիբանանցիներուն յորդորեց գրանցել իրենց տուեալները, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենան մասնակցելու Լիբանանի օրէնսդրական նոր մարմին ձեւաւորելու հոլովոյթին:

 

ԹՄՐԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ թմրանիւթերու վաճառականութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ իրականացուող հետախուզական աշխատանքներուն շնորհիւ, Լեռնալիբանանի ոստիկանութեան հետախուզութեան գրասենեակը շարք մը խուզարկումներ կատարեց Շուէյֆաթ եւ Հատաս շրջաններուն մէջ, ուր ձերբակալեց թմրանիւթերու վաճառականութեամբ եւ շրջանառութեամբ զբաղող չորս լիբանանցիներ, որոնցմէ առգրաւեց զէնքեր, փամփուշտներ, հեռաձայններ, կապի այլ ապօրինի սարքեր, դրամական գումար եւ փաթեթաւորուած թմրախոտ եւ թմրանիւթ: Ձերբակալուած անձերը եւ գրաւուած նիւթերը յանձնուեցան դատական առնչակից կառոյցներուն՝ շարունակելու համար հետաքննութիւնը:

 

ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումին ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետն ու փոխվարչապետը՝ Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով երեսփոխաններու հարցումներուն: Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան հնարաւոր համարեց արտահերթ սահմանազատումները, որպէսզի յառաջ մղուի ամերիկեան հովանաւորութիւն վայելող TRIPP ծրագրին գործադրութիւնը: Գրիգորեանի համաձայն, այս առումով աշխատանքային շփումներ կան իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Շահին Մուսթաֆաեւի հետ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտնեց, որ Թրամփի ուղիին (TRIPP) կառուցումը պիտի սկսի 2026-ի երկրորդ կիսուն: «Բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին մինչեւ տարեվերջ», ըսաւ Փաշինեան: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի լուծարումէն ետք, տարեվերջին պիտի հրապարակուի Արցախի վերաբերեալ բանակցային փաստաթուղթերուն փաթեթը», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը փոխադարձաբար գրաւած են իրար տարածքները: Ան բացատրեց, որ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող, սակայն օրէնքով Հայաստանին պատկանով Արծուաշէնի մասին ցարդ չկան պայմանաւորութիւններ: Փաշինեան վերահաստատեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ աշխատանք կը տարուի Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ, աւելցնելով թէ որքան բարենպաստ ըլլայ հայ-ատրպէյճանական միջավայրը, այնքան աւելի դիւրին կը լուծուի գերիներուն խնդիրը:

Անդրադառնալով ներքին զարգացումներուն, վարչապետը խօսեցաւ Վաղարշապատի մէջ սպասուող քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եղբօր ու եղբորորդիին ձերբակալութեան մասին, որոնք կը մեղադրուին ընտրական հոլովոյթը խոչընդոտելու ամբաստանութեամբ: «Ընտրողներու ազատ որոշումին ապօրինի միջամտութիւնները անթոյլատրելի են, ուստի ապահովական ուժերը պէտք է արձագանգեն, անկախ անկէ, թէ քաղաքական որ ուժին ներկայացուցիչներն են օրինախախտները», շեշտեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այս կը վերաբերի նաեւ իր գլխաւորած քաղաքական ուժին: «Այս հարցը մեզի համար կարմիր գիծ է եւ նման ապօրինութիւններ չեն կրնար հեռանկար ունենալ Հայաստանի մէջ», յայտնեց վարչապետը: Պատասխանելով Էջմածին այցելելու հնարաւորութեան մասին հարցումի մը, վարչապետը դրական պատասխանեց, սակայն նշեց, որ այդ պիտի ընէ միայն այն ատեն, երբ ինքզինք հոգեւոր առումով բաւական մաքրուած զգայ:

Փաշինեան այլ գիծի վրայ դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ իրեն դիմած են՝ պահանջելով տեսնել Հայաստանի ձեռք ձգած նոր զէնքերը: Ըստ Փաշինեանի, յատուկ ծառայութիւնները որոշ ստուգումներ կը կատարեն դիմող քաղաքայիներուն մասին, նախքան արտօնութիւն տալը: Վարչապետը միաժամանակ չբացառեց, որ հետագային կազմակերպուի զօրահանդէս եւ բոլորը հնարաւորութիւն ունենան տեսնելու նոր զինատեսակները:

 

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլ Քատէր Ուրալօղլու յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են հայ-թրքական սահմանին տեղակայուած Ալիճանի անցակէտին մէջ: «Զանգեզուրի միջանցքը ուղղակիօրէն կը կապէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, առեւտրային նոր երթուղի կը ստեղծէ Ասիայէն Եւրոպա, կը կրճատէ հեռաւորութիւնները, կը նուազեցնէ ծախսերը եւ կ’ամրապնդէ թրքական առեւտրային հզօրութիւնը», ըսաւ Ուրալօղլու: Անոր խօսքով, Երեւան եւ Պաքու արագօրէն կը շարժին կարգաւորումի ուղղութեամբ եւ խաղաղութեան հոլովոյթը ամբողջացնելէ ետք պիտի բացուի նաեւ անցակէտը: «Կարգաւորումի լուրջ հոլովոյթ մը կ’ընթանայ: Հայաստանի վարչապետը կը գուցաբերէ զգալի նախաձեռնողականութիւն եւ լուրջ վտանգներու կը դիմէ», ըսաւ թուրք նախարարը:

Այլ գիծի վրայ, Անքարայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ քսան զինուոր մահացաւ, երբ Ատրպէյճանէն թռիչք առած զինուորական բեռնատար օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Վրաստանի սահմանային շրջանին մէջ: Աւելի ուշ, երկրի նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնեց, որ կարելի եղած է գտնել «C-130 Hercules» օդանաւին սեւ տուփը եւ իսկոյն բանալ հետաքննութիւն՝ իմանալու համար արկածին պատճառները: Որպէս հաւանական վարկածներ կ’արծարծուի օդանաւին մէջ փոխադրուող զինամթերքի պայթումը, ինչպէս նաեւ արտաքին խափանարար արարքի հաւանականութիւնը:

 

ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՕՆԱԾԱՌԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄԸ՝ 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

Յառաջիկայ ամիս Հայաստան այցելողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու Ամանորեայ հսկայ տօնածառը, որ կը տեղադրուի մայրաքաղաքի կեդրոնական Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Զբօսաշրջութեան կոմիտէն յայտարարեց, որ տօնածառը լուսաւորելու հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին:

Կոմիտէի նախագահ Լուսինէ Գէորգեան քաթարցի եւ օմանցի գործընկերներուն հետ տեսակցութիւններուն ընթացքին զանոնք հրաւիրեց Հայաստան՝ ներկայ ըլլալու տօնածառի լուսաւորումի արարողութեան:

 

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն յայտարարեց, թէ 2025-ի Յունուարէն Հոկտեմբեր ժամանակահատուածին Հայաստան այցելած է 212.891 զբօսաշրջիկ, իսկ անցեալ տարի նոյն ժամանակաշրջանին այցելողներուն թիւը 205.810 էր: Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն 41 առ հարիւրը եկած են Ռուսաստանէն, 12 առ հարիւրը Վրաստանէն եւ 8 առ հարիւրը՝ Իրանէն:

 

ՎԻԶԱ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՆՈՐ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ իր երկիրը արտագաղթելու դիմումները վերլուծող եւ որոշումներ կայացնող պաշտօնեաներուն յանձնարարած է այսուհետեւ մուտքի արտօնագիր չշնորհել  այն դիմողներուն, որոնք կը տառապին որոշ հիւանդութիւններէ:

Ըստ Թրամփի որոշումին, շարք մը երկարատեւ հիւանդութիւններէ՝ ընդ որում ճարպակալութիւն, շաքարախտ եւ սրտանօթային հարցեր, տառապողները հետագային կրնան ծանր բեռ դառնալ ամերիկեան առողջապահական համակարգին համար, ուստի անհրաժեշտ է զանոնք հեռու պահել ամերիկեան հողերէն: Հետաքրքրականօրէն, Թրամփի հրահանգը կը վերաբերի ոչ միայն հիւանդներուն, այլ անոնց, որոնց ընտանիքներուն մէջ կան պարագաներ, հետեւաբար անոնք եւս հետագային ենթակայ են հիւանդութեան: Նախագահը ուստի վիզա շնորհող պաշտօնեաներուն շնորհած է այս առնչութեամբ վտանգը արժեւորելու եւ ըստ այնմորոշումներ կայացնելու յաւելեալ իրաւունք:

 

Share63Tweet40
Previous Post

LEBSPORTS-ի Հարցազրոյցը Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Միսաք Նաճարեանի Հետ

Next Post

Կրկնակի Սրբադասո՞ւմ Մը (Կոմիտաս վարդապետի երկակի սրբադասման աստուածաբանական տրամաբանութեան մասին)

Next Post
Կրկնակի Սրբադասո՞ւմ Մը (Կոմիտաս վարդապետի երկակի սրբադասման  աստուածաբանական տրամաբանութեան մասին)

Կրկնակի Սրբադասո՞ւմ Մը (Կոմիտաս վարդապետի երկակի սրբադասման աստուածաբանական տրամաբանութեան մասին)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.