Անցեալ շաբաթավերջին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին նախաձեռնութեամբ բեմ բարձարացած Վաչէ Ատրունիի ժամանակակից թատերախաղին՝ «Թռչող հայրիկը» («Երջանիկ մարդուն անցեալը կամ Անոտք թռչունը)», բեմադրութեամբ՝ Վազգէն Մուղալեանի:
Երկու արարէ բաղկացած այս «զուարճալի» ողբերգութիւնը կը շօշափէ ընտանիքի, յիշողութեան եւ յուշերու ձգած սպիները, եւ կը խոստովանի այն, ինչ որ երկար ատեն չենք համարձակած արտասանելու, թէ անտարբերութիւնը, սիրոյ բացակայութիւնը նոյնքա՛ն կործանող են, որքա՛ն մահը։
Գործողութիւնը կը ծաւալի ժամանակակից բնակարանի մը մէջ, ուր տարեց հայր մը՝ Ղուկասը, յիշողութիւնը կորսնցուցած է եւ, անակնկալօրէն անհետանալով, կը մղէ իր զաւակները՝ Գարեգինը, Սահակը եւ Անահիտը միաժամանակ դէմ առ դէմ գալու իրենց վախերուն ու շահախնդրութեանց։ Մինչ խնամատար Աստղիկը՝ տան լուռ եւ խիղճ ունեցող կինը, կը փորձէ զսպել քաոսը, կամաց-կամաց կը սկսի պարզուիլ տան մէջ տիրող մթնոլորտը, ուր խնամքը վերածուած է պարտականութեան, իսկ պարտականութիւնը՝ ձանձրոյթի, դժգոհութեան եւ ակնկալութեան։
Ղուկաս ապաստանած էր տան թթխիդը (ձեղնայարկը) իր հեքիաթը կարդալու եւ իր մտերիմ անոտք թռչուններուն հանդիպելու: Ան անհետացած չէր…
Երբ Ղուկաս կը վերադառնայ գիշերանոցով, բոպիկ, ձեռքին հին հովանոց մը եւ դատարկ ճամպրուկ մը, կը պարզուի, որ իր բացակայութիւնը խորքին մէջ աւելի փախուստ մըն էր ոչ թէ տունէն, այլ՝ ներկայի ցաւոտ իրականութենէն։ Ան կը խօսի մանկութեան հեքիաթի մը մասին՝ անոտք թռչունին, թռչուն մը որ ոտք չունի եւ կը պտըտի երկինքին մէջ՝ առանց երբե՛ք իջնելու։ Այդ պատկերով կը բացատրուի ամբողջ թատերախաղին ներքին հանգոյցը․ մարդը որ սկսած է մոռնալ, դադրած է պատկանելէ այս աշխարհին, բայց դեռ կը սիրէ… Սալբին՝ կինը անմոռաց յուշարար է անկեղծ սիրոյ:

Ատրունի այս թատերախաղը կը կառուցէ հակադրութիւններով։ Այն ինչ որ դուրսէն ծիծաղելի է՝ խորքին մէջ ողբերգական է։ Ողբերգականն ու կատակերգականը կը փոխարինեն զիրար՝ առանց մէկը միւսը ջնջելու: Թէեւ բեմին վրայ յաճախ կը լսուին վիճաբանութիւններ ժառանգութեան, ստորագրութիւններու եւ օրէնքի շուրջ, իրական բեմը անոնց խղճին մէջ է։ Անոնք կը խօսին բարեկեցութեան եւ պատիւի մասին, բայց մոռցած են ամէնէն պարզ իրողութիւնը՝ մարդուն հոգին կը ծերանայ ոչ միայն տարիքով, այլեւ անտարբերութենէ։ Հանդիսատեսը կը ծիծաղի անկաշկանդ, ապա կը լռէ, որովհետեւ ականատես կը դառնայ այնպիսի պահերու, ուր կեանքը կը բացայայտուի իր լուռ դաժանութեամբ:
Առաջին վայրկեանէն հանդիսատեսը կը թափանցէ Ղուկասի դիւրաբեկ իրականութեան մէջ։ Յիշողութեան կորուստէ տառապող Ղուկասը կը ճեմէ իր ներքին աշխարհին եւ արտաքին իրականութեան միջեւ։ Հայզաւակ Լեփեճեան կը փոխանցէ Ղուկասին դիւրաբեկութիւնը՝ լուռ եւ չափաւոր խաղարկութեամբ, առանց կեղծ զգացականութեան։ Հայզաւակ Լեփեճեան նաեւ լռութեան ձայնը կը փոխանցէ։ Վրիպող հայեացքները եւ վարանոտ, թարթող ժպիտները կը դրսեւորեն ալզհայմըր հիւանդութեան աստիճանական եւ անկասելի զարգացումը։ Թէեւ պատմութիւնը առաւելաբար ծանր է, ծիծաղը բնական կերպով մուտք կը գործէ բեմ։ Նոյնիսկ Ղուկասին տրամադրութեան յանկարծակի փոփոխութիւնները եւ որոշ թիւրիմացութիւնները ծիծաղ կը յարուցեն, որ սակայն ինքնանպատակ չէ․ ան ներկայ է, որովհետեւ կեանքին մէջ նոյնքա՛ն կարելի է ծիծաղիլ, որքա՛ն տխրիլ։
Մինչ Ղուկաս կը տառապի յիշողութեան վերիվայրումներէ, զաւակները այլ մտահոգութիւններ ունին։ Գարեգինը (Եղիկ Աւետիքեան), Սահակը (Յարութ Թորոսեան) եւ Անահիտը (Թալին Չագմաքճեան) կը սիրեն իրենց հայրը, բայց կը խեղդեն զինք խնամքի, պարտականութեան, ժառանգի եւ անձնական շահերու մէջ։ Ղուկասին շուրջ ընտանիքը կը փորձէ պահել իր հաւասարակշռութիւնը։ Սկզբնական հոգատարութիւնն ու սէրը կը փոխարինուին գործնական մտահոգութիւններով։ Քննարկումներ կ’ընթանան ծերանոց փոխադրելու եւ ժառանգը չկորսնցնելու մասին: Հանդիսատեսին կը փոխանցուի գլխաւոր հարցադրումը, թէ հօր կամ ընդհանրապէս ծնողքին խնամքը պարտականութի՞ւն է, պարտաւորութիւ՞ն, թէ՞ սիրոյ վերջին արտայատութիւն:
Երբ Աստղիկ՝ Ճէսի Նաճարեան Պէրպէրեան, վերջապէս կը խօսի ճշմարտութիւնը, հանդիսատեսը կը մնայ սառած անոր արտայայտած պարզ ճշմարտութեան առջեւ։ Այդ պահուն հանդիսատեսը կը գիտակցի, որ թէեւ զաւակները մտահոգ են միայն ժառանգով, որովհետեւ իրենց հայրը զայն կտակած էր կենդանիներու, կը փորձէին համոզել մեզ, թէ իրենք նաեւ լաւ զաւակներ են։

Սահակ՝ Յարութ Թորոսեան, իր փորձառու եւ անմիջական խաղարկութեամբ հանդիսացաւ ներկաներու ծիծաղին հիմնական աղբիւրը։ Այդ ծիծաղը ինքնանպատակ չէր․ ան շնչելու ճեղք մը կը բանար որ ներկաները դիմանան ճնշող իրականութեան։ Թալին Չագմաքճեան, որ կը մարմնաւորէր Անահիտը, բնական եւ զուսպ ներկայութեամբ կը պահէր բեմին ներքին հաւասարակշռութիւնը։ Իսկ փաստաբանը՝ Մորիսը (Սմբատ Ղազէլեան), թէեւ հազուադէպ կ՚երեւէր, բայց կը մնայ խորհրդանիշ՝ օրէնքի կտրուկ եւ անտարբեր զօրութեան։
Բաւական ուշագրաւ էր Ճէսի Նաճարեան Պէրպէրեանի խաղարկութիւնը, որ թէ՛ զգացական պահերու եւ թէ՛ երբեմն իր խիստ ու յաճախ շաղակրատ ներկայութեամբ դարձած էր թատերախաղին առանցքը։ Եղիկ Աւետիքեան նոր շերտ մը կ’աւելցնէր իր խաղարկութեան մէջ՝ տարուէ-տարի ամրապնդելով իր դերասանական ինքնութիւնը։
Հրակ Մամիկոնեանը կարելի չէ արժեւորել շատ արագ անցնող առաքողի իր դերով: Հրակը պիտի գնահատենք իր բեմավարի աշխատանքով, որ լաւապէս կատարեց:
Անշուշտ այս բոլորին ղեկը բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեանն էր, որ լիբանանահայ բեմը կը հարստացնէր նոր իրագործումով մը:
Երբեմն ներկայացման կշռոյթը կը դանդաղէր՝ հաւանօրէն թատերախաղին քիչ մը երկար երկխօսութիւններուն պատճառով: Նշմարելի էր նաեւ, որ թէեւ պատմութիւնը կը տարածուէր քանի մը օրերու վրայ, զգեստները մնացին նոյնը. մանրամասնութիւն մը…։ Լուսաւորումը անթերի էր, իսկ երաժշտութիւնը կը ծառայէր պատումին՝ առանց ուշադրութեան կեդրոն դառնալու։ Ստեղծագործական ուշագրաւ լուծում մըն էր Ղուկասին ամպերէն վեր դէպի «անոտք թռչուններուն» աշխարհ սլանալու տեսագրական գիւտը։
Վարագոյրը փակուելէ ետք, հանդիսատեսը իր հետ տարաւ երկու մտածում. երբեմն մարդը կը կորսնցնենք շատ աւելի առաջ, քան՝ անոր ֆիզիքական բացակայութիւնը, իսկ երբ բառերը խամրին՝ սէրը կը մնայ։
Այս առիթով մեր գնահատանքի խօսքը կ’ուղղենք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին՝ անոր անկեղծ յանձնառութեան, որ տագնապալի այս օրերուն յանձն առած էր բեմ հանելու նման աշխատանք մը, որ կը պահանջէր ոչ միայն հմտութիւն, այլ նաեւ խիզախութիւն ու հաւատք ապագային նկատմամբ:
Յատուկ շնորհակալութիւն բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեանին, որ այս այժմէական, նուրբ եւ բարդ նիւթը վերածած էր մարդկային, յուզիչ եւ կենսունակ ներկայացման։ Դերասանական խումբին հանդէպ ցուցաբերած անոր վստահութիւնը եւ իր գեղարուեստական նրբազգացութիւնը շօշափելի էին ամբողջ ներկայացման ընթացքին։
«Տարբերակ 21»

