Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնը

Բրշն. Տ. Նշան Սրկ. Հաննէշեան

November 11, 2025
in Գաղութային
0
Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնը

Շաբաթ, 8 Նոյեմբերի առաւօտեան, Զմմառու մայրավանքի «Փոխման Ս. Կուսի» մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը, առընթերակայութեամբ գեր.Կարապետ վրդ. Գլընճեանի եւ գեր. Վարդան վրդ. Ճալլուֆեանի։

Պատարագի ընթացքին երեք ժառանգաւորներ` Պօղոս Էմիշեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան ստացան դպրութեան կարգը, իսկ Պօղոս Էմիշեան Կիսասարկաւագութեան տուչութիւնը եւս։

Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ եղբայրսիրութեան եւ այդ ոգիով հաղորդութեան մօտենալու անհրաժեշտութեան վրայ։

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, ընծայարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ։

Ժառանգաւորները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։

Ընծայարանի քայլերգ «Օն Դու ակումբ»ը եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականը հնչեցուցին սաները, ղեկավարութեամ բարեշնորհ Նշան սրկ. Հաննէշեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Ժամկոչեան։

«Տիրոջ կամքով» ստեղծագործութիւնը` Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ ունկնդրուեցաւ։

Ապա ընծայարանի վերակացու Հ. Կարապետ վրդ. Գլընճեան իր սրտին խօսքը արտասանեց՝ ըսելով. «Սիրելի նորընծաներ եւ ժառանգաւորներ, դուք

պէտք չէ բաւարարուիք եւ հպարտանաք ձեր արձանագրած յառաջընթացով, այլ ընդհակառակը` այս բոլորը նոր սկիզբ եւ նոր մեկնակէտ պէտք է ըլլայ ձեր ապագայ ծրագրերու իրագործման։ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան լաւագոյն օրինակը պէտք է հանդիսանայ ձեզի, որովհետեւ ան մեծ նուիրումով, Քրիստոսասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ, նոյնիսկ անձնազոհութեամբ դարձաւ Միաբանութեան դափնին։

Ան իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ Զմմառեան սկզբունքներուն եւ գաղափարականին, որուն պտուղները այսօր իսկ կը քաղենք»։

Հայր Սուրբը խօսքի աւարտին ըսաւ. «Որպէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբաններ, համայն աշխարհի աչքերուն առաջ` 19 Հոկտեմբերին, մենք զմեզ խոյացած զգացինք»։

Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր գերպծռ. Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթէրեան, ըսելով. «Այսօր Դպրեվանքի տօնը առիթ մըն է, որ մեր բերկրանքն ու հրճուանքը արտայայտենք եւ ըսենք` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանները պատմութեան ընթացքին բազում-բազմապիսի սխրանքներ գործած են, որոնք պսակուեցան Մալոյեանի սրբադասմամբ։ Թող Սուրբին պանծալի օրինակը ձեր գաղափարականը դառնայ եւ անոր ուղիով հունաւորէք ձեր ապագայ առաքելութիւնը»։

Մեծաւոր հայրը խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այժմ թոյլ տուէք շնորհաւորեմ Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ անուանակոչութիւնը, թող անսասան մնայ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական գահը։ Կը շնորհաւորեմ Դպրեվանքի տօնը, որ տարին անգամ մը մեզ կը համախմբէ իր յարկին տակ` յիշեցնելով մեզի մեր ուսումնական տարիները եւ այժմու նորընծաներն ու ժառանգաւորները խրախուսելով հաստատ մնալու իրենց կոչման մէջ։ Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Միքայէլ, Գաբրիէլ, Ռաֆայէլ, Քերովբէ եւ Սերովբէ հրեշտակներուն անունները։ Թող ամէն տարի նմանօրինակ բարի եւ հաճելի անակնկալներով լի անուանակոչութիւններ նշենք` ի փառս Հայ եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն Զմմառու վանքին»։

Այնուհետեւ, Սօսէ Փիլաւճեանի խմբագրած «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 45-ամեակի բացառիկ թիւի գինեձօնը եւ օրուան կարկանդակի հատումը տեղի ունեցաւ, ձեռամբ ամեն. եւ գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ, Մեծաւոր հօր եւ վանքի վարչական հայրերուն։

Հոգեւոր Տիրոջ հայրապետական յորդորներով, թելադրութիւններով եւ աղօթքով լրումին հասաւ տօնակատարութիւնը։

Share63Tweet39
Previous Post

Նոր Լոյսեր Նոր Հաճընի Մէջ

Next Post

«Թռչող Հայրիկը». Ողբերգական Ու Զուարճալի Ճամբորդութիւն Մը Յիշողութեան Մէջ

Next Post
«Թռչող Հայրիկը». Ողբերգական Ու Զուարճալի Ճամբորդութիւն Մը Յիշողութեան Մէջ

«Թռչող Հայրիկը». Ողբերգական Ու Զուարճալի Ճամբորդութիւն Մը Յիշողութեան Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.