Նոր Հաճըն թաղամասը նոր շունչ ստացաւ շնորհիւ Ս.Դ.Հ.Կ. «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի եւ Պէյրութի քաղաքապետարանի անդամ Յովհաննէս Պչաքճեանի համատեղ ջանքերուն։ Երէկ ամբողջ օրը տեւած աշխատանքներու ընթացքին վերանորոգուեցաւ թաղամասի լուսաւորման ամբողջ ցանցը՝ գիշերային Նոր Հաճընը դարձնելու աւելի ապահով, տեսանելի։
Այս նախաձեռնութիւնը համայնքին սպասած դրական քայլերէն մէկն էր։ Բնակիչները երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան թէ՛ մասնաճիւղի նուիրեալներուն, թէ՛ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչին հանդէպ՝ գնահատելով անոնց գործնական հոգատարութիւնը։
Յովհաննէս Պչաքճեանի հետեւողական հսկողութիւնը եւ «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի կազմակերպուած աշխատանքային ոգին դարձան լաւագոյն օրինակ, թէ ինչպէս համախմբուած կամքով կարելի է բարեզարդել մեր թաղերը։
Նոր Հաճընը այս օրերուն աւելի պայծառ է ոչ միայն իր փողոցներով, այլ նաեւ իր ղեկավարներուն նախաձեռնող ոգիով։

