Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ի՞նչ Լուր Պաղտատէն, Ի՞նչ Լուր Իրաքահայութենէն…

 Լ. Շ.

November 11, 2025
in Յօդուածներ
0
Ի՞նչ Լուր Պաղտատէն, Ի՞նչ Լուր Իրաքահայութենէն…

Պաղտատ…: Տիգրիսի յաւերժական հարսը: Ապպասեան խալիfաներու պատմական մայրաքաղաքը: Միջագետքի երբեմնի շէն ոստանը:

Օ՜, ամէն անգամ որ Պաղտատի անունը հնչէ, ես կը մտաբերեմ իրաքահայ երեւելի դէմքերու երկա՜ր շղթայ մը: Կը յիշեմ տոքթ. Գրիգոր Աստարճեանը, որ արաբական պատմութիւնն ու գրականութիւնը ծանօթացուցած էր մեզի հայերէն հաստափոր զոյգ հատորներով: Կը յիշեմ արձակագիր Լեւոն Շահոյեանը, որուն «Տիգրիսի ափին» գիրքը (1967) կը յամենայ գրադարանիս մէջ: Կը յիշեմ գրագէտ Լեւոն Գարմէնը, գրասէր Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեանը (որուն բազմաթիւ յօդուածները ցրուած կը մնան Նիv Եորքի երբեմնի «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթի հաւաքածոներուն մէջ), ազգային գործիչ տոքթ. Հասրաթ Միքայէլեանը, պատմագիր տոքթ. Վեհունի Մինասեանը ու տակաւին՝ Ասողիկ եւ Աւագ սրբազանները, որբերու եւ գաղթականներու հոգատար դէմք՝ Լեւոն փաշա Շաղոյեանը եւ ուրիշներ:

Ի՞նչ մնաց այս բոլորէն:

Ունէինք այնտեղ հնադարեան գաղութ մը, որ իսկապէս բարգաւաճ էր 1950-ականներուն: Սակայն 1960-ականներուն երկիրը սկսաւ անկայունանալ՝ իրերայաջորդ զինուորական յեղաշրջումներով: 1970-ին, ԱՆՉԱ-ի ընծայած դիւրութիւններով հարիւրաւոր իրաքահայեր Պէյրութի վրայով Ամերիկա գաղթեցին…: Գաղութը տկարացաւ: Վրայ հասաւ 80-ականներու Իրան-Իրաք պատերազը, որ ութ տարի իր անդոհանքին ներքեւ պահեց գաղութը ու խլեց անկէ հարիւրէ աւելի հայ զինուորագրեալներ: Ծոցի 1990-ի պատերազմը (երբ իրաքեան բանակը ներխուժեց Քուէյթ) նոր մտահոգութիւններու եւ գաղթերու դուռ բացաւ: Աւելի ուշ Սատտամի վարչակարգին տապալումը (2003), գաղութարար արեւմտեան օտար ուժերու ներխուժումը, համայնքային երկպառակութեանց աճումը, ճնշիչ անապահովութիւնը (ռմբահարումներ, սպանութիւններ, առեւանգումներ…) տակնուվրայ ըրին Պաղտատը, գրեթէ գեհենի վերածեցին զայն: Արտագաղթը շարունակուեցաւ մե՜ծ թափով…:

Այդ օրերուն, Պաղտատի հայութեան մասին սակաւաթիւ լուրեր կը հասնէին արտասահման: Իրաք բնակող երկու-երեք ազգային դէմքեր, պարբերաբար, ձանձրոյթը յանձն կ՛առնէին ներքին կարեւոր իրադարձութիւններու վերաբերեալ լուսաբանելու սփիւռքեան թերթերը, ամփոփ տեղեկագրեր յղելու անոնց:

Այսօր, տարիներ անց, Պաղտատ խաղաղած է անշուշտ որոշ չափով, հայ ազգային կեանքը վերականգնումի ճիգեր կ՛ընէ, սակայն առկայ է լրատուութեան լուրջ պակաս: Դուք, ամբողջ տարին, քանի՞ փշուր լուր կը կարդաք Իրաքի հայութեան մասին սփիւռքեան մամուլի էջերուն վրայ: Գրեթէ ոչի՛նչ:

Է՜ր երբեմն, Պաղտատն ալ ունէր իր սեփական հայ լրագիրը՝ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթը, որ հրատարակուեցաւ 1948-1954, այնուհետեւ՝ քանի մը ամիս ալ 1958-ին: Յետոյ իրաքահայութիւնը ստիպողաբար զրկուեցաւ մամուլէ: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան «Ազդակ»–ի 1989-ի ամանորեան բացառիկին մէջ տուած էր ամբողջական ցուցակը արտասահմանի այդ օրերու հայ մամուլին, բայց Իրաքը չկար այնտեղ: Կը նշանակէ թէ 35 տարի առաջ ալ հայերէն պարբերականներ չունէինք Իրաքի մէջ: Կացութիւնը համանման է այսօ՛ր եւս:

Կրցանք ստուգել այնուամենայնիւ, թէ Պաղտատի ազգ. առաջնորդարանը «Կանթեղ» անունով եռամսեայ լրատու պարբերական մը լոյս ընծայեր է 2000-ական թուականներուն, շուրջ տասնամեակ մը: Անկէ առաջ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Իրաքի մասնաճիւղն ալ, 80-ականներէն սկսեալ, երկար ատեն հրատարակած է «Միութեան Ձայնը» անունով իր լրատուն, Օշական քհնյ. Գլըճեանի ու Յակոբ Գնաճեանի խմբագրութեամբ:

Այսօր համացանցը օգնութեան կը հասնի մեզի:

Անցեալները խուզարկեցի Իրաքի ազգ. առաջնորդարանի կայքէջը՝ լուրեր, տեղեկութիւններ քաղելու նպատակաւ: Զանազան ստորաբաժանումներով՝ օրինակելի կայք մըն է ան, սակայն հոն տեղադրուած լուրերը թէ՛ սակաւ են, թէ՛ չափազանց համառօտ: Երանի՜ թէ վերաթարմացուի, աշխուժանայ այս կայքը ու  արտասահմանցիներուս համար դառնայ իրաքահայ լուրերու մնայուն աղբիւր մը…: Մենք կը փափաքինք հոն տեսնել գաղութին մէջ գործող բոլոր միութեանց (Հ.Բ.Ը.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ., Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւն, Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմ եւ այլն) արձագանգները:

Վերոնշեալ կայքէջէն կ՛իմանանք, թէ ներկայիս Իրաքի տարածքին գո՛նէ եկեղեցական կեանքը բաւական աշխոյժ է: Պաղտատէն զատ՝  եկեղեցիներ կը գործեն Տհոքի, Քերքուկի, Էրպիլի, Զախոյի, Պասրայի, ինչպէս նաեւ հիւսիսային գօտիի հայաբնակ երկու գիւղերուն՝ Հաւրէզքի ու Աւզրուկի մէջ: Մուսուլի եկեղեցին կիսաքանդ է ու չի գործեր: Կայ հայկական մէկ ամէնօրեայ վարժարան՝ ի Պաղտատ, սակաւաթիւ աշակերտներով (մանկապարտէզ ու նախակրթարան): Կը գործեն քանի մը մարզական, երիտասարդական կամ բարեգործական միութիւններ: 2022-էն իվեր թեմը ունի նոր առաջնորդ մը, որ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանն է, ծնունդով՝ լիբանանահայ:

Ստորեւ կը կատարեմ քաղուածք մը առաջնորդարանի կայքէջի այն լուրերէն, որոնք կը վերաբերին Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն:

—  ԶԱԽՈՅԻ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Օգոստոս 31-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին, առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան ընթերցած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կոնդակը, որով լանչախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհուէր տեղւոյն հովիւ Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանին: Այնուհետեւ, սրբազան հայրը «Օրհնութեան ու գնահատանքի գիր» մըն ալ յանձնած է եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարիչներ տիկ. Պէաթրիս Ներսէսեանին եւ օրդ. Քնարիկ Սեդրակեանին, առ ի գնահատումն անոնց եկեղեցանուէր ծառայութեան:

— ԷՐՊԻԼԻ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Սեպտեմբեր 14-ին, նշուած է Խաչվերացը: Ս. Պատարագ մատուցած է առաջնորդ Օշական սրբազան, իր կողքին ունենալով Էրպիլի, Տհոքի եւ Զախոյի հոգեւոր հովիւները: Եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած է Անդաստանի արարողութիւն եւ ռեհանի օրհնութիւն: Այս տպաւորիչ արարողութեանց ներկայ գտնուած են քոյր եկեղեցիներէ հոգեւորականներ, Էրպիլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսը՝ ՌաՖայէլ Մովսիսեան, ինչպէս նաեւ շրջաններէ եկած համայնքային գործիչներ:

—ՊԱՂՏԱՏԻ հայոց ազգ. երկսեռ վարժարանի մանկապարտէզի ու նախակրթարանի զոյգ բաժիններուն աւարտական հանդէսը կայացած է Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ, Սեպտեմբեր 26-ին: Երեխաներն ու պատանիները ոգեւորիչ տողանցում մը կատարած են բեմին վրայ՝ երգերով, պարերով, նուագով ու արտասանութեամբ (չէ նշուած, թէ շրջանաւարտները քանի՞ հոգի էին, կամ դպրոցը ընդհանուր քանի՞ աշակերտ ունի ներկայիս):

—ՏՀՈՔԻ Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 17-րդ տարեդարձին առիթով՝ քաղաք այցելած է առաջնորդ Օշական սրբազան: Հոկտեմբեր 11-ին մատուցուած պատարագի ընթացքին օրհնուած են վերջերս եկեղեցիին նուիրուած երկու խաչվառներ (եկեղեցական դրօշակ): Արարողութեան հիւրաբար ներկայ եղած են ասորի եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր: Օր մը առաջ ալ, Հոկտեմբեր 10-ին, Թարգմանչաց տօնին առթիւ, սրբազան հայրը դպրութեան աստիճան շնորհած է ինը երգեցիկ պատանիներու ու անոնց յանձնած համապատասխան վկայականներ:

—ՀԱՒՐԷԶՔ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 25-ին, իրաքահայոց առաջնորդ Օշական սրբազան կատարած է դպրական շապիկներու օրհնութեան արարողութիւն մը: Այս առթիւ պատարագ մատուցած է Յակոբոս քհնյ. Իսահակեան: Ներկայ եղած են աշակերտներ, որոնց դպրոցական պայուսակներ բաշխուած են տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ:

Share63Tweet40
Previous Post

«Արարատ»-Ի 88-Ամեակի Տօնախմբումը

Next Post

Նոր Լոյսեր Նոր Հաճընի Մէջ

Next Post
Նոր Լոյսեր Նոր Հաճընի Մէջ

Նոր Լոյսեր Նոր Հաճընի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.