Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Արարատ»-Ի 88-Ամեակի Տօնախմբումը

November 11, 2025
in Գաղութային
0
«Արարատ»-Ի 88-Ամեակի Տօնախմբումը

7 Նոյեմբերի երեկոյեան, խմբագրատան մէջ նշուեցաւ հայ մամուլի անխափան ջահակիր «Արարատ»ի 88-րդ տարեդարձը: Սրահը լեցուն էր ջերմութեամբ ու սփիւռքեան մամուլի հանդէպ հաւատարմութեան շունչով։ Բազմաշատ էին ներկաները՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամով, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը իր ատենապետով եւ գրեթէ ամբողջ կազմով, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներով։ Ներկայ էին նաեւ Տ.Ու.Ե.Մ., Հ.Մ.Մ., Ն.Ս.Մ.Մ. եւ Հ.Կ.Բ.Մ. միութիւններու պատուիրակներ, յօդուածագիրներ, աշխատակիցներ, որոնք միասնաբար հաւաքուած էին նշելու հնչակեան մամուլի պաշտօնաթերթ «Արարատ»-ի 88-ամեայ յոբելեանը։

Ջերմ բարի գալուստով երեկոյի բացումը կատարեց մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը։ Այնուհետեւ, «Արարատ»ի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեան արտասանեց իր սրտաբուխ խօսքը՝ գծագրելով թերթի ութսունութ տարիներու ճանապարհը։ Ան յիշեց հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը անընդհատ պայքարի ու նուիրումի տարիները՝ շեշտելով որ «Արարատ»-ը գոյատեւած է միշտ այն «խենթերուն» շնորհիւ, որոնք ծառայած են մամուլին իբրեւ կամաւորներ՝ սիրայօժար եւ հաւատքով։

Ընկեր Ճէրէճեան «Արարատ»-ը նմանցուց այն մակոյկին, որ կը թիաւարէ ալեկոծ ովկիանոսի մէջ՝ համեստ միջոցներով, բայց անսասան կամքով։ Իր խօսքին ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիմնադիր խմբագիրներուն, հին ու նոր աշխատակիցներուն, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմինին, մամլոյ դիւանապետին, պաշտօնէութեան, ցրուիչներուն, յօդուածագիրներուն եւ յատկապէս հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք կը շարունակեն կենդանի պահել թերթին բուն ոգին։

Ուրախ մթնոլորտի մէջ, ընկեր Ճէրէճեանի հետ միասին, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարջութեան անդամ ընկեր Ալեք Քէօշկէրեան եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեան, կատարեցին տարեդարձի կարկանդակի հատման արարողութիւնը՝ խորհրդանշելով վերազարթօնքն ու շարունակական ծառայութեան խոստումը։

Աւարտին, հիւրասիրութեան եւ սուրճի շուրջ շարունակուեցան մտերմիկ զրոյցներ, յուշեր եւ հին օրերու պատմութիւններ։ Բոլորը կը կիսէին նոյն զգացումը՝ հպարտութիւն եւ պարտաւորութիւն՝ շարունակելու այն լոյսը, որ ութսունութ տարի առաջ վառեցաւ «Արարատ»-ի էջերուն մէջ եւ մինչեւ այսօր կը լուսաւորէ ընդհանրապէս սփիւռքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքը։

Share66Tweet42
Previous Post

Լուրեր. 11 Նոյեմբեր 2025

Next Post

Ի՞նչ Լուր Պաղտատէն, Ի՞նչ Լուր Իրաքահայութենէն…

Next Post
Ի՞նչ Լուր Պաղտատէն, Ի՞նչ Լուր Իրաքահայութենէն…

Ի՞նչ Լուր Պաղտատէն, Ի՞նչ Լուր Իրաքահայութենէն…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.