ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ
Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի նախարարութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ու ելեւմտական հեախուզութեան հարցերով տեղակալ Ճոն Հըրլի յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներէն պահանջած է վերջ տալ Հըզպալլայի միջոցաւ Իրանի գործունէութեանց, վստահեցնելով որ Ուաշինկթըն լրջօրէն մտադրած է կանխել Հըզպալլայի ֆինանսաւորման խողովակները:
«Ֆրանս փրէս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անցնող օրերուն Լիբանան այցելած ամերիկեան ելեւմտական պատուիրակութիւնը լիբանանցի պաշտօնատարներէն պահանջած է լուրջ պայքար մղել դրամի լուացումի երեւոյթին դէմ: Ըստ գործակալութեան, ամերիկեան պատուիրակութիւնը լիբանանցիներէն մինչեւ տարեվերջ կ’ակնկալէ ոչ թէ խօսքեր, այլ գործնական եւ ազդեցիկ քայլեր, որոնք կը ներառեն Հըզպալլայի դրամատան՝ «Քարտ էլ-Հասանի» փակումը: Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ամերիկեան պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն հաւաստիացուցած էր, որ Լիբանան կը պայքարի դրամական ոճիրներուն դէմ եւ կը կանխէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը:
Արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսար ժխտեց, որ ամերիկացիները Պէյրութի իշխանութիւններէն պահանջած ըլլան որեւէ քայլերու ձեռնարկել Հըզպալլայի զէնքին վերաբերեալ: «Անոնք կը հաւատան, որ Լիբանանի պետութիւնը իրաւունք ունի վերատիրանալու իր հեղինակութեան՝ ներառեալ զէնքի մենաշնորհը», ըսաւ Նասսար: Անոր համաձայն, Լիբանան կը վերատիրանայ իր դերակատարութեան եւ կառավարութեան որոշումները հիմնուած են ազգային շահերուն եւ բարեկամ պետութիւններուն հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու մշակումին վրայ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանի զանազան շրջաններ: Բանակին բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ նշեց, որ օդուժը Լիբանանի հարաւային շրջանին եւ Պեքաայի մէջ ռմբակոծած է Հըզպալլայի դիրքեր, ուրկէ հրթիռներ արձակուած էին իսրայէլեան դիրքերուն ուղղութեամբ: Իսկ Նապաթիէի մէջ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց Հըզպալլայի ռազմավարական զէնքերու արտադրութեան ենթակառոյց մը թիրախաւորելու մասին:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Իսրայէլ կը ճնշէ լիբանանեան բանակին վրայ, որպէսզի աւելի խիստ գործադրէ Հըզպալլան ապազինելու ծրագիրը: Իսկ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իրենք կը մտադրեն զիմնադադարի գործադրութիւնը «երկաթեայ բռունցքով» պարտադրել Լիբանանի եւ Կազայի սահմանին վրայ:
ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ Կ’ՈՒԶԷ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն տեսակցեցաւ իր պուլկարացի պաշտօնակից Ռումըն Ռատեւի հետ, քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Պուլկարացի նախագահը մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց զարգացնելու Լիբանանի հետ գործընկերութիւնը եւ օժանդակելու Միջին Արեւելքի անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդումի ջանքերուն:

«Մեր յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ եւ պիտի պատուի Պուլկարիան Լիբանանին կապող օդային ուղիղ երթուղի», ըսաւ պուլկարացի նախագահը: «Ֆրանս փրէս» գործակալութիւնը մինչ այդ հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ դատական իշխանութիւնները յետաձգած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետ առնչուած նաւուն սեփականատէրը արտայանձնելու մասին լիբանանեան դիմումին քննարկումը: Սոֆիա Պէյրութէն երաշխիքներ պահանջած է, որ մահապատիժի դատավճիռ պիտի չարձակուի ռուսական եւ կիպրական քաղաքացիութիւն կրող Իկոր Կրեչուշքինի նկատմամբ:
ԱՆՊԱՐԿԵՇՏ ՏԵՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը որոշած է յատուկ յանձնախումբ մը կազմել՝ ուսումնասիրելու համար Արշակ արք. Խաչատուրեանին վերագրուող անպարկեշտ բովանդակութեամբ տեսանիւթերը եւ յանգելու համապատասխան եզրակացութիւններու:

Յիշեցնենք, որ քանի մը շաբաթ առաջ համացանցի վրայ տարածուած էին Արշակ արք. Խաչատուրեանին վերագրուող եւ սեռային անպարկեշտ պատկերներ ներառող տեսանիւթեր, որոնք մեծ աղմուկ յառաջացուցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քհնյ. Արթենեան միաժամանակ ժխտեց Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականին եւ Արշակ սրբազանին կարգալուծութեան պահանջին վերաբերող մամուլին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնները:
ՇՈՒՏՈՎ՝ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանին ու Սերժ Սարգսեանին: Ան վերահաստատեց, որ Արցախի հարցը յայտնի ուժերու համար եղած է թոկ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մօտակայ ծառէն կապելու համար:

«Ժողովուրդին իրաւունքները, պատմական արդարութիւնը եւ նման եզրոյթներ ընդամէնը եղած են գլխաւոր նպատակը ծածկելու միջոցներ», շեշտեց Փաշինեան: Ան խոստացաւ մինչեւ տարեվերջ հրապարակել նախկին նախագահներու օրերէն մնացած բանակցային փաստաթուղթերը, որպէսզի աւելի տեսանելի դառնայ իրականութիւնը:
ԱՆՔԱՐԱ-ՊԱՔՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒՄ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթին Անքարա կը հետեւի լիովին համակարգելով Ատրպէյճանի հետ: «Յաղթանակէն ետք, խաղաղութեան քամի կը փչէ եւ մենք անկեղծօրէն ուրախ ենք անոր համար: Հայաստանի հետ կարգաւորումին հոլովոյթը մենք կը գործադրենք Ատրպէյճանի հետ լիովին համակարգուած», յայտնեց Էրտողան:
ՀԱՆԻՊԱԼ ՔԱԶԶԱՖԻ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԱԶԱՏ Է
Տասը տարուայ բանտարկութենէն ետք, երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու արգելավայրէն ազատ արձրակուեցաւ Լիպիոյ նախկին նախագահ Մուամմար Քազզաֆիի 5-րդ որդին՝ Հանիպալ Քազզաֆին, որ կալանաւորուած էր իմամ Մուսա Սատրի եւ անոր ընկերակիցներու անհետացումին հետ կապուած տեղեկութիւնները պահելու յանցանքով: Ազատ արձակումին դիմաց, Քազզաֆի վճարեց 893 հազար տոլարի գրաւ մը:

