Վերջին շաբաթներուն մեր խմբագրատան գրադարանը դարձած է հաճելի հանդիպման վայր մը նոր հրատարակութիւններու համար։ Տպաւորիչ է հայ հեղինակներու եւ հրատարակիչներու անսպառ նուիրումը, որ կրկին կենդանութիւն կը բերէ մշակութային կեանքին մէջ։ Անցեալ երկու ամիսներուն մեզի հասած գիրքերն ու պարբերաթերթերը սիրով կը ներկայացնենք ստորեւ՝ իբրեւ շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խոստովանութիւն։
1) «Բաժակ մը սէր», հեղինակ՝ Համբիկ Մարտիրոսեան, Պէյրութ – 2025: 140 էջ: Բանաստեղծութիւններ Անի Փէհլիվանեան-Սարգիսեանի էջադրութեամբ:
2) «Նոր Հայերգութիւն», հեղինակ՝ Համբիկ Մարտիրոսեան, Պէյրութ – 2025: Բանաստեղծութիւններ 139 էջով: Էջադրումը՝ Անի Փէհլիվանեան-Սարգիսեանի:
3) «Կեանք ու կարօտ, արցունք ու սէր», հեղինակ՝ Համբիկ Մարտիրոսեան, Պէյրութ – 2025: 156 էջ: Էջադրումը՝ Անի Փէհլիվանեան-Սարգիսեանի:
4) «Հայ մասնագէտները, հրթիռները եւ անջրպետը. Հայկազեանի հրթիռները (1961-1969)», հեղինակ՝ Յարութ Չէքիճեան, Պէյրութ 2025, Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատուն:
5) «Ֆաքիհի մը ճամբորդութիւնը», հեղինակ՝ Թադէոս Ի. Եսայեան, Երեւան – 2025: Վիպակ, 64 էջ:
6) «Թռիչքներ», հեղինակ՝ Թադէոս Ի. Եսայեան, Երեւան – 2024: Բանաստեծութիւններ, 175 էջ: Խմբագիր՝ Շաքէ Մանկասարեան:

7) «Գեղամ եւ Արփիկ», հեղինակ՝ Թադէոս Ի. Եսայեան, Երեւան – 2023: Թատրերգութիւն, 55 էջ: Խմբագիր՝ Վահագն Սարգսեան, համակարգչային ձեւաւորումներ՝ Կարինէ Դաւթեան եւ Մելինէ Ղարախանեան:
8) «Ընտրանի բերքահաւաք», հեղինակ՝ Թադէոս Ի. Եսայեան, Երեւան – 2022: Բանաստեծութիւններ, 248 էջ: Խմբագիր՝ Շաքէ Մանկասարեան, էջադրում եւ շապիկի ձեւաւորում՝ Աննա Կուրղինեան:
9) «Պարզ ու տաքուկ բառերով», հեղինակ՝ Թադէոս Ի. Եսայեան, Երեւան – 2021: Բանաստեծութիւններ, 154 էջ: Խմբագիր՝ Արքմենիկ Նիկողոսեան, Էջադրում եւ կողքի ձեւաւորում՝ Մեղրի Շամմասեան:
10) «Հասկ», Պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Թիւ 5-6, Մայիս-Յունիս, 2025: 330 էջ:
11) «Մեր օրերի կանչը», հեղինակ՝ Ռուբէն Յովակիմեան, Փարիզ-Երեւան – 2025: Բանաստեծութիւններ, 121 էջ: Խմբագրում-սրբագրումը՝ Շաքէ Մանկասարեանի եւ Արմենակ Եղիայեանի:
12) «Զգոյշ», առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ հրատարակչութիւն՝ ԱՖՀԻԼի, ԺԱ տարի, թիւ 3, Հոկտեմբեր 2025: 62 էջ:
13) «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք», Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն: Պատկերազարդ, 144 էջ: Շարադրութիւն՝ Արտա Ճէպէճեանի, սրբագրութիւն՝ Նորա Բարսեղեանի, էջադրում՝ Մեղրի Շամմասեանի: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն:

