Հայաստանի կառավարութիւնը խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած է 2026 տարուան պիւտճԷի նախագիծը, որուն ծախսային բաժինը 9,4 միլիառ տոլար է, իսկ եկամուտը` 8,1 միլիառ տոլար: Յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէն կը դառնայ անկախ Հայաստանի պատմութեան ամէնէն բարձրը: Բաղդատական ընելու համար կ’արժէ յիշեցնել որ, Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան ներկայացուցած` 2018 թուականի պիւտճէն 3,03 միլիառ տոլար էր: Այսպիսով պետական պիւտճէն 7 տարուան ընթացքին աւելի քան եռապատկուած է` շնորհիւ աւելի մաքուր կառավարման եւ հարկային ու մաքսային տուրքերու աւելի արդիւնաւէտ հաւաքագրման:
Ինչ կը վերաբերի ռազմական ծախսերուն, 2026 տարուան համար կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 1,5 միլիառ տոլար` այս տարուան 1,7 միլիառի փոխարէն: Ընդդիմութիւնը այս օրերուն իր քննադատութիւններուն թիրախը դարձուցած է այս կրճատումը, այդ վերագրելով «Պաքուի եւ Անքարայի պահանջներուն»:
Ռազմական պիւտճէն սկսաւ կտրուկ բարձրանալ 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածք ներխուժման փորձերուն յաջորդող ժամանակաշրջանին: Երեւան նախ դիմեց իր աւանդական մատակարար Ռուսաստանին, հոնկէ ստանալու համար պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ զինատեսակները: Ռուսաստան տարբեր պատճառներով չկարողացաւ կամ չուզեց կատարել իր պարտաւորութիւնները, հակառակ որ այդ զէնքերուն համար կանխիկ ստացած էր 400 միլիոն տոլար եւ մինչեւ օրս յայտնի չէ թէ այդ գումարին ճակատագիրը ի՞նչ եղաւ, քանի որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հասկնալի պատճառներով, գաղտնի կը պահէ ռազմական հարցերուն վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները: Այս ձախող փորձէն ետք, Հայաստան որոշեց իր ռազմական կարիքներուն համար այլեւս չապաւինիլ Ռուսաստանին ու փոխարէնը գտնել այլ զէնքի աղբիւրներ` գլխաւորաբար Հնդկաստանն ու Ֆրանսան, սակայն չսահմանափակուելով միայն այդ երկիրներով, ու նաեւ զարկ տալով ներքին արտադրութեան: «Ունենք նոր, հայրենական, ամբողջութեամբ հայկական մտքի արդիւնքում արտադրուած զէնքեր: 2022 թուականին մենք ունեցել ենք տեղական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնների հետ մօտաւորապէս 5,5 միլիառ դրամի պայմանագիր: Հետագայում եռամեայ պայմանագրերի արդիւնքում այդ թիւը դարձել է 170 միլիառ»,- վերջերս յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
Այս բոլոր թուանշանները անտեսելով, ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ իշխանութիւնները բանակին կարիքները անտեսելու ու զայն տկարացնելու մէջ: Անոնք չեն ուզեր յիշել, որ իրենց իշխանութեան օրով էր, որ խախտուեցաւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը Ատրպէյճանի հետ եւ որուն հետեւանքը եղաւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի կրած պարտութիւնը: Իրենց աչքին առջեւ Պաքուն կը զինուէր ու իրենք զբաղած էին բանակէն գողնալով դղեակներ կառուցելով: Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել իրենց օրով բանակին յատկացուած քանի մը հարիւր միլիոն տոլարները, երբ Ատրպէյճան կը ծախսէր Հայաստանի տասնապատիկը: Անոնց իշխանութեան վերջին տարին բանակին յատկացուած էր մօտ 500 միլիոն տոլար: Եթէ նոյնիսկ նկատի առնուին սղաճի տոկոսները, այդ գումարը կը նկատուի չափազանց չնչին ու անբաւարար` մնայուն պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրին համար:
Վերադառնալով բուն հարցին, թէ արդեօ՞ք արդարացուած է ռազմական ծախսերու կրճատումը, թէ՞ ոչ: Պատասխանը միանշանակ այո՛ է, քանի որ, ուաշինկթընեան համաձայնութենէն ետք իրավիճակ փոխուած է ու խաղաղութիւնը դարձած է աւելի հասանելի: Դադրած են սահմանային միջադէպերը ու փոխուած է հակառակորդին հռետորաբանութիւնը: Ատրպէյճանը իր կարգին կը յայտարարէ, որ 2027-էն սկսեալ պիտի պակսեցնէ իր ռազմական ծախսերը:
Հայաստանի նման երկրի մը համար, որ չունի բնական հարստութիւններ, զէնքի համար ծախսուող գումարները կը կատարուին ժողովուրդի ընկերային կարիքներու հաշուին եւ կարելի չէ մնայուն կերպով պիւտճէին 20 տոկոսը յատկացնել բանակին, երբ աղքատութեան մակարդակը կը շարունակէ մնալ բարձր: Կառավարութիւնը ստիպուած է գտնելու միջին լուծումը ու նոյնքան կարեւորութեամբ մօտենալու ե՛ւ մէկուն ե՛ւ միւսին: Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, եթէ ժամանակին անոնք նոյն մտահոգութեամբ առաջնորդուէին, կանխած պիտի ըլլային այն աղէտները, որոնց ենթարկուեցաւ հայութիւնը վերջին տարիներուն:

