Մե՜ծ հաճոյքով վայելեցի թատերական երեկոյ մը:
Հ.Բ.Ը.Միութեան «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի, Վաչէ Ատրունիի հեղինակած, Վազգէն Մուղալեանի բեմադրած «Թռչող հայրիկը» թատերախաղը:
Մասնագէտ չեմ, քննադատ չեմ, ոչ ալ կը յաւակնիմ մին կամ միւսը ըլլալ: Կը գրեմ այս տողերը որպէս պարզ, համեստ հանդիսատես: Մէկը, որ փոքր տարիքէն լիբանանահայ թատրոնով առնչուած է: Գրիգոր Սաթամեանին աշակերտած ու իր ցուցմունքներով բեմ բարձրացած: Գրիգոր Տեկիրմենճեանին բեմադրութեամբ դեր վերձուցած: Նախակրթարանի 5-րդ դասարանի դպրոցական հանդէսներուն թատրոն կազմակերպած: Երկրորդական վարժարանի թատրոնի ակումբին պատասխանատու եղած, թատերասէր, համեստ անհատ մը:
Կար ժամանակ, երբ լիբանանահայ թատրոնի գրեթէ բոլոր ներկայացումներուն կը ծափահարէի, ԱՆԽՏԻ՛Ր:
Շատ փոքր տարիքէս (հազիւ 10 տարեկան) դիպուածը օգնած էր, որ պատեհութիւնը ունենամ թատրոնով զբաղելու: Վարուժան Խտըշեան, Լոնտոնի համալսարաններէն նոր աւարտած, վերադարձած էր Պէյրութ: Կը պատրաստուէր ներկայացնելու իր գլուխ գործոցներէն մին՝ «Սալեմի վհուկները»: Գլխաւոր դերասանուհին, բեմավարը եւ լուսաւորումի պատասխանատուն, մեր տան պատկից դրացիներն էին: Հարազատ մեծ հայրերս ճանչնալու պատիւը չէի ունեցած: Իրենց հայրը իմ «տէտէ»ս էր, ես ալ իրենց որդեգիր «զաւակը»: Թատրոնի փորձերուն, ձեռքէս բռնած, զիս ալ կը տանէին իրենց հետ: Բեմայարդարումին հսկայական կառուցումները եղան իրենց տան բակը: Առիթը ունէի ժամերով դիտելու եղած աշխատանքները, երեկոյեան ալ ներկայ ըլլալու փորձերուն: Աւելի քան 20-30 դերասան-դերասանուհիներով ներկայացուած թատրոն մը:
Այսպէս սկսած էր թատրոնի հանդէպ իմ ունեցած սէրս եւ հետաքրքրութիւնս, որ շարունակուեցաւ մինչե՜ւ… մինչեւ լիբանանահայ թատրոնի անկումը: Ինծի՛ համար, իմ ակնոցովս եղած անկումը այն ատեն էր, երբ բեմ հանեցին գռեհիկ լեզուով, հասարակ-անմակարդակ խօսակցութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, թատրոնի հանդէպ եղած մեղանչումներով լեցուն կտորներ: Անշուշտ որ եղան գնահատելի կտորներ: Դադրեցայ չըսեմ, այլ եղայ բծախնդիր ընտրութիւններուս մէջ:
Այս բոլո՜ր նախաբանը ըրի, պարզապէս որպէսզի ինքզինքիս իրաւունք տամ կարծիքս յայտնելու ու բաժնելու ձեզի հետ:
«Թռչող հայրիկը» կատարեալ էր: Լեզուն՝ մաքո՛ւր: Բեմադրութիւնը՝ հոյակապ, նորարարութիւններով լեցուն, «թապու»ներէն ձերբազատուած: Բեմայարդարումը՝ պատշաճ եւ տեղին: Դերաբաշխումը՝ անթերի: Դերակատարումները՝ ամբողջական: Մե՜ծ ՊՐԱՒՕ՛ մը բոլորին:
Սրտանց շնորհաւորեցի զիրենք, բայց շա՜տ վրդոված դուրս եկայ սրահէն:

Ո՛չ, չեղա՛ւ, պարոն հեղինակ:
Ո՛չ երբ կ’ըսէք. «Ծերանոց կը ղրկուին, որ մահանան»: Ես իմ 94 տարեկան մայրս ծերանոց տարի, ոչ թէ որպէսզի մահանայ, այլ մասնագէտներուն հոգածութեան տակ աւելի լա՛ւ ԱՊՐԻ՛: Երանի տարիներ առաջ ընդունած ըլլար հոն երթալ: Զինք տունը պահելը անկարելի դարձած էր: Երեք բժիշկ (իր տարիներու բժիշկը, սրտաբանը եւ ոսկորի մասնագէտը) չէին կրցած դադրեցնել իր աղաղակալից «ա՜խ»երը: Պուրճ Համուտի ծերանոցը ազնիւ գտնուեցաւ ընդունելու զինք: Առանձին սենեակ մըն ալ յատկացուցին իրեն, որպէսզի միւս ծերունիները չանհանգստացնէ: Մենք, տան մէջ, դժուարութիւն կ’ունենայինք զինք նստեցնելու որպէսզի պատառիկ մը, բրդոն մը հաց ուտէ: Ծերանոցի տղա՞քը… զինք գրկելով ճաշարան կ’իջեցնէին:
Ո՛չ, հարիւր անգամ ո՛չ երբ կ’ըսէք. «Աշխարհի յոգնածները հոն կ’երթան մեռնելու»: Անշո՛ւշտ որ տարեցներն են ու ծերերը, կեանքէն ու աշխարհէն յոգնածները, բայց հոն չեն երթար մեռնելու: Մեր տարեց հարազատներէն մին, 16 տարի խնամուելէ ետք է որ կեանքը աւանդեց ծերանոցին մէջ:
Այո՛, հասարակութեան մէջ տարածուած է. «Ծերանոց չերթաս, հոն կը մեռցնեն քեզ» խօսքը: Մօրս պարագային ալ այդպէս ըրին իրենք իրենց խելամիտ կարծող, բայց սահմանափակ մտածողութեամբ մեր թաղի «կնիկները»: Եղան հարազատներ, որոնք անընդունելի գտան եւ յանձնարարեցին որ մօրս ծերանոց չտանինք: Բայց եկա՛ւ օրը, երբ իրենց հարազատ մօրը տարիներով ծերանոց պահեցին:
Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ, երբ կ’ըսէք. «Ծերանոց ըսուածը սպանդանոց է»: Թոյլ տուէք կտրուկ կերպով բողոքել ձեր այդ արտայայտութեան դէմ: Յարգանքս ձեր անձնական կարծիքին, բայց բեմէն լսելը ինծի համար անընդունելի է:
Մեր թաղի «խելամիտ» կիները հասկցանք, դո՞ւք ալ, պարոն հեղինակ:

