Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 39 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)

November 8, 2025
in Յօդուածներ
0
Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 39 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

«ԱՐԱՐԱՏ», 2-7 Նոյեմբեր 1970

Ինչպէս կ՛ակնկալուէր արդէն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) անկշռադատ ծրագիրը՝ Միջին Արեւելքէն հայ զանգուածներ Ամերիկա տեղափոխելու, ընդվզում յառաջացուցեր է նոյնինքն Հայ աւետարանական համայնքի միջինարեւելեան կառոյցներուն մօտ։ «Արարատ» առանձին խմբագրականով մը պախարակեր էր այդ ազգակործան ծրագիրը։ Այս շաբաթ ալ թերթը տեղ տուած է նոյն նիւթին առնչուած երկու ուժեղ արձագանգներու։ Նախ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնն է որ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը (3 Նոյեմբեր) յայտնած է, թէ ինք տեղեակ չէ AMAA-ի խնդրոյ առարկայ ծրագրէն եւ արդէն «վնասակար կը նկատէ հայերու արտագաղթը այս երկիրներէն»։ Զեկոյցը զարմանք կը յայտնէ որ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը զիրենք,– միջինարեւելեան տեղական եկեղեցիներն ու հովիւները,– խառնած է այսպիսի հարցի մը մէջ, մինչդեռ իրենք չեն բաժներ այդօրինակ գաղափարներ կամ ծրագրեր։ Երկրորդ հակազդեցութիւնը եկած է վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեանէն («Ջանասէր»-ի խմբագիր, Պէյրութ), որ Աւետարանչականին ուղղեալ «Բաց նամակ»-ով մը կը դատապարտէ անոր վերջին անխորհուրդ նկրտումները, կը ջրէ միջինարեւելեան հայ գաղութներուն մասին կատարուած ենթադրութիւնները (որպէս թէ անոնք «քաղաքական ճնշումներու տակ կ՛ապրին» եղեր…) ու կ՛աւելցնէ. «Թերեւս լաւ կ՛ըլլայ որ, իբրեւ ամերիկեան քաղաքացիներ, մտածէք քաղաքական, տնտեսական, բարոյական եւ այլ ճնշումներէ ազատագրել ձեր երկրին սեւամորթները, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի գերի դարձած երիտասարդութիւնը…»։

Թերթին այս շաբթուան խմբագրականը ձօնուած է 1917-ի Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան, որ բնորոշուեր է որպէս «Նոր կեանքի այգաբացը» (վերնագիրն է), քանի որ «կայսերապաշտութեան համաշխարհային դրութեան ամէնէն տկար օղակը հանդիսացող ռուսական յետադիմութիւնը կը փշրուէր, ծնունդ կ՛առնէր ու կ՛ամրանար աշխարհի առաջին բանուորագիւղացիական պետութիւնը»։ Ըստ թերթին՝ այս նոր պետութիւնը (իմա՛՝ Խորհրդային Միութիւնը) տեղ կը բանար արդարին, յառաջդիմականին, ընկերային ու ազգային իրաւունքներուն…։ Կը շեշտուի, որ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան շնորհիւ «արցունքի ու վէրքի Հայաստանը աշխարհի առաջնակարգ երկիրներու շարքին դասուեցաւ»։

Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) ներկայացուցեր է քանի մը թարգմանածոյ գիրքեր («Կապիտալիստական դասակարգը», «Սոցիալիզմ եւ հայրենիք» եւ այլն), որոնք Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ 65-70 տարի առաջ (20-րդ դարու սկիզբները) հրատարակուեր են՝ մարքսիզմի տեսութիւնները տարածելու նպատակով…։ Թարգմանութիւնները կատարեր են կուսակցութեան ղեկավարներէն Ստեփան Սապահգիւլեան եւ Աւետիս Նազարբէկ։

«Նոպէլեան մրցանակի կոմիտէն իր սուտ վկայի դերին մէջ» խորագրեալ էջ մը (թարգմանածոյ) ծանրօրէն կը քննադատէ համաշխարհային գրական մեծ պարգեւին շնորհումը ռուս այլախոհ գրող Ալեքսանտր Սոլժենիցինի, այդ քայլին մէջ տեսնելով «հակասովետ» դիրք ու քաղաքական յետին նպատակ։

Բժշկագիտական յօդուածներու տակ ստորագրութիւններ ունին տոքթ. Գրիգոր Բամպուքճեան («Յօդացաւ») եւ տոքթ. Երուանդ Սերոբեան («Ստամոքսի կեղ»)։

Կան ներքին հայկական երկու լուրեր.

— Պէյրութի Տեղեկատուութեան նախարարութեան ցուցասրահին մէջ սարքուեր է «սիրող լուսանկարիչներու ցուցահանդէս» մը, ուր, 85 մասնակիցներու շարքին, իրենց գործերով տեղ գրաւեր են հետեւեալ 13 հայերն ալ. Մովսէս Փաթաթեան, Արա Ֆերմանեան, ԺոզէՖ Մանուշակեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Փիէռ Մատէնճեան, Ռազմիկ Աւագեան, Տէրունեան, Աշոտ Ոսկեմօրուքեան, Գօգօ Պաղտասարեան, Ն. Ներսէսեան, Տիգրան Չպլաքեան, Վիգէն Պէրէճիքեան եւ Գէորգ Յովհաննէսեան։ Տեսարանի գրաւչութենէն, լոյսի ու շուքի խաղերէն անդին՝ լուսանկարիչները փորձեր են փնտռել ու որսալ «յաւերժականը, մարդկայինն ու հարազատը»։

— Դա՛րձեալ Պէյրութ մէջ, Լիբանանահայ գրական շրջանակը իր ակումբի երդիքին տակ բացումը կատարեր է «Սեդրակ Ապաճեան» գրադարանին (Հոկտեմբեր 29)։ Ներկաները ողջուներ է բանաստեղծ Գառնիկ Ադդարեան, նկատել տալով որ ողբացեալ Սեդրակ Ապաճեան ոչ միայն հիմնադիրներէն եղած էր այս միութեան, այլեւ երկար տարիներ գիրի ու գիրքի նուիրեալ մը հանդիսացեր էր։ Այնուհետեւ, սրտի խօսքեր արտասաներ են գրագիտուհի Սիրան Սեզա, Հրանդ Գանգրունի, Յովհաննէս Թապագեան եւ Գնէլ եպս. Ճէրէճեան։ Այս առթիւ, շատեր գիրքեր նուիրեր են նորայարդար գրադարանին։ (Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ այս գրադարանին ճակատագիրը ի՞նչ եղաւ հետագային, մանաւանդ որ Գրական շրջանակը գրեթէ կազմալուծեալ պատկեր մը կը պարզէ այսօր…)։

Երկու լուրեր ալ կան Հայաստանէն։

— Երեւանէն հաղորդուեր է, թէ Հոկտեմբեր 1970-ին Սփիւռքէն մայր հայրենիք ներգաղթեր է 62 հայ ընտանիք։ Բոլորն ալ տեղաւորուեր են Երեւանէն դուրս՝ հանրապետութեան աւաններուն եւ գիւղական շրջաններուն մէջ։

— Ս. Էջմիածնայ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեր է Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսի ծննդեան 200-ամեակը։ Յոբելենական հանդէսին ներկայ եղեր են նաեւ Անթիլիասէն ժամանած կիլիկեան երկու միաբաններ՝ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան եւ Տիրայր վրդ. Փանոսեան։ Բանախօսեր է «Էջմիածին» պաշտօնաթերթի խմբագիր ու Հոգեւոր Ճեմարանի աւագ դասախօս Արթուն Հատիտեան։ Յետոյ խօսք առեր է հիւրաբար Մայր Աթոռ գտնուող ռումանահայ վերապրող պատմաբան Յ. Ճ. Սիրունի։

Կը հաղորդուի, որ Թեհրանի պարսկերէն գրական հանդէսներէն մին՝ «Սոխան», յօդուած մը ձօներ է իրանահայ արդի գրականութեան։ Պարսիկ յօդուածագիրը մասնաւորաբար անդրադարձեր է «Նոր Էջ» պարբերականին ու անոր շուրջ համախմբուած գրողներուն (Դեւ, Աշոտ Ասլան, Հրանդ Ֆալեան, Գալուստ Խանենց, Արա Տէր Յովհաննիսեան, Գեղամ Մկրտչեան, Արշաւիր Մկրտիչ, Զօրայր Միրզայեան, Ռ. Բէն եւ Արմէն Գէս)։ Նշենք, որ «Նոր Էջ» ժողովածուն պարբերական երեւումներով լոյս ընծայուած է շուրջ 50 տարի, 1935-էն մինչեւ 80-ականներ։

«Արարատ» այս շաբաթ սկսեր է հրատարակել նոր թերթօն մը՝ «Թալաաթի անկումը», որ ողբերգութիւն մըն է, հինգ արարով։ Հեղինակ՝ Սեդրակ Շահէն։

Այս շաբթուան ազգային ծանուցումներուն մէջ ինչե՞ր կան։

— Տօնիկեան հրատարակչատունէն լոյս տեսեր է Յարութիւն Պէրպէրեանի (չշփոթել «Բագին»-ի աշխատակից ու բանաստեղծ նոյնանուն հեղինակին հետ) «Նոր դարաշրջանի կայծեր» հատորը։ Կը մատնանշուի՝ «անհրաժեշտ գիրք մը բոլոր հայրենասէր մտաւորականներուն համար»։

— Տպարան Աթլասէն լոյս տեսեր է Յ. Մաթեանի «Ես կը սիրեմ կեանքը» բանաստեղծութիւններու հատորը։

— «Մանկավարժական ասուլիս» մը պիտի տայ եղեր Գաբրիէլ Մոլոյեան, «Մանուկներու դաստիարակութիւնը Գերմանիոյ Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ» վերնագրով (5 Նոյեմբեր, Ազգ. Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի սրահը)։

— Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը զրոյցի մը հրաւիրեր է հանրութիւնը «Սեւրի դաշնագրի յիսնամեակին առիթով»։ Խօսք պիտի առնեն եղեր տոքթ. Վազգէն Այգունի, Լեւոն Վարդան եւ Տիրան Աղազարեան։ Զրուցավար եւ համադրող՝ տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան (6 Նոյեմբեր, միութեան «Կոմիտաս» սրահը)։

— Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ շքեղ տօնակատարութեամբ մը պիտի նշուի եղեր ՈւրՖայի հերոսամարտին 55-ամեակը, հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։ Պիտի բանախօսեն եղեր Յակոբ Հիսայեան (Փարիզէն) եւ Երուանդ Փամպուքեան (15 Նոյեմբեր)։

— Լիբանան ժամաներ է ու ելոյթներ պիտի ունենայ եղեր համբաւաւոր երգչուհի Ռոզի Արմէն, Համազգայինի «Քնար» երգ ու պարի անսամպլին զուգահեռ (12-15 Նոյեմբեր, Սինէ Տիւնիայի մէջ)։

— «Ժողովրդային մեծ միթինկ» մը պիտի սարքուի եղեր Նապաայի մզկիթին կից հրապարակին վրայ՝ Եգիպտոսի ողբացեալ նախագահ Կամալ Ապտէլ Նասէրի մահուան քառասունքին առիթով, լիբանանեան ձախակողմեան երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ։ Խօսք առնողներէն մէկը պիտի ըլլայ հայ մը՝ Պօղոս Թիւթիւնճեան (8 Նոյեմբեր)։ Առնչակից լուրի մը մէջ ալ կ՛ըսուի, թէ նախագահ Նասէր կը պատրաստէր արաբական չորս երկիրներու (Եգիպտոս, Սուրիա, Լիպիա, Սուտան) միութիւն մը, որ սակայն անիրագործելի պիտի մնար իր մահով…։

— Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի եղեր Կիլիկեան Ճեմարանի բարերար՝ արժանթինահայ Երուանդ Միւրէքեանի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ (8 Նոյեմբեր)։ Նոյն այս առթիւ, թերթին մէջ ողբացեալին բարեմասնութիւնները դրուատող գրութիւն մը ստորագրած է Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէնը՝ Ռուբէն Տիրարեան։

Սիւնակս կը փակեմ լեզուական նշմարով մը։

«Արարատ» Ա. էջի վրայ (Նոյեմբեր 2), լուրի մը վերեւ, գործածեր է հետեւեալ խորագիրը. «Դամասկոս կը շղթայազերծուի ՈւասՖի Թալի կառավարութեան դէմ»։ Նախ ըսենք, որ ՈւասՖի Թալ այդ շրջանի Յորդանանի վարչապետն էր։ Բայց ո՞վ ի՞նչ կը հասկնայ թերթին այս խորագրէն։ «Շղթայազերծել» կը նշանակէ շղթաներէն ու կապանքներէն ազատել, փոխաբերական իմաստով՝ յարձակում գործել (իբր հակազդեցութիւն)։ Արդ, կը խորհիմ որ աւելի հասկնալի ու ճշգրիտ խորագիր մը գործածուած պիտի ըլլար՝ եթէ ըսուէր. «Դամասկոս ամբաստանութիւններ կ՛ուղղէ ՈւասՖի Թալի կառավարութեան», կամ (եթէ անպայման պիտի գործածուի «շղթայազերծել» բայը)՝ «Դամասկոս քննադատութեանց քարոզարշաւ մը կը շղթայազերծէ ՈւասՖի Թալի կառավարութեան դէմ»։ Յստակ եւ մեկին։

Share63Tweet40
Previous Post

«Ս. Սապահ-Գիւլեան». Ընկ. Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի Նոր Հատորը

Next Post

Դո՞ւք Ալ, Պարոն Հեղինակ

Next Post
Դո՞ւք Ալ, Պարոն Հեղինակ

Դո՞ւք Ալ, Պարոն Հեղինակ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.