Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ս. Սապահ-Գիւլեան». Ընկ. Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի Նոր Հատորը

November 20, 2025
in Մշակութային
0
«Ս. Սապահ-Գիւլեան». Ընկ. Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի Նոր Հատորը

Ժամանակէ մը ի վեր, ընկ. դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան լիբանանահայ մտաւոր շրջանակներէն կը զգացնէր իր խորհրդաւոր բացակայութիւնը։ Լուռ էր պատմաբանը, լուռ էր նախկին պատգամաւորը, չէր խօսեր այն գրիչը, որ տարիներ շարունակ իր վերլուծական մտքով եւ ազգային գաղափարական հաւատքով հարստացուցած էր մեր քաղաքական ու պատմագրական դաշտը։

Այդ լռութիւնը վերջապէս իր բացատրութիւնը գտաւ։
Մեր խմբագրատան սեղանին հասաւ անոր նոր աշխատասիրութիւնը՝ «Ս. Սապահ-Գիւլեան», հինգերորդ հատորը «Հրասիրտները» մատենաշարէն։
Հնչակեան պատմագրութեան ջահակիրը այս անգամ կը բերէ նոր լուսաւոր անուն մը մեր ազգային յիշողութեան բեմին վրայ։

Ստեփան Սապահ-Գիւլեան՝ միտքի մարդ, համոզումներու մարտիկ, հրապարակագիր եւ հաւասարակշռուած տեսաբան։ Անոնց դասէն, որոնց զէնքը խօսքն էր եւ գաղափարը՝ անսասան։

Ընկեր դոկտ. Ճէրէճեան, իր սովորական հետեւողականութեամբ, բացած է աղբիւրներու դռները՝ յստակօրէն վեր հանելով Սապահ-Գիւլեանի քաղաքական սթափութիւնը, որպէս այն սակաւաթիւ առաջնորդներէն, որ դեռ նախքան Եղեռնը կրցած էր տեսնել թրքական ազգայնամոլութեան մղումները եւ առանց երկմտելու ահազանգած էր իր ժողովուրդին։

Հատորը, բաղկացած 432 էջէ, կը ներառէ Սապահ-Գիւլեանի քաղաքական, կուսակցական, տեսական եւ հրապարակագրական դերն ու ներդրումը։
Հատորը համեմուած է խմբագիր Աւետիս Ռազմիկի յառաջաբանով, իսկ էջադրումն ու սրբագրութիւնը կատարած է թորոնթոբնակ ընկ. Եփրեմ Թոքճեան։

Այս նոր հրատարակութեամբ դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան դարձեալ կը հաստատէ իր անսպառ եռանդը։ Ուրեմն, լռութիւնը, կը թուի, եղած է խորհման, նոր արխիւներ հետամտելու եւ պատմական այս կոթողի վերծանումի շրջան։

«Արարատ» իր խորին գնահատանքը կը յայտնէ ընկեր դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանին՝ իբրեւ Հնչակեան պատմագրութեան եզակի դէմք եւ ազգային յիշողութեան կամաւոր պահապան։

Վարձքը կատար։

Share68Tweet43
Previous Post

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը Պէյրութին Վերաբերող Հարցեր Կը Քննարկէ Գրիգոր Պատիշահ Եպիսկոպոսին Հետ

Next Post

Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 39 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post
Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 39 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 39 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.