Հոգեւոր առաջնորդներուն տրուած ծանօթացումի այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ ատենադպիր ընկ. Տիգրան Միհրանեան, 6 Նոյեմբերի երեկոյեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեսակցեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերյ. Հ. Գրիգոր Պատիշահ եպիսկոպոսին հետ: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէին Պէյրութի եւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետական խորհուրդներուն հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Պչաքճեանն ու Գարօլին Խաչիկեանը: Տեսակցութիւնը առիթ էր Պէյրութի առաջնորդական թեմի օգնական եպիսկոպոսին հետ արծարծելու համատեղ հետաքրքրութեան զանազան նիւթեր, մայրաքաղաք Պէյրութին վերաբերող թղթածրարներ, քաղաքացիներուն մտահոգութիւններն ու կարիքները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնած ծրագրերը, որոնք կը միտին լուծելու խնդիրներ եւ կենցաղային աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու մայրաքաղաքի բնակչութեան համար՝ ներառեալ պէյրութահայութիւնը: Ժողովականները համաձայնեցան շարունակաբար խորհրդակցիլ եւ համագործակցական ոգիով յաղթահարել մարտահրաւէրները:

