ԱՐԺՈՅԹԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի տնօրէն Ապտ էլ-Ազիզ Մունլայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ քննարկելու դրամատան հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները եւ տարիներ շարունակ Լիբանանին աջակցութեան ծրագրերուն գործադրութիւնը:

Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Համաշխարհային դրամատան շարունակական զօրակցութեան եւ ներկայացուց արմատական բարեփոխումներու միտող կառավարութեան ծրագրերը, կարեւորելով Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը: Խօսելով ապահովական թղթածրարներուն մասին, նախագահը ահազանգեց, թէ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ ամէնօրեայ դրութեան խախտել զինադադարը, խափանելով վերակառուցումի ջանքերը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին պատերազմէն կործանուած շրջանները վերակառուցելու թղթածրարը քննարկեց դրամատան պատուիրակութեան հետ, ներկայացնելով վնասներուն ընդհանուր արժեւորումը:

Իսկ Համաշախարհային դրամատան մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը ելեւմուտքի նախարարին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ահազանգեց, թէ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին եւ Լիբանանի միջեւ յստակ ծրագրի մը բացակայութիւնը պիտի սահմանափակէ Լիբանանին օգնելու դրամատան հնարաւորութիւնները:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՕՐ ԵՒ ՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ
Իսրայէլեան ուժերը օր ըստ օրէ կը բազմացնեն Լիբանանի հարաւային բազմաթիւ շրջաններու թիրախաւորումը՝ Հըզպալլայի կեդրոններ կործանելու եւ կուսակցութեան վերազինումը կանխելու պատճառաբանութեամբ: Այս ծիրին մէջ, Հինգշաբթի 6 Նոյեմբերը եղաւ տարի մը առաջ կնքուած զինադադարի համաձայնութենէն ետք ծանրագոյն օրերէն մէկը, նկատի առնելով թիրախաւորուած շրջաններուն աշխարհագրութիւնը, ռմբակոծուած կէտերը եւ մարդկային ու նիւթական ծանր վնասները:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ իսրայէլեան յարձակումները համարեց 1701 բանաձեւի բացայայտ խախտում եւ քաղաքական ու դիւանագիտական լուծումի յանգելու փորձերու խափանում: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հարաւի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցածը համարեց ամբողջական ոճրագործութիւն մը, նշելով որ «լուծումը մերժելու իսրայէլեան պատգամը հասաւ մեզի»: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ յարձակումները շարունակութիւն են իսրայէլեան կործանարար քաղաքականութեան, որուն նպպատակն է ոտնակոխել Լիբանանի կայունութիւնն ու ընդարձակել կործանումին շրջագիծը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան շարք մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ այդ օր «Լիբանանի մէջ պատահածը պարզապէս սկիզբն է, որովհետեւ եթէ լիբանանեան բանակը չապազինէ Հըզպալլան, ապա պիտի յարձակինք բոլոր շրջաններուն վրայ՝ ներառեալ Պէյրութը»:
ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԻԹԸ
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ կանխատեսեց, որ յառաջիկայ երեք ամիսներուն պատմական հնարաւորութիւն ըլլայ՝ օգնելու ազատել Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիները: Ան այդ կարծիքը հիմնաւորեց խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի առաջադրումներուն ժամկէտով, որ կը լրանայ 31 Յունուար 2026-ին: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ կը փորձէ տիրանալ նշեալ մրցանակին, ուստի Օքամփօ հայերուն կոչ կ’ուղղէ առիթը օգտագործելով օգնելու, որ Պաքուի բանտերէն ազատ արձակուին հայ գերիները: «Հայերը կրնան աջակցիլ Թրամփի թեկնածութեան առաջադրումին: Աշխարհի մէջ աւելի քան 45 հայեր կրնան ունենալ Թրամփը առաջադրելու իրաւասութիւնը», բացատրեց Օքամփօ: Անոր համաձայն, գերիները ազատ չարձակելով Պաքու կը խոչընդոտէ Թրամփի խաղաղութեան միտող ծրագրերը:
ԶԱՐԳԱՑՈՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ խորհրդատուական խորհուրդի Հայաստան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական խումբի ղեկավար Ալի պըն Մոհամմատ Շահրանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահը նշեց, որ հակառակ դիւանագիտական յարաբերութիւններու համեմատաբար կարճ պատմութեան, Երեւանի եւ Ռիատի միջեւ ձեւաւորուած է քաղաքական աշխոյժ երկխօսութիւն եւ բարձրաստիճան շփումներ, նպաստելով համագործակցութեան խորացումին, յանուն փոխադարձ շահերու ապահովումի: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան սէուտական պատուիրակութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին բարձր գնահատեց հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան աջակցող Ռիատի դիրքորոշումը: Իսկ Հնդկաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարին հետ տեսակցութեան ընթացքին Միրզոյեան քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացումը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա էմիրութեան խորհրդակցական խորհուրդի նախագահ Ապտալլա Պելհայֆ Ալ Նուայմիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Արշակեան շեշտեց, որ Երեւան կը կարեւորէ Էմիրութիւններուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն կայուն զարգացումը, յոյս յայտնելով, որ համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ «ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ»
Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պատասխանատու Այխան Հաճիզատէ մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի զանգուածային զինումին առնչութեամբ: Անոր համաձայն, «այն փուլին, երբ նախաստորագրուած է խաղաղութեան պայմանագիր եւ կ’ընթանան սահմանազատումի եւ սահմանագծումի հոլովոյթները, Հայաստանի զինումը կը հակասէ խաղաղութեան օրակարգին ու կը խափանէ վստահութեան կառուցումի ջանքերը»: Նշենք, որ իրականութեան մէջ Երեւան 2026-ի պետական ամավարկի նախագիծին մէջ կրճատած է պաշտպանական ծախսերը, մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր պիւտճէէն հսկայական գումարներ յատկացնել ռազմական ծրագրերուն: Հաճիզատէ նաեւ յոյս յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Եւրոմիութեան առաքելութիւնը հեռանայ Հայաստանի տարածքէն: «Յոյս ունինք, որ համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Երեւան յանձնառու կը մնայ ստանձնած պարտաւորութիւններուն», ըսաւ ատրպէյճանցի բանբերը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան իր կարգին մաղթեց, որ «Ատրպէյճանի այս փառահեղ յաղթանակէն ետք, հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ առնուած կառուցողական քայլերը ի վերջոյ յանգին երկարաժամկէտ համաձայնագրի մը»: Էրտողանի համաձայն, խաղաղ միջավայրը կը նպաստէ տարածաշրջանի ընդհանուր բարեկեցութեան եւ կը զօրացնէ Կովկասի ռազմավարական նշանակութիւնը աշխարհի մէջ: Էրտողան երկու կողմերուն կոչ ուղղեց շարունակելու բանակցութիւնները՝ յանուն խաղաղութեան վերականգնումին:
Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ Երեւան ու Պաքու տակաւին շատ ընելիք ունին՝ յարաբերութիւններու կարգաւորումին հոլովոյթը անշրջելի դարձնելու համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ մեծապէս գնահատեց հայ-ատրպէյճանական նոր երթուղին իր անունով (TRIPP) անուանելու որոշումին համար:
ԱՒՐՈՐԱ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ԲԺԻՇԿ ՃԱՄԱԼ ԷԼ-ԹԱՅԷՊԻՆ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը որոշեց 2025 թուականի Աւրորա համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը շնորհել սուտանցի բժիշկ Ճամալ էլ-Թայէպին՝ հակամարտութեան գօտիի մէջ մարդոց բժշկական օգնութիւն տրամադրելու գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան եւ նուիրումին համար:

Հակառակ պատերազմական դրութեան պայմաններով յառաջացած ապահովական բազում վտանգներուն, էլ-Թայէպի ջանքերով բաց մնաց Ալ- Նաօ հիւանդանոցը, որպէս մայրաքաղաք Խարթումի շրջանին մէջ գործող հիւանդանոցներէն մէկը: «Աւրորա մրցանակը ամէնուրեք կ’օգեշնչէ բժիշկներու, ուսուցիչներու, մարդասիրական գործիչներու եւ սովորական մարդոց՝ շարունակելու իրենց կարեւոր ջանքերը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
ՀԱԼԷՊ-ԵՐԵՒԱՆ ՆՈՐ ԹՌԻՉՔ
Fly Cham օդանաւային ընկերութիւնը սկսաւ ուղիղ թռիչքներ կատարել Հալէպ-Երեւան-Հալէպ երթուղիով: Ըստ «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան հրապարակած յայտարարութեան, թռիչքները կը կատարուին շաբաթը մէկ անգամ՝ Ուրբաթ օրերը:

