Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հիւրամեծարութի՞ւն, Թէ՞ Լաւ Դիւանագիտութիւն

Լիւսի Տէօքմէճեան (Երեւան)

November 6, 2025
in Յօդուածներ
0
Հիւրամեծարութի՞ւն, Թէ՞ Լաւ Դիւանագիտութիւն

Հայաստանաբանակ հայրենակիցներուս հետ ունեցած պատահական շփումներուս մէջ, վերջին երկու տարուան ընթացքին յաճախ սկսած եմ լսել Թուրքիա կատարած իրենց զբօսաշրջային ճամբորդութիւններուն մասին: Խնդիրը այս երեւոյթին մէջ չէ, բան մը՝ որ բազմաթիւ հայեր գաղափարը կը մերժեն պարզապէս որովհետեւ երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն կայ, մինչ ուրիշներուն նախասիրած ուղղութիւնն է Թուրքիան, այլ խնդիրը կը կայանայ երկրէն եւ թուրք ժողովուրդէն իրենց ստացած տպաւորութիւններուն մէջ, ինչը կ’ուզեմ լուսարձակի տակ առնել:

Խօսակիցներս գովասանքով եւ հիացմունքով արտայայտուած են թուրք ժողովուրդին սիրալիր եւ հիւրասէր վերաբերմունքին մասին, ի զարմանս ինձ: Նաեւ յատուկ շեշտած են անոնց հիւրամեծարութիւնը, մինչեւ իսկ կարծիք յայտնելով, որ «անոնք քիչ է մնում շալախօ պարեն, հենց իմացան որ հայ ենք»:

Այս լսածներուս վրայ եկաւ աւելնալու պատահար մը, որ տեղիք տուաւ լրջօրէն վերլուծելու այս երեւոյթը:

Հանգստանալու նպատակով Հայաստանէն Ապու Տապի արձակուրդի մեկնած հայ ընտանիք մը, հիւրանոցի ընդունարանէն ներս մտած է երեխաներուն հետ հայերէն խօսելով: Ընդունարանի աղջիկ աշխատակիցին մօտենալով, եւ արաբերէն չիմանալու պատճառով, անոր բարեւած են անգլերէնով, մինչ աշխատակցուհին պատասխանած է հայերէնով ու հայերէնով շարունակելով՝ հարցուցած է անոնց որպիսութիւնը: Հայ ընտանիքը զարմանքով հարց տուած է օրիորդին հայ ըլլալուն մասին, որուն ի պատասխան վերջինս յայտնած է, որ թուրք է, ծնած ու ապրած Թուրքիոյ մէջ, բայց հայերէն կը հասկնայ: Խօսակցութեան ընթացքին պարզուած է, որ թուրք աղջկան հայերէն գիտնալուն եւ հայ մարդոցմով ուրախանալուն պատճառը անոր լիբանանաՀԱՅ սիրեկանն է:

Զրոյցի ընթացքին թրքուհին յայտնած է, որ կ’ապրի «ձեր նախկին Արարատի տարածքին մէջ» եւ շատ ուրախ է, որ «հայերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք ժպիտով ու դրական կը վերաբերին» իրենց հետ, իմանալով հանդերձ որ իրենք ազգութեամբ թուրք են: Ու ան ցանկութիւն յայտնած է, որ իր սիրեկանին ծնողներն ալ նոյն ձեւով ընդունէին զինք, որոնք, իմանալով անոր թուրք ըլլալը, «այդքան ալ ուրախ չեն ու դէմ են մեր շփման»,– ըսած է հայազգի մեր հայրենակիցին թուրք ընկերուհին:

Ըստ երեւոյթին իր ընկերը շատ սիրող թրքազգի օրիորդը անմիջապէս արտայայտուած է, որ իր ընկերը շատ պատմած է հայերուն ու հայկական կենսակերպին մասին, որով իմացած է որ հայերն ու թուրքերը ունին նոյնանման բառեր, նոյնանման սովորոյթներ ու ճաշատեսակներ: Աւարտին, հարց տալով ու իմանալով, որ Ապու Տապի հասած մեր հայրենակիցները Թուրքիա չեն այցելած երբեւէ, թրքուհին խորհուրդ տուած եւ վերջիններս հրաւիրած է «իր հայրենիքը», որ, իր բնորոշմամբ, «սիրուն ու աւելի գեղեցիկ է քան Ապու Տապին»: Փոխադարձաբար, մեր հայաստանաբնակ հայրենակիցները Հայաստան հրաւիրած են հայ տղամարդ մը սիրող, Ապու Տապիի պանդոկի իրենց ջերմօրէն հիւրընկալած թուրք աշխատակցուհին, գալու եւ տեսնելու, թէ «հայերը այդքան վատ չեն ընդունում մարդկանց, ինչքան դուք էք պատկերացնում»:

Եւ իբր բարի կամքի դրսեւորում, թրքուհին հայ հիւրերուն սովորական ժամանակէն շուտ յանձնած է հիւրանոցային իրենց վերապահուած սենեակը ու երեխաներուն համար ուղարկած է նուէրներ՝ կարկանդակի տեսքով, յանձնարարելով անվարան իրեն դիմել կեցութեան ընթացքին որեւէ խնդիրի հանդիպելու պարագային: Ու երբ մեր հայրենակիցները հարց տուած են, թէ ի՞նչ կրնան ընել այս լաւութեան դիմաց, թրքուհին ժպիտով պատասխանած է, որ շատ ուրախ է իր սիրելի մարդուն հայրենակիցներուն լաւ բան ընելու համար:

***

Հեքիաթանման ու ռոմանթիզմ բուրող պատմութիւն մը, որ, սակայն, ամբողջովին իրականութիւն է:  Այնպէս չէ որ թուրքի հետ նոյն կերպ վարուող հայեր չկան աշխարհի չորս ծագերուն, այնպէս չէ որ աննախադէպ է հայ մը սիրէ, ընկերանայ եւ նոյնիսկ ամսուսնանայ թուրքի հետ, բայց նկատի ունենալով երկու ազգերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմադարեայ արմատացած թշնամանքը, այսպիսի երեոյթներ մեծ հարցման նշաններ կը յառաջացնեն շատերու մօտ:

Անոնցմէ մին ալ ես եմ երեւի: Հայերու հանդէպ այս վերաբերմունքը հիւրասիրութեա՞ն, թէ՞ լաւ դիւանագիտութեան դրսեւորում է: Թուրքերը ունի՞ն պատճառ մեզ «այդքան» սիրելու կամ մեր հետ սիրալիր վարուելու, մինչ հայերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անկառավարելի ատելութիւն ու թշնամանք կը տածէ անոնց նկատմամբ, հիմնուելով գլխաւորաբար հայոց ցեղասպանութան հանգամանքին վրայ, որուն համար Թուրքիոյ այժմու ղեկավարութիւնը կը չքմեղանայ՝ ըսելով, որ ոչ թէ իրենք, այլ իրենց նախահայր օսմանացիներն են յանցագործները:

Պահ մը անտեսենք այն իրականութիւնը, որ թրքական մանաւանդ ծովային շրջանները հայերու, եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայերու, նախընտրած ու մատչելի հանգստեան վայրերն են: Պահ մը նաեւ աչք խփենք այն իրողութեան վրայ, որ մեծ թիւով հայեր նոյնինքն թրքական հագուստեղէնի վաճառքով կը զբաղին միջինարեւելեան իրենց երկիրներուն մէջ: Կ’երթանք Թուրքիա աշխատելու, հանգստանալու, ապրանք բերելու: Կ’երգենք թրքական եղանակներով երգեր, կ’ուտենք թրքական արտադրութեան ուտելիքներ, կը հագնինք թրքական հագուստ ու կօշիկ, կը դիտենք թրքական հեռուստաշարեր… ԲԱՅՑ, կարեւորը, չենք մոռնար տարին մէկ անգամ թրքական դրօշակը վառելու, խանութներու պատերն ու գետինները Թուրքիոյ մասին հայհոյալից բառերով ներկելու, եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ դէմ ցոյց ընողներու առաջին շարքերուն վրայ ըլլալու:

Այս հանգամանքները պահ մը մոռնալով ու վերադառնալով վերաբերմունքի թեմային, իմ մօտ այն տպաւորութիւնն է, որ թուքերու սիրալիր եւ հիւրասէր մօտեցումը որդեգրուած դիւանագիտութեան արդիւնք է, որով աշխարհին կ’երեւան որպէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ, որ օտարը կը դիմաւորէ ժպիտով, ջերմութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ: Այսօր երբ հայերն անգամ գովասանքով կը խօսին թուրքերու՝ զբօսաշրջիկներու նկատմամբ հիւրասէր մօտեցման մասին, ուրեմն անոնք ա՛յս «սիրալիր» դէմքով է որ կը ներկայանան հանրութեան եւ կը թողեն դրական տպաւորութիւն: Եւ ներկայ դարուս օտարներէն որո՞ւն հոգն է, որ հարիւրամեակ մը առաջ անոնք բարբարոս մարդասպան էին:

Հիւրասէր ըլլանք, այդպիսով աւելի գրաւիչ ու հաճելի ենք, թէկուզ երբեմն ստիպուած, ձեւականօրէն ու դիւանագիտականօրէն. սա հազար անգամ աւելի լաւ է, քան հայաստանաբնակ հայերու ճակատին դժբախտաբար դաջուած՝ չոր, կարծր, ոչ-ճկուն, անշնորհակալ եւ ներողութիւն ըսել չգիտցող մարդու պիտակներ կրելը:

Share64Tweet40
Previous Post

Վերափոխումն (Փրկենք հայերէնը)

Next Post

Լուրեր. 8 Նոյեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 8 Նոյեմբեր 2025

Լուրեր. 8 Նոյեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.