Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 6 Նոյեմբեր 2025

November 6, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 6 Նոյեմբեր 2025

ՄԸՆԱՍՍԱ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԿԱՅ ՇԱՏ ԴՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ»

Պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մընասա յայտնեց, որ սուրիական կողմին հետ համաձայնուած է կանխել սահմանային խնդիրներու ընդարձակումը եւ որեւէ հարց քննարկել ապահովական մակարդակի վրայ: «Երկու երկիրներուն միջեւ կայ շատ դրական մթնոլորտ եւ շուտով պիտի ստորագրուին դատական համաձայնութիւններ, հասնելով մինչեւ սահմանագծումի իրականացում», վստահեցուց նախարարը:

Ան միաժամանակ անտրամաբանական համարեց, որ Լիբանանի հողին վրայ ըլլայ երկու զէնք, այլ հաւաստիացուց, որ բանակը պատրաստ է իր սահմանափակ հնարաւորութիւններով դէմ դնելու իսրայէլեան ուժերուն: «Մեր մեծագոյն իրագործումը թմրանիւթերու դէմ պայքարին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնն է», յայտնեց Մընասսա:

 

ԱՄԱՎԱՐԿԸ ՊԻՏԻ ՉՎԱՒԵՐԱՑՈՒԻ ԵԹԷ…

Մսայլէհի մէջ տեղի ունեցաւ պատերազմէն տուժած շրջանները վերակառուցելու հարցը արծարծող համակարգումի առաջին ժողովը, որուն ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ պատերազմին, կառավարութիւնը վերաբացած է հարաւի հիւանդանոցներն ու վարժարանները: «Մենք կը ֆինանսաւորենք հարաւի խորհուրդին աշխատանքները, սակայն փլուզուած բնակարանները վերականգնելու համար անհրաժեշտ է միջազգային համագումար մը», ըսաւ Ժապէր:

Խորրհդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին յայտնեց, որ հարաւային զինադադարին հետեւող յանձնախումբը (Մեքանիզմ) պէտք է գումարէ հերթական ժողովներ եւ անհրաժեշտութեան պարագային դիմէ մասնագէտներու: Պըրրի սուտ համարեց Սուրիայէն Լիբանան զէնքերու մաքսանենգումին մասին տարածուած խօսքերը,աւելցնելով որ Միացեալ Նահանգներ լաւ կը գիտակցի այդ մասին: Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Հասան Ֆատլալլա իր կարգին զգուշացուց, թէ պետական ամավարկի նախագիծը պիտի չվաւերացուի, եթէ անոր մէջ չներառուի քանդուած շրջաններուն վերակառուցումը:

 

ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ ԵՒ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔԻ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւան երկխօսութիւն կը զարգացնէ Անքարայի հետ եւ ունի աստիճանաբար արդիւնքներու հասնելու յոյս: Անոր համաձայն, երկու կողմերը կը քննարկեն վստահութիւն վերահաստատելու միջոցները: Միրզոյեան միաժամանակ շեշտեց, որ այլ երկիրներ իրաւունք չունին պահանջելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, որովհետեւ այդ Հայաստանի ներքին գործն է:

Խօսելով Սեւանայ լիճը Կյոյճա լիճ անուանելու Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութեան մասին, Միրզոյեան շեշտեց, որ այդ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ կարելի չէ տեղադրել, սակայն հաւաստիացուց, որ Պաքուի կողմէ կան նաեւ կառուցողական քայլեր: «Հարաւային Կովկասի երկիրները դատապարտուած են համագործակցութեան», շեշտեց Միրզոյեան՝ վստահեցնելով, որ կայ Կիւմրի-Կարս երկաթուղին բանալու գործնական հնարաւորութիւն եւ յառաջիկային պիտի ըլլան շօշափելի արդիւնքներ: Նախարարը միաժամանակ հաւաստիացուց, որ աշխարհի մէջ ոչինչ կրնայ խաթարել Իրանի հետ Հայաստանի բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը:

 

 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔԻ ԱՌՋԵՒ

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան իր կարգին շեշտեց, որ այսօր կայ խաղաղութիւնը ամրապնդելու պատմական հնարաւորութիւն: «2026-ի ընտրութիւններուն Հայաստանի քաղաքացիները պիտի ունենան երկընտրանք՝ ընտրել երկարատեւ խաղաղութիւնը, որ կը տեւէ տասնամեակներ եւ մարդիկ չեն ունեցած մեզի համար հարազատ դարձած անհանգստութիւնը իրենց որդիներուն, եղբայրներուն, հայրերուն եւ իրենց սեփական կեանքին համար: Միւս կողմէն, քաղաքացիները կրնան ընտրել տարատեսակ ամբոխավարներ, որոնց իշխանութեան գալու պարագային խաղաղութիւնը կը դրուի վտանգի տակ», կարծիք յայտնեց Ռուբինեան, ժողովուրդին կոչ ուղղելով 2026-ին որոշելու, որ պիտի շարունակեն խաղաղութեան ճանապարհը: Ռուբինեան Ազգային ժողովէն ապակառուցողական համարեց Ատրպէյճանի նախագահին որոշ յայտարարութիւնները՝ ներառեալ Սեւանայ լիճը Կյոյճա լիճ անուանելը եւ պնդումը, որ ատրպէյճանցիները պէտք է վերադառնան Հայաստան՝ իրենց պատմական հայրենիքը: Ռուբինեան փոխարէնը նշեց, որ ռուսական ցորենը Ատրպէյճանի տարածքով մուտք գործած է Հայաստան եւ այդ զգալի յառաջընթաց է, որ վերջին անգամ եղած էր 1991 թուականին:

Իսկ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վստահեցուց, որ Երեւան կը շարունակէ քննարկել Թրամփի ուղիին (TRIPP) մանրամասնութիւնները, իսկ մօտիկ ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ անցնիլ գործնական աշխատանքներու: Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 13-րդ ժողովին ընթացքին Գրիգորեան հաւաստիացուց, որ Հայաստանի համար մեծ նշանակութիւն ունի ԱՊՀ-ի շրջանակներուն մէջ ընթացող երկխօսութիւնը՝ որպէս անվտանգութեան, համագործակցութեան եւ կայուն զարգացումի հարցերու քննարկումի համար կարեւոր հարթակ: Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հետ՝ քննարկելու հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը, Հարաւային Կովկասի ապահովական վիճակը եւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններու օգտագործումին միջոցները: Շոյկու շեշտեց, որ Մոսկուա դրական ներդրում ունեցած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթին մէջ:

 

ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ հայազգի Կարօ Փայլան ակնկալեց, որ Յունուարին զարգացումներ ըլլան Թրամփի ուղիին (TRIPP) շուրջ: Անոր համաձայն, 2026-ին սկիզբը հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար: «Ամէն ինչ կրնայ միաժամանակ յառաջ շարժիլ՝ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւնները, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական զարգացումները եւ Թրամփի ուղին», կանխատեսեց Փայլան, շեշտելով որ ինք ամբողջ օրը այդ ուղղութեամբ կ’աշխատի Անքարայի, Երեւանի եւ Ուաշինկթընի մէջ:

Խօսելով Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումին մասին, Փայլան հարց տուաւ, որ եթէ դուռը փակ է, ինչպէս կարելի է երկխօսութիւն կատարել անցեալին մասին: Անոր կարծիքով Անքարա եզրակացուցած է, որ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն շահ չքաղեց, իսկ Մոսկուան՝ այո:

 

ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԿԵՆՍԱԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ՄԱԿ-ի ընկերային զարգացումի երկրորդ համաժողովին ընթացքին մասնակցեցաւ Երեւանի կազմակերպած «Աղքատութեան յաղթահարումին համար բնական լուծումներու եւ աւանդական գիտելիքներու ներգրաւում» քննարկումին:

Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ մարդկութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է աղքատութեան յաղթահարումը՝ միաժամանակ պաշտպանելով մեր կենսաբազմազանութիւնը: «Միասին աշխատելով, կամրջելով գիտութիւնը, նորարարութիւնն ու աւանդականը, մենք կրնանք կենսաբազմազանութեան պահպանումը վերածել աղքատութիւնը վերացնող ընկերային արդարութեան շարժիչ ուժի», շեշտեց նախագահ Խաչատուրեան:

 

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԵՏ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ

Եւրոյանձնաժողովի ներգաղթի եւ ներքին գործերու ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննէս Լուխների գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւան եւ ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեանին յանձնեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն վիզաներու ազատականացումի գործողութիւններուն թղթածրարը: Լուխների գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի ու նախարար Արփինէ Սարգսեանին հետ:

Եւրոպացի հիւրը շեշտեց, որ Հայաստան ամէնէն արագը անցած է մուտքի արտօնագրերու ազատականացումի հոլովոյթին ճանապարհը: Սարգսեան իր կարգին յայտնեց, որ վիզաներու ազատականացումի հոլովոյթը մուտք կը գործէ կարեւոր փուլ:

Share63Tweet40
Previous Post

Խմբագրական. Յարատեւութեան Գրաւականը

Next Post

Տնօրէնութեան Խօսքը. 88 Տարի Մտքի, Խօսքի Եւ Հայրենիքի Ծառայութեան Մէջ

Next Post
Տնօրէնութեան Խօսքը. 88 Տարի Մտքի, Խօսքի Եւ Հայրենիքի Ծառայութեան Մէջ

Տնօրէնութեան Խօսքը. 88 Տարի Մտքի, Խօսքի Եւ Հայրենիքի Ծառայութեան Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.