Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Տնօրէնութեան Խօսքը. 88 Տարի Մտքի, Խօսքի Եւ Հայրենիքի Ծառայութեան Մէջ

November 6, 2025
in Default
0
Տնօրէնութեան Խօսքը. 88 Տարի Մտքի, Խօսքի Եւ Հայրենիքի Ծառայութեան Մէջ

Ութսունութ տարիներ առաջ, 1937-ի փոթորկոտ օրերուն, երբ աշխարհը կը տարուբերէր պատերազմի ու գաղափարական բախումներու մէջ, սփիւռքի նոր հորիզոններուն վրայ ծնաւ «Արարատ»-ը՝ իբրեւ լոյսի աւետիս մը։ Լոյս մը, որ պիտի շարունակէր ճառագայթել խաւարի մէջ՝ հայ խօսքին, մտքին ու գոյատեւման կամքի հաւատարմութեամբ։
Այդ օրերուն ծնաւ «Արարատ»-ը՝ պարզ, անխոնջ եւ իր անուան պէս վեհ ու հաստատ։ Ծնաւ հայ միտքն ու հոգին երբե՛ք չմարելու հաստատակամութեամբ։ Տասնամեակներու ընթացքին թերթը գաղափարական համարձակութեան եւ մտաւոր ազնուութեան տիպար հարթակը եղաւ։ Այսօր, երբ կը նշենք մեր 88-ամեակը, կը վերագտնենք այդ լոյսին ուղերձը՝ որպէս ժողովուրդի ոգիին անժամանցելի խորհրդանիշ։

«Արարատ»-ը եղած է հայ մտքի իջեւանը, հաւաքատեղին խմբագիրներու, աշխատաւոր դասակարգին, գրողներու, բանաստեղծներու եւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու։ Իւրաքանչիւրը բերած է իր ձայնը, իր ճշմարտութիւնը, իսկ բոլորն ալ միասին կերտած են մէկ ամբողջութիւն՝ մեր ինքնութեան հաւաքական դիմագիծը։

Թերթը երբեք չբաւարարուեցաւ միայն տեղեկացնելու պարտաւորութեամբ։ Ան եղաւ նուիրումի դպրոց մը՝ բանաւոր կռիւի, գաղափարական ազնուութեան եւ մտաւոր ազատութեան հարթակ։

Այսօր, համաշխարհայնացման խռովայոյզ ժամանակներուն մէջ, երբ արժէքները խարխլած են եւ տեսլականները տարտամեցուած՝ մեր հասարակական իրականութեան մէջ կը տիրապետեն միջակութիւնները, կ’աղաւաղուի մեր հաւաքական դիմագիծը, մարդիկ կտրուած են արժէքներէ եւ իրարու նկատմամբ օտարացած։ Այսօրուան սերունդները կը դիմագրաւեն աշխարհ մը, ուր տեղեկատուութիւնը դարձած է հոսանք։ Մեր ընթերցողը փոխուած է. պատանին կորսուած է համացանցի ծովին մէջ, երիտասարդը այլեւս թերթ չի կարդար, ալեհերը կ’ապրի անցեալի նոսթալժիով, 1950-60-ականներու հին երազներով: Տպագրական դիւրութիւնները աճած են, բայց ընթերցողին շփումը հայ մտքին հետ՝ նօսրացած։

Այս պարագային մամուլի առաքելութիւնը կը դառնայ աւելի պատասխանատու։ Նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ մամուլը կը կանգնի վճռական հարցադրումի առջեւ՝ առաջնորդե՞լ, թէ՞ դիտորդ մնալ։ Երբ ընթերցողը կը նօսրանայ, աշխարհի նոր վերափոխումներուն մէջ կը մղուինք հարց տալու․ մամուլին առաքելութիւնը ինչպէ՞ս վերարժեւորել։ Եթէ մամուլը միայն արձանագրութիւն չէ, այլ նաեւ ուղղութիւն, ապա ինչպէ՞ս կարելի է անաղմուկ առաջնորդել առանց եկեղեցա-քաղաքական միասնականութիւնը ապականելու։ Իսկ արդեօք երբեմն լռելն ալ դիրքորոշում չէ՞, միասնութեան գործընացին մունջ համերաշխութեան կոչ մը։
«Արարատ»-ը կը փորձէ պահել այդ բարակ սահմանը՝ պահպանելով խօսքի արժանապատուութիւնը եւ քննադատական մտքի ազատութիւնը։
Տարեդարձի այս օրը երանութեամբ կ’ոգեկոչենք մեր յաւիտենական հիմնադիրները եւ բոլոր այն աշխատակիցները, որոնք իրենց մտքի փայլով ու ձեռքի ուժով կառուցեցին այս տաճարը՝ խմբագիրները, լրագրողները, յօդուածագիրները, գրաշարներ, ցրուիչները, վարչական սպասաւորները, բարերարները, նուիրատուները, որոնց ջանքով «Արարատ»-ը կը շարունակէ գոյատեւել իբրեւ կենդանի մարմին։
Մեր յատուկ երախտագիտութիւնը կը յղենք մեր հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք մնացին թերթին ապաւէնը այս ալեկոծեալ ժամանակներուն։

Այսօր, երբ սփիւռքեան իրականութիւնը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, «Արարատ»-ը կը շարունակէ թիավարել սաստիկ ալեկոծ ովկիանոսի մէջ համեստ մակոյկային պայմաններու մէջ, նուիրումով ու վեհանձնութեամբ, ոչ միայն գրելու, այլ կողմնորոշելու գիտակցութեամբ։ Մեր էջերը կը շարունակեն վառ պահել հայ մտածողութեան կայծը, վկայելով որ հայ խօսքը դեռ ունի իր ներքին շունչն ու զօրութիւնը:

Սփիւռքեան գոյութեան մէջ թերթը կը կրէ նաեւ լեզուական առաքելութիւն։
Արեւմտահայերէնի մաքրութիւնը եւ կենդանութիւնը պիտի պահպանուի նաեւ այն ատեն, երբ ան կը շնչէ մեր մամուլի էջերուն մէջ։ Այս առումով, թերթը այլեւս միայն լրատուամիջոց չէ, այլ մշակութային ներկայութիւն՝ հայ գաղութին հոգեւոր շղթայի մաս մը։

Այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք է պահպանենք հայերէնը՝ իր մաքրութեամբ ու վեհութեամբ, զայն պահենք կենդանի մեր գաղութներու կեանքին մէջ։
Ահա սա՛ է «Արարատ»-ի դաւանանքը՝ ութսունութ տարիներ ետք եւ միշտ խօսքի, մտքի ու հայրենասիրութեան ծառայութեան մէջ։

«Արարատ»-ը այդ դաւանանքի ձայնն էր ու կը շարունակէ մնալ:
Եւ եթէ երբեմն փոթորիկները փորձեն խլել անոր ձայնը, մենք ամէն գնով պիտի պահպանենք զայն, որովհետեւ ան կը խօսի այն տեղէն, ուր հայութիւնը կը շնչէ։

Share62Tweet39
Previous Post

Լուրեր. 6 Նոյեմբեր 2025

Next Post

Ընտանեկան Յուշերէս. «Այս Վիճակը Ապագայի Չի Տանիր Մեզ»

Next Post
Ընտանեկան Յուշերէս. «Այս Վիճակը Ապագայի Չի Տանիր Մեզ»

Ընտանեկան Յուշերէս. «Այս Վիճակը Ապագայի Չի Տանիր Մեզ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.