Արդէն 88 տարիներ թողուցինք մեր ետին…: Պատկառելի այս տարիքը, ինքնըստինքեան, «Արարատ» օրաթերթը կը դասէ հայ մամուլի նահապետներու շարքին:
88-րդ տարեդարձն է այսօր, մամուլի այն երախտաւորին, որ հակառակ իր ապրած փոթորկալի անցեալին, անկոտրում կաղնիի նման կը շարունակէ մնալ աներեր: Անկասկած, իւրաքանչիւր թիւի ծնունդ երկունք մըն է դժուարին՝ ջանք ու ճիգ պահանջող: Ո՞րն է ամէնօրեայ գուպարը թերթին, եթէ ոչ լոյսին գալ՝ փութանակի հասնելու համար ընթերցողներու սեղանին:
Կիլիկիայէն եւ Հայաստանի տարբեր բնօրրաններէն տարագիր հոյլ մը ընկերներ, 1937-ին, Լիբանանի գեղախինդ ափերուն, փայփայելի տեսլականը ունեցան արմատահան հայ բեկորներուն ծառայել մամուլի միջոցաւ: Այդ ճամբով, անոնք, գիր ու գրականութեան տարածման զուգընթաց, հետամուտ էին յուսաբեկ, մոլորուն եւ հալածական զանգուածներուն ուղղորդել դէպի նորածաղկ հայրենիք, խրախուսել զանոնք հայրենիքի գոյութեամբ եւ անոր նուաճումներով. միաժամանակ, ասպնջական Լիբանանի նկատմամբ տածել երախտագիտութեան եւ հաւատարմութեան գիտակցութիւն. մամուլի ճամբով արձագանգել գաղութահայ կեանքի եղելութեանց, հանդիսանալ ձայնը աշխատաւոր ու խոնարհ դասակարգին, ոգեւորել համայնքային մշակութային-երիտասարդական-մարզական կեանքի բաբախումները. նաեւ ըլլալ անաչառ տեղեկատու՝ տեղական, շրջանային թէ միջազգային բուռն ելեւէջներուն, պայթուցիկ զարգացումներուն եւ այլն: Արդարեւ, ո՞ր դիպուկ անունը կրնար ըլլալ յարմարագոյնը՝ զանգուածները առինքնելու հայրենիքի ուղղութեամբ, եթէ ոչ հայոց յաւերժութեան, անսասանութեան եւ ազգային իղձերու գերագոյն խորհրդանիշ՝ ԱՐԱՐԱՏ սրբազան լեռն հայոց:
Բոյլ մը հնչակեաններ էին անոնք՝ որոնք սնած եւ ուռճացած հայրենի հողին վրայ, տարիներու պայքարի բովին մէջ ջրդեղուած, ակամայ ափ առին Լիբանան եւ կայկայելով այստեղ՝ շարունակեցին իրենց ազգային-կուսակցական յանձնառութիւնը: Սկիզբն էր այս: Եւ ո՞վ կրնար գուշակել, թէ 88 երկար ու ձիգ տարիներ պիտի յաջորդէին մէկը միւսին, եւ ահա այսօր, այս տարիքին, հանրութեան պիտի ներկայանայ արդար վաստակով՝ երէց սերունդներուն հրիտակը անաղարտօրէն պահպանած:
Ընդհանրապէս մամուլ պահելն ու պահպանելը դժուարին ու ծախսատար առաքելութիւն է: Յաճախ կառավարութիւններ եւ հեղինակաւոր կառոյցներ կը խարխափին եւ կը կանգնին այդ տատասկոտ ճանապարհին: Իսկ Սփիւռքի մէջ, պետական հովանաւորչութենէ զուրկ, լպրծուն եւ սայթաքուն հողի վրայ առաւել կը բարդանայ իրավիճակը: Աննկուն կամք եւ անայլայլ ոգի է պէտք՝ կանգուն պահելու համար հայկական օրկան մը: Անհաւասար գօտեմարտի նմանող պայքար կ’ենթադրէ հեւ ի հեւ վազքը լոյս տեսնելիք նոր թերթին համար: Հո՛ն է աշխատանքին դառն բայց հաճելի պահը: Հո՛ն է հանգիստ խիղճով հաշուեփակ կատարելու գոհունակութիւնը:
Եւ այսօր, մեր դիմաց ունենալով անցեալ տասնամեակներու թերթին բազմակուտակ հաւաքածոները, հոն ամփոփուած նիւթերը, անոր էջերուն մէջ անմահացած խմբագիրներու եւ աշխատակիցներու անունները, հոն արծարծուած հրատապ հարցերը, թերթին շուրջ բոլորուած գրիչներու երկար ցանկը, իրօք, կը պարտաւորուինք յարգանք տածել բոլորին նկատմամբ անխտիր: Եւ այս ոչ միայն «Արարատ»-ի պարագային, այլեւ կարգ մը հայ մամուլի այն անուններուն, որոնք տասնամեակներ մնացին պատնէշի վրայ՝ Պոլիսէն մինչև Եգիպտոս, ԱՄՆ, Հարաւային Ամերիկա, Իրան եւ այլուր՝ հայ տիպ ու տառի քուրմերուն շքեղ անուններով եւ դէմքերով:
Յետադարձ ակնարկ մը սոսկ հերիք է համոզուելու, որ քանի՜-քանի՜ սերունդներ, 88 տարիներու ընթացքին, տողանցեցին «Արարատ»-ի ընտանիքէն: Երկար է ցանկը անտարակոյս: Խմբագիրներ, վարչական պատասխանատուներ, աշխատակիցներ, պաշտօնեաներ եւ խոնարհագոյն ցրուիչներ: Մեղուաջան աշխատանք մը՝ որ երբեմն կը դառնար վտանգաւոր՝ յանդգնութիւն պահանջող: Տնտեսական ծանր բեռ մը՝ որ երբեմն կը ճնշէր ծանր կապարի հանգոյն: Սակայն կար զանխուլ ուժ մը, որ կը հարթէր ամէն խոչ ու խութ: Այդ աւիշն ու աւիւնը «Արարատ»-ի հիմնադիր սերունդին փոխանցած հաւատքն էր՝ հայրենիքի եւ գաղափարի նկատմամբ: Եւ այստեղ է որ կը պարզուի մեր յարատեւութեան գրաւականը: Անսասանելի՛ գրաւականը: Անկողոպտելի՛ գրաւականը: Անքակտելի շղթայ մըն է այս բոլորը, որ անտրոհելի պահեց այդ գրաւականը. հայրենիք-կուսակցութիւն-խմբագրական անձնակազմ-հաւատաւոր աշխատակիցներ-հետեւողական ընթերցողներ-բան ու բառին երկրպագուներ եւ նիւթապէս սատարողներ: Հետեւապէս՝ ասոր արդիւնք որպէս, «Արարատ» հասաւ այս պանծալի օրուան: Յարգա՛նք յայտնի եւ անյայտ բոլոր նուիրեալներուն՝ որոնց անունները անջնջելիօրէն դրոշմուած է «Արարատ»-ի պատմութեան ոսկէ մատեանի էջերուն:
Այս բարեբաստիկ առիթով, պարտք կը զգանք գէթ յիշատակել անունները գոնէ մի քանի անձնդիր ընկերներու՝ որոնց հետքն ու կնիքը դաջուած է հայ մամուլի տարեգրութեան էջերուն. Արմենակ Էլոյեան, Ասատուր Էլճանեան, Արսէն Կիտուր, Արմէն Ղարիպ, Միհրան Սէֆէրեան, Միհրան Նաճարեան, Յարութիւն Կուժունի եւ յատկապէս տասնեակ տարիներու տնօրէն Օննիկ Ճամպուլեան, տասնեակ տարիներու խմբագիրներ Ժիրայր Նայիրի, Հրանդ Գանգրունի եւ Սարգիս Նաճարեան: Ի հարկէ, անհնար է թուել անունները բոլորին, սակայն իւրաքանչիւր ոք, որ նոյնիսկ իր համեստ ներդրումը ունեցած է 88-ամեայ մեր օրաթերթին, կը մնայ անմոռանալի:
Կառչած յարատեւութեան գրաւականին՝ թող գալիք տարիները ըլլան երկա՜ր ու դալար՝ աննկուն գաղափարապաշտ օրկան «Արարատ» օրաթերթին:

