Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը

«Արարատ» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 88-Ամեակին Առթիւ

November 6, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը

Այսօր մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը նշենք մեր սիրելի «Արարատ» օրաթերթի հիմնադրութեան 88-րդ տարեդարձը. պատմական եւ խորհրդանշական պահ մը մեր ազգային ու հասարակական կեանքին մէջ։ 88 տարի անսպառ նուիրումով, մտաւոր ուժով եւ ազգային ծառայութեան ոգիով իր երթը կը շարունակէ «Արարատ» օրաթերթը։ «Արարատ»-ը հիմնուած է այն տարիներուն, երբ հայ ժողովուրդը կ’որոնէր իր ձայնը, իր գոյութեան իմաստը եւ իր ինքնութեան վկայութիւնը օտար հողերու վրայ: Այդ օրուան խմբագիրները, լրագրողները եւ մշակութային գործիչները տեսլական մը ունէին՝ ստեղծել թերթ մը, որ պիտի ըլլար ոչ միայն լրատուամիջոց, այլեւ դպրոց, դասարան եւ ուղղութիւն տուող խարիսխ մեր համայնքին զաւակներուն համար։

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան օրկան «Արարատ» օրաթերթը եղաւ գաղափար արդարութեան, ազատութեան եւ ընկերային արդար գործի։ Եղաւ թերթ մը, որուն էջերուն մէջ միշտ հնչած է հնչակեան գաղափարախօսութիւնը՝ հաւատարմութիւն մարդուն արժանապատուութեան, ընկերային պատասխանատուութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքին։

Այսօր, երբ կ’արժեւորենք անցած 88 տարիները, մեր հոգին կը լեցուի անհուն հպարտութեամբ։ «Արարատ» գոյատեւեց պատերազմներու, արտագաղթի, տնտեսական տագնապներու, մամուլի դէմ ճնշումներու եւ այլ դժուարութիւններու մէջ։ Ան ապրեցաւ, որովհետեւ հիմքը հաստատուած է հաւատքի եւ սկզբունքային գաղափարախօսութեան վրայ։ Այսօր ալ կը գոյատեւէ, որովհետեւ ունի հաւատաւոր ընթերցողներ, նուիրեալ աշխատակիցներ եւ բարեկամական լայն շրջանակ։

Այսօր մենք կը խոնարհինք բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք ծառայեցին «Արարատ»-ին՝ որպէս խմբագիրներ, տնօրէններ, լրագրողներ, աշխատակիցներ, մտաւորականներ եւ բարերարներ։ Այսպիսով, «Արարատ» օրաթերթին հիմնադիրները կերտեցին ոչ միայն մամուլ, այլեւ՝ պատմութիւն։ Անոնք յաջողեցան սերունդէ-սերունդ փոխանցել այն ջահը, որ անշէջ կը մնայ մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ։

«Արարատ» օրաթերթի յարգելի բաժանորդ եւ ընթերցասէր հայորդի,

88 տարիներու ընթացքին, «Արարատ»-ը եղաւ ականատես եւ վկայ ազգային եւ համայնքային բոլոր փուլերուն։ Ան լուսաբանեց մեր կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը, մեր կուսակցական կեանքը, մեր մարզական եւ երիտասարդական շարժումները, մեր եկեղեցական իրադարձութիւնները։ Ան եղաւ բաց հարթակ մը բոլոր այն միտքերուն համար, որոնք կը միտին հայ ժողովուրդի գոյատեւումին եւ հզօրացումին։

Իսկ այսօր, երբ աշխարհը արագ ու անկանխատեսելի ձեւերով կը փոխուի, մեր մամուլը կը կանգնի նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։

Բայց համոզուած ենք՝ «Արարատ»-ը պիտի շարունակէ մնալ հաւատարիմ իր առաքելութեան։ Թերթ մը, որ կը պահպանէ հայոց լեզուն, կը խրախուսէ մտաւոր ու մշակութային արտադրութիւնը եւ կենսունակ կը պահէ մեր ազգային ինքնութիւնը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ այս օրաթերթին հովանաւորն ու գաղափարական յենարանը։

Մենք հաւատացած ենք, որ մամուլը ոչ միայն տեղեկատուութեան միջոց է, այլեւ քաղաքական ու հասարակական կրթութեան դպրոց։

Եւ «Արարատ»-ը, իր գոյութեամբ, կը մնայ կենդանի օրինակ մը այն մտաւոր առաքելութեան, որ մեր կուսակցութիւնը պաշտպանած է 138 տարիէ աւելի։

Այս առիթով կ’ուզենք մեր խորին գնահատանքը յայտնել խմբագրական կազմին, որ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նոյն նուիրումով եւ նոյն պատասխանատուութեամբ։ Կը շնորհաւորենք օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեանը, նաեւ բոլոր նախկին եւ ներկայ խմբագիրները, յօդուածագիրները, պաշտօնեաները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը ծառայեն ճշմարտութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանումին: Բի՜ւր յարգանք մեր ընթերցողներուն՝ առանց որոնց աջակցութեան եւ սիրոյն ոչ մէկ թերթ պիտի կարենար գոյատեւել։

«Արարատ»-ը միայն անցեալի վաստակ չէ, այլեւ ապագայի պարտաւորութիւն։

Պարտաւորութիւն՝ շարունակելու գրել, լուսաբանել, վերլուծել եւ կռուիլ՝ մշակոյթի, ազատութեան եւ արժանապատուութեան դաշտին վրայ: Ան պիտի մնայ հայ մամուլի անբաժանելի մասնիկը՝ Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ Սփիւռքի մէջ։ Այս 88-րդ տարեդարձին առիթով, մենք վստահ ենք, որ «Արարատ»-ը պիտի անցնի դէպի իր հարիւրամեակը նոյն ուժով, նոյն ոգիով եւ նոյն հաւատարմութեամբ։ Թող մեր երիտասարդութիւնը գիտակցի, որ մամուլը ազգային զէնք մըն է՝ պաշտպանելու ճշմարտութիւնը, հայրենիքը եւ ժողովուրդը։ Թող այս տօնը բոլորիս համար ըլլայ նոր ոգեւորութեան օր, թող «Արարատ» շարունակէ լուսաւորել մեր կեանքը, միտքն ու ազգային ուղին։

 

Կեցցէ՛ «Արարատ» օրաթերթը,

Կեցցէ՛ հայ մամուլը,

Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը, որ իր ձայնը միշտ կը պահէ կենդանի ու հզօր։

Share66Tweet41
Previous Post

Վիգէն Գաբրիէլեան Յիշատակին

Next Post

Խմբագրական. Յարատեւութեան Գրաւականը

Next Post
Խմբագրական. Յարատեւութեան Գրաւականը

Խմբագրական. Յարատեւութեան Գրաւականը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.