Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ջան», Թէ «Հոգի»

Անի Թորանեան (Երեւան)

November 4, 2025
in Յօդուածներ
0
«Ջան», Թէ «Հոգի»

Ուրկէ՞ այս միտքը։

Օրեր առաջ այցի գացած էի սիրելի բարեկամուհիիս՝ գեղանկարիչներ Յակոբ եւ Մարի Յակոբեաններու դստեր՝ Նորային, եւ շատ մը նիւթերու կողքին խօսեցանք նաեւ այն մասին, թէ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս մեր առօրեայ խօսակցականին մաս կազմած է «ջան» մտերմական արտայայտութիւնը…

Այդ առիթով յիշեցի Պայրընէն բանաստեղծութիւն մը եւ զարմանալիօրէն յաջողեցայ զայն ամբողջութեամբ արտասանել… Նորային հետ անդրադարձանք, որ առաւելաբար հայաստանաբնակ ժողովուրդն է, որ կը գործածէ «ջան»-ը, մինչդեռ սփիւռքահայուն համար հարազատը «հոգիս»-ն է։

Դարերու խորքէն եկած սովորութիւն ու վարժութիւն է իրար դիմել սիրալիր ու ջերմ «ջան» բառով: Բայց որքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ զայն կարենայինք փոխարինել «հոգի»-ով, խօսքը դարձնելով ոչ միայն սիրոյ, այլեւ հոգեւոր կապի արտայայտութիւն։

Սոյն գրութիւնս փորձ մըն է բացայայտելու բառերուն ուժը եւ այն, թէ ինչպէս պարզ բառ մը կրնայ փոխել մարդկային կապին խորութիւնը: Ուղեցոյցս Լորտ Պայրընի բանաստեղծութեան հայերէն թարգմանութիւնը պիտի ըլլայ (թարգմանիչը՝ Ռաֆայէլ Իշխանեան)։

Հայերէնը աշխարհի ամենազգացմունքային լեզուներէն մէկն է (գուցէ հակառակը՝ զգացմունքայինը զայն օգտագործող ժողովուրդն է)։ Մեր խօսքին մէջ բառերը երբեմն երկրորդ, երրորդ կեանք կը ստանան, ոչ թէ որպէս սովորական հնչիւններու միացութիւն, այլ զգացմունքի մարմնաւորում։ Այդպիսին է «ջան»-ը։

Առանց չափազանցութեան ամէն վայրկեան կարելի է լսել՝ «հայրիկ ջան», «քոյրիկ ջան», «մայրիկ ջան»… Այդ բառը կարծես տաք շունչ ունի՝ ինչպէս մօր մը ձեռքերուն ջերմութիւնը կամ հացին բոյրը։

Եթէ քիչ մը փորձենք խորանալ, կը հասկնանք, որ «ջան»-ը մեզի անցած է պարսկերէնէն (جان), եւ կը նշանակէ կեանք, շունչ, մարմին։ Դարերու ընթացքին այդ բառը դարձեր է հայ բառ ու բանին անբաժան մասնիկը, որպէս սիրոյ, յարգանքի եւ մտերմութեան նշան։

Սակայն շատ բան փոխուած է այսօր եւ բառը յաճախ վերածուած  է սովորական դիմելաձեւի, առանց սակայն  պահպանելու իր հին մաքրութիւնը։
Ահա այստեղ է, որ մարմին կ’առնէ այս հարցումը՝ իսկ ինչո՞ւ ոչ՝ «հոգիս»։

«Հոգիս»՝ բառ, արտայայտութիւն, որ մարդը կը կապէ անսահմանութեան։

«Հոգիս» բառը մեղմ է, փափուկ, լուսաւոր, կարծես կ’արտաբերուի ոչ թէ շուրթերէն, այլ՝ սրտէն։ Երբ կ’ըսենք «հոգիս», մենք կը խօսինք ոչ թէ մարդու մարմինին, այլ անոր ներքին լոյսին հետ։

Եթէ «ջան»-ը մարմնին շունչն է, ապա «հոգիս»-ը՝ հոգիինն է վստահաբար։
Մէկը կու գայ կեանքէն, միւսը՝ յաւերժութենէն։ Եւ այս նուրբ տարբերութիւնը կրնայ փոխել ոչ միայն մեր խօսքը, այլեւ մեր վերաբերմունքը։ Խօսքը ինքնին կը վերածուի աղօթքի. մարդէն՝ մարդուն, հոգիէն՝ հոգիին։

Ճիշդ այս տարբերութիւնն է, որ զգացած է Լորտ Պայրըն եւ այնքան գեղեցիկ արտայայտած է իր խորաթափանց քերթուածով։

Ծանօթանանք այդ գողտրիկ բանաստեղծութեան.

Սրտիդ քնքոյշ ակնթարթին

Դու ասացիր ինձ՝ «իմ կեանք»,

Շատ լաւ է այդ, եթէ, անգին,

Յաւէտ ջահել մենք մնանք։

Սակայն մեռնում է ամէն ինչ,

Ու էլ չասես ինձ՝ «իմ կեանք»,

Դու ինձ կոչիր՝ «հոգի», որ միշտ

Սիրով անմահ մենք մնանք։

 

Այս տողերը լիովին կը փոխեն սիրոյ ընկալումը․
մարմնականը՝ դէպի հոգեւոր, ժամանակաւորը՝ դէպի յաւերժութիւն։ Պայրըն կարծես մեզի կը յիշեցնէ, թէ սիրել կը նշանակէ տեսնել մարդու հոգին, եւ ոչ միայն անոր ներկայութիւնը։

Բառերը մեր մշակոյթի հայելին են։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կը մտածենք, ինչպէս կը զգանք մենք։ Երբ կ’ըսենք «ջան», յուզական ջերմութիւն է, որ կ’արտայայտենք։ Երբ կ’ըսենք «հոգիս»,  կ’արտայայտենք հոգեւոր կապ ու խորունկ սէր։ Ճիշդ այս աննշան կարծուած անցումն է, որ կրնայ փոխել մեր հասարակութեան շփման որակը։ Որքան շատ հնչէ «հոգիս»-ը, այնքան աւելի կը փափկի մեր խօսքը, այնքան աւելի մարդասիրական կը դառնայ մեր վերաբերմունքը։

Ամէն անգամ, որ մարդուն դիմես հոգիով, ոչ մարմնով, խօսքդ կը դառնայ… խաղաղութիւն։ Իսկ մենք որքա՜ն պէտք ունինք այդ խաղաղութեան…։

Լեզուի պատմութիւնը մեզի կը թելադրէ, որ պզտիկ փոփոխութիւնները երբեմն ամբողջ մշակոյթ մը կրնան փոխել։

Համոզուինք օրինակով…

  • «Եկուր ջանս, քովս նստիր» – ջերմ է, բայց առօրեական։
  • «Եկուր, հոգիս, քովս նստիր» – մեղմ է, խաղաղ եւ անշուշտ հոգեւոր։

Այստեղ բառը կը վերափոխուի լոյսի միջավայրի, եւ խօսքը՝ հոգեւոր շփման տարածքի։
Այդպէս լեզուն կը սկսի ոչ թէ ընդամէնը հաղորդել, այլ… Բուժել։

«Հոգիս» բառը կարելի չէ արտասանել առանց պատասխանատուութեան, առանց զայն ապրելու, առանց անոր խորքը գիտակցելու։ Բառը իր մեղմութեամբ ու խորութեամբ գրաւիչ եւ յուզիչ է միաժամանակ եւ կրնայ դառնալ ոչ միայն սիրոյ, այլեւ ազգային ինքնութեան խորհրդանիշ։ Ան մեզի կը յուշէ, որ մեր լեզուն՝ հայերէնը, ոչ միայն պարզ հաղորդակցութեան միջոց, այլեւ հոգեւոր տարածք է։

Երբ կ’ատաբերենք «հոգիս»՝ մենք կը վերացնենք ժամանակի ու մարմինի սահմանը։ Այդ պահուն խօսքը կը դառնայ աղօթք. սիրտէ՝ սիրտ, հոգիէ՝ հոգի։

Եթէ գայ այն օրը, երբ մեր ամէնօրեայ խօսքին մէջ «ջան»-ին փոխարէն սկսինք հնչեցնել «հոգիս»-ը, գուցէ աշխարհը՝ մե՛ր աշխարհը, քիչ մը աւելի խաղաղ դառնայ, քիչ մը աւելի տանելի, քիչ մը աւելի սիրելի, քանի որ մեր խօսքը կը լեցուի լոյսով, այն նոյն լոյսով, որ Պայրըն տեսաւ սիրոյ մէջ։

Բառերը, երբ կը գրենք, կը ծնին ոչ թէ գլխէն, այլ  հոգիէն, եւ երբ կ’ըսենք «հոգիս», մեր լեզուն կը յիշէ, թէ ուրկէ սկիզբ առած է…։

Share63Tweet40
Previous Post

Հայութեան Հանդէպ Դաշնակից Բրիտանիոյ Ապերախտ Կեցուածքը Առաջին Աշխարհամարտին` 1915-ի Սկիզբը

Next Post

Վիգէն Գաբրիէլեան Յիշատակին

Next Post
Վիգէն Գաբրիէլեան Յիշատակին

Վիգէն Գաբրիէլեան Յիշատակին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.