Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայութեան Հանդէպ Դաշնակից Բրիտանիոյ Ապերախտ Կեցուածքը Առաջին Աշխարհամարտին` 1915-ի Սկիզբը

Յարութիւն Իսկահատեան

November 4, 2025
in Յօդուածներ
0
Հայութեան Հանդէպ Դաշնակից Բրիտանիոյ Ապերախտ Կեցուածքը Առաջին Աշխարհամարտին` 1915-ի Սկիզբը

Մեծ պետութիւնները միշտ կառչած են իրենց շահերուն։ Անոնց համար մնայուն բարեկամ կամ մնայուն թշնամի գոյութիւն չունի, այլ, մեկնելով իրենց շահերէն, անոնք բրտօրէն կը վարուին ուրիշներու հետ եւ յաճախ վայրենի ու անմարդկային․․․ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ա․ Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը Տարտանէլի մէջ Բրիտանիոյ կամովի նահանջը Ֆրանսայի հետ, որ ոսկի առիթ ընծայեց Թուրքիոյ՝ կատարելու համար Հայոց Մեծ Եղեռնը։ Դոկտ․ Արտեմ Օհանջանեան այս հարցը ուսումնասիրելով հրատարակած է իր լոյս ընծայած գիրքին մէջ, որ խորագրուած է «Հայաստան 1915, աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական զեկուցագիրները կը հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը» 10 հատոր, անգլերէն 10 volumes (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ), ուրկէ քաղած ենք ներքոնշեալ տեղեկութիւնները: Հատորաշարքին ընդհանուր ծաւալը 9000 էջ է: Ան կը պարունակէ նաեւ 30 քաղաքական ու ռազմական քարտէսներ:

Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ. «Առաջին Համաշխարհային պատերազմին Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ հայոց նկատմամբ աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ: Ռուսիոյ նկատմամբ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը մահացու բնոյթ ունէր եւ պատճառ դարձաւ թուրքերու կողմէ հայոց հալածանքներու եւ սպանդի սաստկացման: Ոչ միայն 1,5 միլիոն հայեր զոհուեցան, այլ նաեւ հայ ազգը իր հայրենիքը՝ պատմական Հայաստանը կորսնցուց» (էջ 282):

Մարմարայի ծովը

11 Փետրուար 1915-ին անգլիական նաւատորմը կը սկսի ռմբակոծել Տարտանէլի թրքական զինուորական ամրութիւնները: Մարտ ամսուան սկիզբը այնտեղի բոլոր ամրութիւնները արդէն քանդուած էին եւ Թուրքիա կը պատրատուէր դատարկելու Կ. Պոլիսը: Երբ նոյն ամսուն 19-ին դաշնակիցները կորսնցուցին երեք ռազմանաւեր, անոնք իրենց յարձակումը դադրեցուցին եւ նահանջեցին: Բրիտանիոյ հետագայի վարչապետ, այդ ժամանակ ծովային ուժերու սպայ եւ այդ մարտերու մասնակից Ուինսթըն Չըրչիլ այս դադրեցման դէմ բողոք ներկայացուց անգլիական ծովակալութեան՝ ըսելով. «Մենք գաղտնի սպասարկութիւններու միջոցով իմացանք որ թրքական ոյժերը զինամթերքի սուր տագնապ ունին եւ գերմանացի զինուորականներ իրենց կեդրոնէն կը պահանջեն յաւելեալ զինամթերք: Այս իրականութենէն կը պարզուի, թէ գիշեր ցերեկ պէտք է տքնինք յաղթանակ ապահովելու: Անխուսափելի վնասներու առկայութիւնը պէտք է ընդունելի ըլլայ» (էջ 282): Սոյն բողոքը զգուշացում մըն էր ուղղուած անգլիական ծովակալութեան, որ իրենց յաղթանակը այնքան ալ հեռու չէր: Թուրքերը գրեթէ պարտուած էին եւ իրենց դաշնակից գերմանացիները չէին կրնար օգնութեան հասնիլ: Այս իրողութեան մասին կը վկայեն գերմանացի եւ աւստրիացի բարձրաստիճան սպաներ, դիւանագէտներ եւ քաղաքական վերլուծողներ, որոնցմէ են գերմանացի զօրավար Լիման ֆոն Սանտերս եւ քաղաքական վերլուծող Քլեմանս Լար, իսկ թրքական կողմէն Էնվեր ու Թալաաթ փաշաները:

Տարտանէլի թրքական դիրքերու վրայ դաշնակիցներու յարձակման ի հակադրութիւն՝ հայոց բռնագաղթերը դէպի սուրիական անապատները եւ կոտորածները սկսած էին: Այս հարցին մասին դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ. «Տարտանէլի վրայ յարձակման Չըրչիլի, Քէյի, Լիման ֆոն Սանտերսի եւ Էնվեր փաշայի վերլուծութիւններըը մեզ կ’առաջնորդեն եզրակացնելու այն իրողութիւնը, թէ Բրիտանիա յաղթանակէն դիտումնաւոր կերպով հրաժարեցաւ» (էջ 284): Այս հրաժարման բացատրութիւնը այն է, թէ Անգլիա չէր ուզեր որեւէ պարագայի տակ ռուսերուն ճամբայ բանալ դէպի Կ. Պոլիս: Անգլիոյ այս արարքը՝ ուղղուած Ռուսիոյ դէմ, իր յոռեգոյն անդրադարձը ունեցաւ հայոց վրայ, որ աղիտալի եւ կործանիչ եղաւ: Այս հարցին մասին հեղինակը կ’եզրակացնէ. «Յայտնի է թէ Անգլիա դարերով արգելք հանդիսանալով պայքարած է Ռուսիոյ յառաջխաղացքին դէպի Կովկաս եւ Կ. Պոլիս» (էջ 285):

Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ, թէ անգլիական գաղտնի սպասարկութիւնը լծակ ունենալով իր լրտեսական ցանցերը, ռուսական յեղափոխութիւնը ոչ միայն յառաջ տարաւ, այլ անոր ուղղութիւն տուաւ այնպիսի զարգացումներ արձանագրելու՝ ինչպէս որ յարմար էր իրեն: Արդարեւ երբ Քերենսկի Ռուսիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ Փետրուարեան յեղափոխութեամբ, ան մտադրութիւն ունէր պատերազմը շարունակելու եւ հետեւաբար Օսմանեան պետութիւնը տարանջատելու, ինչ որ պիտի հանգէր ռուսական հովանիին տակ հայոց հայրենիք մը ապահովելու, որ հայոց մեծամասնութեան երազն էր: Յեղափոխութեան ընթացքին անգլիացիները արդէն իրենց գործակալներուն միջոցաւ սպանդ եւ հալածանք հրահրած էին Փեթերսպուրկի մէջ: Այժմ երբ Քերենսկի իշխանութեան գլուխ հասած էր, Բրիտանիա փութաց զայն փոխարինել Լենինով, որովհետեւ վերջինս կ’ուզէր պատերազմէն հրաժարիլ: Բրիտանացիները յաջողած էին համոզել Ա.Մ.Ն.-ը, որ պատերազմին մէջ մտնէ եւ փոխարինէ Ռուսիան: Ռուսական Յեղափոխութեան բրիտանական միջամտութեան մասին վերլուծող Կէրի Էլըն «Տհը Ինսայտըր» խորագիրով իր հեղինակած գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Ռուսական Յեղափոխութիւնը ծրագրուած էր Ճորճ Պիւքընըն եւ Լորտ Ալֆրէտ Միլնըրի կողմէ: Փեթերսպուրկի յեղափոխական պատասխանատուները  անգլիացիներու հետ կը գործակցէին եւ անգլիացի լրտեսներ կը վխտային քաղաքին մէջ: Անոնք կը հրահրէին ռուսերը սպանդներ կատարելու: Այս գծով Լորտ Միլնըր 21 միլիոն անգլիական փաունտ ծախսած է, իսկ ամերիկացի գործակալ Ճէյքըպ Շիֆ՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այս զոյգը՝ Լորտ Միլնըր եւ Ճէյքըպ Շիֆ դրամատնային գործակալ Ռոչիլտի պաշտօնակիցներն էին» (էջ 289):

Վերոյիշեալ բացատրողական տեղեկութիւններէն յստակ կ’երեւայ անկլօ-սիոնական սեւ թաթին կատարած մութ գործերը՝ Ռուսիոյ կայունութեան եւ հետեւաբար հայոց անկախութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր խաղաղութեան հաստատման վնասելու, որ ինքնաբերաբար Հայասպանութեան մէջ Բրիտանիոյ դերակատարութիւնը կը շեշտէ:

Share63Tweet39
Previous Post

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի)

Next Post

«Ջան», Թէ «Հոգի»

Next Post
«Ջան», Թէ «Հոգի»

«Ջան», Թէ «Հոգի»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.