Յունահայ մամուլի գլխաւոր երկու անուններն են Աթէնքի «Ազատ Օր» օրաթերթն ու «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթը։
«Ազատ Օր» կը պատկանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Հիմնուած է 1945-ին, որպէս գաղափարական ժառանգորդը իրեն նախորդող «Նոր Օր» լրագրին (1923-1944)։ Շատ կարեւոր տեղեկատու աղբիւր մըն էր ան, Բ. Աշխարհամարտէն ետք՝ տասնամեակներ շարունակ, որպէս Պալքաններու հայերէն միակ օրաթերթը։ Անիկա հետեւողական կերպով տեղեկութիւններ կու տար ոչ միայն Աթէնքի, այլեւ Թեսաղոնիկէի, Գաւալայի, Տիտիմոթիքոյի, Քսանթիի, Սէրէսի, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլիսի շրջաններուն մէջ ցրուած յունահայ փոքրաթիւ գաղութներուն մասին, ուր ունէր մասնաւոր թղթակիցներ։ Կը յիշենք, որ շուրջ քառասուն տարի, իբրեւ խմբագիր, այս թերթին գլուխը կը գտնուէր ողբացեալ Յովսէփ Պարազեանը (մահացած 2019-ին)։

Թերթը հիմա 80 տարեկան է։ 2009-ին Փարիզի «Յառաջ»-ին փակումէն ետք՝ ան մնացեր էր բովանդակ Եւրոպայի հայատառ միակ օրաթերթը։ 2024-ի տարեմուտէն սկսեալ, սակայն, դժբախտաբար «Ազատ Օր» դադրեցուց իր տպագիր աւանդական հրատարակութիւնը եւ վերածուեցաւ համացանցային լրատուամիջոցի։ Կը թուի թէ կային նիւթական միջոցներու հայթայթման եւ մարդուժի անձկութեան լուրջ տագնապներ, ինչպէս ամէնուրեք…։ Այժմ, ուրեմն, թերթը կը գոհանայ շաբաթական մէ՛կ տպագիր թիւի (8 էջ, կարգ մը սիւնակներ՝ յունարէն) լոյս ընծայումով, մինչ շաբթուան մնացեալ օրերուն՝ 4 էջանի համացանցային թողարկումը կը ղրկուի բաժանորդներու ելեքտրոնային հասցէներուն։ Եւ այս քայլը, որուն համար յառաջ կը քշուին ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններ, օրին բաւական դժգոհութիւններ յառաջացուցած էր ընթերցողներու եւ հին բաժանորդներու շրջանակին մէջ։ Շատեր նկատել տուած էին որ թերթը կարդացողները յունահայ երիտասարդները չե՛ն, այլ՝ տարեց հայորդիները, որոնք մի՛շտ ու բացառաբար պիտի նախընտրեն թերթին թղթային տարբերակը…։ Թերթին այժմու խմբագիրն է Քերոբ Էքիզեան։

Աթէնքի միւս թերթը՝ 8 էջանի «Նոր Աշխարհ»-ը, կը պատկանի ՌԱԿ-ի շրջանակին։ Պաշտօնապէս, ան սեփականութիւնն է Արարատ Մշակութային եւ Մարզական Միութեան։ Լոյս կը տեսնէ 1968-էն իվեր եւ շարունակութիւնը կը նկատուի ռամկավար «Երկիր» շաբաթաթերթին (1957-1968)։ Խմբագիրներն են Զաւէն Գրիգորեան (երկարամեայ վաստակով) եւ Լուսի Պէրպէրեան։ Աղքատիկ է թերթին բովանդակութիւնը, վիրաւոր է գործածուած հայերէնը…։ Այնուհանդերձ, հոն կարելի է արձագանգներ գտնել գո՛նէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ տեղւոյն էջմիածնական թեմի գործունէութեանց մասին (յունահայ գաղութին մէջ կուսակցական անհանդուրժողութիւնը բաւական խիստ է ու «կարծր»։ Կը գործեն թեմական երկու կառոյցներ՝ երկու թեմակալ առաջնորդներով…)։
«Նոր Աշխարհ» ինծի կը հասնի իր համացանցային տարբերակով։
Կը կատարեմ քաղուածքներ ու համադրումներ՝ վերոնշեալ երկու թերթերու վերջին ամսուան թիւերէն։
— Իրենց վերամուտը ողջունած են ԱԹԷՆՔԻ հայկական ամէնօրեայ երեք վարժարանները՝ Ազգ. Զաւարեանը, Ազգ. Լեւոն եւ ՍոՖիա Յակոբեանը (Ճէնազեան միջնակարգ բաժնով) ու Արթաքի Գալփաքեանը։ Առաջին երկուքը կը պատկանին Հայ Կապոյտ Խաչին, իսկ երրորդը՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան։ «Ազատ Օր» կը գրէ որ «աշակերտական ուրախ ձայները անգամ մը եւս լեցուցին դպրոցական շէնքերը, ուր դարձեալ պիտի հնչէ հայերէն լեզուն, հայ գիրն ու պատմութիւնը»։ Առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան ներկայ եղած է ազգային զոյգ վարժարաններւ «առաջին զանգ»-ին։
— ՓԻՐԷԱՅԻ (Աթէնք) բացօթեայ թատրոնի մէկ բեմին վրայ, Սեպտեմբերի վերջերը, յունարէնով ներկայացուած է Մալխասի նշանաւոր «Զարթօնք» վէպին թատերականացուած տարբերակը, Համազգայինի թատերախումբին խաղարկութեամբ։ Ներկայացումը մաս կազմած է տեղական փառատօնի մը յայտագրին։ Գործը, օրին, խտացուած ձեւով թատերականացուած է եղեր Կարապետ ԳալՖայեանի կողմէ (հայերէն), իսկ անոր յունարէն թարգմանութինը կատարած է Սարգիս Աղապատեան։ Բեմադրիչ Յակոբ Պարսամեան կրցեր է տպաւորել յոյն հանդիսատեսները ու գաղափար մը տալ անոնց 20-րդ դարու սկիզբի հայ ազատագրական ու յեղափոխական շարժումներուն մասին։
— ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ (Սելանիկ) Համազգայինի մասնաճիւղը Հայաստանի անկախութեան 34-րդ տարեդարձին առթիւ, Սեպտեմբեր 20-ին, ներկայացուցած է պարային ելոյթ մը, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայկական պարախումբին հետ գործակցաբար։ Սկիզբը, խօսք տրուած է Հայաստանի հիւպատոսի ներկայացուցիչ Սարգիս Տանկազեանի եւ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Գասպարեանի։ Այնուհետեւ բեմը լիացած է «Մասիս», «Կիլիկիա» եւ «Եան» (այս վերջինը՝ Փլովտիւէն) պարախումբերու տպաւորիչ ներկայացումներով, ստեղծելով տօնական մթնոլորտ։ Աւարտին, շնորհակալական ընթրիք մը սարքուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Յաջորդ օր պուլկարահայերու խումբը ներկայ եղած է Կիրակիի պատարագին, ուր կատարուած է գոհաբանական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն՝ ձեռամբ շրջանի հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեանի։
— ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ մէջ (արեւելեան Մակեդոնիա, Թրակիա), Սեպտեմբերի ամսավերջին նշուած է տեղւոյն պատմական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Մատաղի պատրաստութեան համար կատարուած է ոչխարներու զենում։ Կիրակիի Ս. Պատարագը մատուցած եւ քարոզած է Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ եղած են յոյն պաշտօնական ներկայացուցիչներ եւ զանազան շրջաններէ ժամանած հայ ուխտաւորներ։ Յետ եկեղեցական արարողութեանց, թաղականութիւնը աւանդական ճաշկերոյթ մը սարքեր է քաղաքին ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ուր գործադրուեր է գեղարուեստական յայտագիր ալ (երգ ու պար)։ Ողջոյնի խօսք արտասաներ է շրջանի հովիւը՝ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան։ Փակման խօսքը կատարեր է առաջնորդը՝ թելադրելով համախմբուիլ ու տէր կանգնիլ մեր մշակոյթին ու եկեղեցիին։
— ՖԻՔՍԻ (Աթէնք) Արամ Մանուկեան ակումբի սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 4-ին, նշուած է «Հայ պատանիի օր»-ը, նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան վարիչ մարմինին։ Հանդիսավար Արմէն Աճեմեանի բարիգալստեան խօսքէն ետք բաւական ընդարձակ ելոյթ մը ունեցած է Ժագլին Աճեմօղլու, որ նշած է թէ Պատանեկան Միութեան գլխաւոր նպատակներն են հայեցի դաստիարակութիւնը, ինքնութեան պահպանումը, հայախօսութիւնը, կարգապահութիւնը եւ ընկերային կապերու սերտացումը հայ պատանիներուն միջեւ։ Ամառնային արշաւներն ու բանակումները կը նպաստեն այս ճիգին։ Պատանիները բեմին վրայ ներկայացուցած են թատերական կենդանի պատկեր մը։ Հուսկ բանքը արտասանած է առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան։ Այս առթիւ, ներկաներուն բաշխուած է Պատանեկան Միութեան «Արձագանգ» պարբերաթերթի նոր թիւը (լոյս կ՛ընծայուի 1980-ականներէն իվեր), որ լեցուն է պատանիներու հայերէն գրութիւններով։
— ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնք) Զաւարեան վարժարանի յարկին տակ, Հոկտեմբեր 5-ին, գումարուած է Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի 85-րդ պատգամաւորական ժողովը։ Զեկոյցներ կարդացուած են միութեան հովանաւորած ամէնօրեայ զոյգ վարժարաններուն, Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վերջին քանի մը տարիներու գործունէութեան մասին։ Քննարկուած են բարեսիրական, կրթական ու խնամատարական ծրագրեր, հայապահպանումի առնչուող հարցեր։ Աւարտին, ընտրուած է ինը հոգիէ բաղկացեալ Շրջանային նոր վարչութիւն մը։
— ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնք) Զաւարեան վարժարանին մէջ, Հայ Կապոյտ Խաչի պատգամաւորական ժողովին զուգահեռ տեղի ունեցած է նոյն միութեան «Թագուհի Փաշայեան» ուսանողական մրցանակին յանձնումը։ Մրցանակը ամէն տարի կը տրուի ազգային վարժարանէ մը շրջանաւարտ այն հայորդիին, որ պետական համալսարանի մուտքի քննութիւններուն կը հաւաքէ բարձրագոյն նիշը։ Այս տարի մրցանակին արժանացած է Քրիստին Ռուստէմեան, որ յաջողապէս մուտք գործած է Քափոտիսթրիաքօ համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղը։
— ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնք) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 10-ին, նշուած է Թարգմանչաց տօնը՝ Զաւարեան վարժարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ։ Ս. Պատարագ մատուցած է շրջանի հովիւը՝ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Խումբ մը աշակերտներ մասնակցեր են երգեցողութեան՝ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի առաջնորդութեամբ։ Պատարագիչը իր քարոզին մէջ շեշտը դրած է հայոց լեզուն իւրացնելու, անո՛վ խօսելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Գործադրուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մըն ալ։ Փակման խօսքը արտասանած է առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան։

— ԱԹԷՆՔԻ Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանին մէջ, Հոկտեմբեր 10-ին, բացումը կատարուած է դպրոցին նախկին տնօրէն՝ ողբացեալ Բաբգէն Գասապեանի անունը կրող նորայարդար գրադարանին։ Խօսք առած են առաջնորդ Սահակ եպս., վարժարանի տնօրէնուհին՝ Վիքթորիա Մաղաքեան եւ Ճէնազեան միջնակարգի տնօրէնուհի Արշալոյս Սափրիչեան։ Միեւնոյն ատեն, ցուցադրութեան դրուած են աշակերտներու կողմէ ստեղծուած գեղանկարչական գործեր։ Բաբգէն Գասապեան նախկին հալէպահայ էր, ծառայութեան ոգիով սնած երիտասարդ մը, որ տնօրէնի պաշտօնի կոչուած էր Աթէնքի մէջ, 12 տարի։ Ան արկածի մը զոհ գնաց 19 Փետրուար 2024-ին, խորապէս ցնցելով յունահայ գաղութն ու զինք մօտէն ճանչցողները։
— ՓԷՐԻՍԹԷՐԻԻ (Աթէնք) Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Հոկտեմբեր ամսուն, յայտնած է թէ այսուհետեւ իրեն սպասաւոր պիտի ունենայ Ս. Էջմիածնէն առաքուած Վիրապ աբղ. Սարգսեանը, որ թէ՛ պիտի ծառայէ Յունահայ թեմէն ներս (էջմիածնական), թէ՛ ալ աստուածաբանական ուսման պիտի հետեւի Աթէնքի համալսարաններէն մէկուն մէջ։ Ան աջակից պիտի դառնայ առաջնորդ Խորէն եպս. Առաքելեանին։ Հ. Վիրապ 29 տարեկան է, Հայաստանի Արարատի մարզէն։ Աւարտած է Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը։
— ԱԹԷՆՔԻ Արարատ Մշակութային եւ Մարզական Միութեան «Համբարձում Պէրպէրեան» երգչախումբը Հոկտեմբերի սկիզբը սկսեր է նոր եղանակի իր փորձերուն։ Այս առթիւ է որ «Նոր Աշխարհ»-ի մէջ (Հոկտեմբեր 27) Զաւէն Գրիգորեան յօդուածով մը անդրադարձեր է երգչախումբի անցեալին ու յիշատակեր այն երաժշտագէտները, որոնք անոր խմբավարութիւնը ստանձներ են տասնամեակներու ընթացքին։ Այս շարքին, ան կը յիշէ Համբարձում Պէրպէրեանը, Նազիկ Արշարունին, Տիմիթրի Գալգանիսը, Սեպուհ Աբգարեանը (Կիպրոսէն), տիկ. Ովսաննա Պապուրեանը, Ռամոն Աբիկեանը եւ Կարինէ Մարգարեանը։
— ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ հայոց Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցին, Հոկտեմբեր 24-ին, հիւրընկալած է կարեւոր այցելու մը։ Այդ օր հոն այցելած է Յունաստանի մշակոյթի նախարարուհին՝ Լինա Մենտոնի, գործակից հետեւորդներով։ Հիւրերը դիմաւորուած են առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի, Ազգային վարչութեան անդամ Արսէն ԳալՖայեանի եւ տեղւոյն թաղական խորհուրդին կողմէ։ Նախարարուհին ծանօթացեր է եկեղեցւոյ պատմութեան եւ անոր հնագիտական արժէք ներկայացնող ճարտարապետական կառոյցին, կարիքներուն։ Ան խոստացեր է օժանդակել եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն։

