ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց «Արարատ»ի խմբագրատուն՝ ներկայացնելու նոր գիրքը՝ «Մանուկներու Աստուածաշունչը՝ միասին կարդանք եւ պատմենք», որ նախատեսուած է մանուկներու հոգեւոր զարգացման համար։ Գիրքը հայացուած է մասնագիտական խումբի մը կողմէ եւ պիտի բաժնուի Լիբանանի հայկական վարժարաններուն ու այլ երկիրներու։ Գնահատելով «Արարատ»ի խմբագրական աշխատանքները, դոկտ. Ճէպէճեան ընդգծեց, որ Աստուածաշունչը պէտք է մանուկներուն մատուցել նոր, ժամանակակից ձեւերով, առանց խաթարելու անոր բովանդակութիւնը, որպէսզի անոնք կարողանան կարդալ, հասկնալ եւ ապրիլ անով։ Ատիկա նաեւ միջոց մըն է պահպանելու լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը։

Նոր գիրքը մշակուած է Գերմանիոյ Աստուածաշունչի Ընկերութեան մասնագիտական խումբերու փորձառութեան հիման վրայ եւ հայացուած՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի (շարադրութիւն), Մեղրի Շամմասեանի (էջադրում) եւ Օրդ. Նորա Բարսեղեանի (սրբագրութիւն) մասնակցութեամբ, Համազգային Վահէ Սէթեան հրատարակչատան աջակցութեամբ։
Գիրքը վաճառքի համար չէ, շուտով այն պիտի բաժնուի Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ ուղարկուի Հայաստան, Քուէյթ, ԱՄԷ, Սուրիա, Աւստրալիա, Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա։
ՆՈՐԱՏԻՊ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ-ԳԻՆԵՁՕՆ
Հայերէն նորատիպին՝ «Մանուկներու Աստուածաշունչը՝ միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Ժողովրդապետութեան «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն։
Բարի գալստեան խօսքով հանդիսութիւնը բացաւ տիկին Մարալ Հարպոյեան, իսկ նորատիպին ներկայացումը կատարեց տիկին Ժանին Մարգարեան-Դանիէլեան։ Յայտագրի ընթացքին Քրիստին Պապուճեան խաւաքարթէ տիկնիկային ներկայացումով ընթերցեց «Անդամալոյծին բժշկութիւնը» պատմուածքը։

Առաջինը խօսք առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ՝ վերապատուելի Ռաֆֆի Մըսրլեան, որուն յաջորդեց սաքսոֆոնի երաժշտական միջամտութիւնը՝ Նշան կիսասարկաւագ Մարաշլեանի կատարմամբ։
Գիրքի հայացման աշխատանքներուն համահեղինակներ՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեան եւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, հետաքրքրական ու ներգրաւիչ ձեւով ներկայացուցին մանուկներու նոր Աստուածաշունչը՝ բացատրելով նախաձեռնութեան նպատակն ու ստեղծման ընթացքը։
Երաժշտական գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարգեւեց սոփրանօ Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթիւթճեանը՝ դաշնակահար Վիգէն Քիւթիւքճեանի ընկերակցութեամբ, կատարելով «Աղաչեա վասն մեր» եւ «Բազմաչարչար նահատակ» ստեղծագործութիւնները։
Շնորհահանդէս-գինեձօնէն առաջ իրենց օրհնութիւնն ու սրտի խօսքը փոխանցեցին Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ արհի. Հ. Գրիգոր եպս. Պատիշահ եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան։

