Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 4 Նոյեմբեր 2025

November 4, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 4 Նոյեմբեր 2025

ՊԱՐՐԱՔ. «ՁԱԽՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԱՅԼԵՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ»

Տարածաշրջանին մէջ ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք Լիբանանը համարեց ձախող պետութիւն, պահանջելով, որ Պէյրութի իշխանութիւնները արագացնեն զինեալ կազմակերպութիւններուն ապազինումը, «որովհետեւ Իսրայէլ պատրաստ է յանգելու սահմանային համաձայնութեան»: Ան ահազանգեց, որ Լիբանան շատ ժամանակ չունի եւ պէտք է երկխօսութեան նստի Թել Աւիւի հետ: «Իսրայէլ ամէն օր կը ռմբակոծէ հարաւը, որովհետեւ այնտեղ տակաւին կան վտանգ սպառնացող հազարաւոր հրթիռներ», կարծիք յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը: «Լիբանանի մէջ ոչ ելեկտրականութիւն կայ, ոչ ջուր, ոչ կրթական համակարգ, ուստի ի՞նչ է պետութիւնը», հարց տուաւ Պարրաք ու եզրակացուց, որ Հըզպալլան է պետութիւնը, աւելցնելով որ լիբանանցի զինուորներուն ամսական աշխատավարձը 275 տոլար է, իսկ Հըզպալլային զինուորներունը՝ 2200 տոլար:

Ամերիկացի նախկին պատուիրակ Ամուս Հոքշթէյն իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական մարտահրաւէրներ, ուստի միջազգային ընտանիքը պէտք է օգնէ կառավարութեան՝ վերականգնելու քանդուած շրջանները:

 

ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը անցնող երկու օրերուն շարք մը հաղորդագրութիւններով յայտարարեց, թէ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է հարաւային Տուէյր, Քֆարումմէն, Այթա Շաապ եւ այլ շրջաններ, սպաննելով շարք մը քաղաքացիներ: Իսկ իսրայէլեան բանակին բանբերը յայտնեց, որ իրենք Քֆարումմէնի մէջ սպաննած են Հըզպալլայի «Ռատուան» յատուկ ուժերու չորս անդամներ՝ ներառեալ կազմակերպչական պատասխանատուն:

Լիբանանի ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սահմանային Մէյս էլ-Ժապալ գիւղը նախանցեալ օր ականատես դարձած է իսրայէլեան ուժերուն եւ լիբանանցի զինուորներուն միջեւ լարուածութեան, երբ իսրայէլացիները շարժած են գիւղի բռնագրաւեալ հատուածին ուղղութեամբ, որուն դիմաց լիբանանեան բանակը շարժած է իր զինակառքերը: Դրութիւնը քանի մը վայրկեան միայն մնացած է լարուած, ապա հանդարտած է՝ իսրայէլեան ուժերու նահանջով: Յիշեցնենք, որ հանրապետութեան նախագահը բանակի հրամանատարին հրահանգած է զսպել հակառակորդը, եթէ փորձէ յառաջանալ լիբանանեան հողերուն մէջ:

 

9400 ԽԱԽՏՈՒՄ

ԵՈՒՆԻՖԻԼ փխրուն որակեց Լիբանանի հարաւային սահմանին ապահովական վիճակը, աւելցնելով որ զինադադարի համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք գրանցուած է իսրայէլեան 9400 խախտում՝ ներառեալ օդային աւելի քան 7 հազար թռիչք եւ ցամաքային շուրջ 2400 ներթափանցումի փորձ: Ըստ խաղաղապահներուն, լիբանանեան բանակը տեղակայուած է հարաւային շուրջ 120 դիրքի մէջ եւ յայտնաբերած է աւելի քան 350 զինամթերանոց: Հարաւային շրջաններուն մէջ անցեալ Նոյեմբերէն ի վեր գտնուած է 280 չպայթած ռումբ: «Մեր առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2026, որմէ ետք պիտի սկսինք աստիճանաբար հեռանալ Լիբանանէն, ապահովական պատասխանատուութիւնը յանձնելով կառավարութեան», յայտնեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի բանբերը:

 

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէք Աուն յայտնեց, որ պէտք է գերադասել Լիբանանի շահերը: «Երբ բոլոր կողմերը այդպէս մտածեն, Լիբանանի խնդիրները կը լուծուին», ըսաւ Աուն: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցիլը չունի այլընտրանք, յիշեցնելով որ բոլոր պատերազմները աւարտած են բանակցութեամբ:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Լիբանանի արաբ եղբայրներուն կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի Իսրայէլէն պահանջուի քաշուիլ Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն եւ վերջ տալ ամէնօրեայ խախտումներուն: Իսկ Եգիպրոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի յայտնեց, որ իր երկրին նախագահը տուած է ցուցմունքներ՝ Լիբանանին օգնութիւն տրամադրելու մասին, որպէսզի յառաջիկայ փուլին վերականգնուին իսրայէլեան հարուածներէն քանդուած շրջանները: Իսկ Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարարը Գահիրէի ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան, միասնականութեան եւ պետութեան հեղինակութեան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու միւս կողմէ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանի ճակատը վերստին վտանգ սպառնայ Իսրայէլին, ուստի պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն, կանխելու համար զայն: Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին զգուշացուց, թէ «Լիբանանի նախագահը կը ձգձգէ Հըզպալլան ապազինելու որոշումը, մինչ Հըզպալլա կրակով կը խաղայ»: Քաց պահանջեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու մնայ զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու խոստումին: «Պիտի չդադրեցնենք Լիբանանի մէջ մեր գործողութիւնները, ոչ ալ պիտի քաշուինք սահմանային գօտիէն», ըսաւ Քաց՝ աւելցնելով, որ իրենք ամերիկացիներուն հնարաւորութիւն կու տան ճնշում բանեցնելու Հըզպալլայի ապազինումին ուղղութեամբ:

 

ՀԱՅ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ Լիբանանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Էտկար Լաուանտոսի հետ: Անոնք անդրադարձան երկկողմանի առկայ բարեկամական կապերուն եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւններուն:

Քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անվտանգային վիճակը եւ ապահովական ոլորտին մէջ Հայաստան-Լիբանան համագործակցութեան հեռանկարները:

 

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՆՈՐՈՇ

Ռուսական ՌԻԱ Նովոսթի գործակալութիւնը հաղորդեց, որ, ըստ իր թրքական աղբիւրներուն, տակաւին յայտնի չէ հայ-թրքական սահմանային անցակէտերուն վերաբացումին թուականը: Ըստ գործակալութեան զրուցակիցին, տակաւին կը շարունակուի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումին հոլովոյթը:

«Մենք այժմ կը բանակցինիք յարաբերութիւններու կարգաւորումին, ոչ թէ սահմանի բացումին շուրջ: Այդ կախեալ է հոլովոյթին յառաջընթացէն եւ յստակ ժամկէտներ չկան», ըսաւ է թուրք աղբիւրը: Յիշեցնենք, որ հայկական կողմը բազմիցս յայտարարած է, թէ ամբողջացուցած է սահմանը վերաբանալու բոլոր նախապատրաստութիւնները, ուստի պատրաստ է այդ քայլին դիմելու երբ միւս կողմէն եւս համաձայնութիւն ըլլայ:

 

ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ԶԷՆՔԻ ԳՆՈՒՄ

2023-24 թուականներուն, Հայաստան Ֆրանսայի հետ ստորագրած է զէնքի գնումներու 274 միլիոն եւրօ արժող պայմանագրեր: Նշենք, որ մինչեւ 2022 Ֆրանսա զէնք մատակարարած չէ Հայաստանին, իսկ վերջին երեք տարիներուն ստորագրուած են բազմաթիւ պայմանագրեր, միաժամանակ կը քննարկուին հայկական պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին հետ համագործակցելու միջոցները:

 

ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԵԱՆ 22 ՀԱԶԱՐ ԴԻՄՈՒՄ

Հայաստանի ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան յայտնեց, որ 30 Հոկտեմբերի դրութեամբ Արցախէն տեղահանուած 21 հազար 916 մարդ դիմում ներկայացուցած է՝ ստանալու Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Ըստ նախարարին, դիմողներէն 14 հազար մարդ արդէն ստացած է քաղաքացիութիւն:

Share64Tweet40
Previous Post

ԳՈՅԺ

Next Post

Նոր Հայկական Մանկական Աստուածաշունչի Հրատարակութիւն

Next Post
Նոր Հայկական Մանկական Աստուածաշունչի Հրատարակութիւն

Նոր Հայկական Մանկական Աստուածաշունչի Հրատարակութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.