ԱՈՒՆ. «ԶՍՊԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐԸ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն լիբանանեան բանակին հրահանգեց զսպել լիբանանեան ազատագրուած հողերուն մէջ իսրայէլեան ներթափանցումի որեւէ փորձ: Պաապտայի պալատին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալը ընդունած ատեն, Աուն ծանօթացաւ սահմանային Պլիտայի ուղղութեամբ իսրայէլեան ներթափանցումին եւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն՝ լիբանանցի Իպրահիմ Սալամէի սպանութեան մանրամասնութիւններուն:

«Այս բռնարարքը մաս կը կազմէ իսրայէլեան թշնամական ոտնձգութիւններու շարքին եւ տեղի ունեցաւ զինադադարը դիտարկող յանձնախումբին հերթական ժողովէն ետք», ըսաւ Աուն, պահանջելով որ միջազգային կողմերը չբաւարարուին զինադադարը դիտարկելով, այլ ոտնձգութիւններուն վերջ տալու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկեն: Զօրավար Հայքալ նախագահ Աունին ներկայացուց քանի մը օր առաջ Շաթիլայի մէջ երիտասարդ լիբանանցի Էլիօ Ապու Հաննայի սպանութեան հետաքննութեան մանրամասնութիւնները, մանաւանդ որ արդէն այդ հարցով ձերբակալուած է վեց մարդ:
ՃՆՇԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ
Նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ տեսակցեցաւ սպանական բանակի հրամանատարին գլխաւորած պատուիրակութեան հետ ու դրուատեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն շարքերէն ծառայող սպանացի զինուորներուն զոհողութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Եոհան Ուատէֆուլը ու ահազանգեց, թէ իսրայէլեան խախտումներուն շարունակութիւնը ցոյց կու տայ, որ Թել Աւիւ հրաժարած չէ իր թշնամական տրամադրութենէն: Աուն պատրաստակամութիւն յայտնեց բանակցելու Իսրայէլին հետ, սակայն յիշեցուց, որ այդ միակողմանի չի կրնար ըլլալ: Գերմանացի նախարարը իր կարգին հաւաստիացուց, որ Պերլին կը շարունակէ զանազան ոլորտներու մէջ աջակցիլ Լիբանանին: Ան նոյն դիրքորոշումը կրկնեց վարչապետարանէն, ուր տեսակցեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին հետ:

Իսկ արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի իր գերմանացի պաշտօնակիցէն պահանջեց յաւելեալ ճնշում բանեցնել Իսրայէլին վրայ, իսկ Եոհան Ուատէֆուլ նշեց, որ զէնքի մենաշնորհին հարցը չլուծելով Լիբանան արձակած պիտի ըլլայ ժխտական նշաններ:
ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԷՆ ԵՏԴԱՐՁ ՉԿԱՅ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պքըրքիի մէջ տեսակցեցաւ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալին հետ: Ան կարեւոր եւ արդիւնաւէտ որակեց Հռոմի պապին հետ Վատիկանի մէջ իր խորհրդակցութիւնը, յուսալով որ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութիւնը ըլլայ բարեբեր: Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն թղթածրարին, Սալամ վերահաստատեց, որ ընտրութիւնը պիտի կայանայ իր նախանշուած թուականին, սակայն կազմուած է նախարարական յանձնախումբ մը՝ արծարծելու ընտրական օրէնքին հարցը:

«Զէնքի մենաշնորհին հարցը այլեւս պարզապէս լոզունգ չէ, այլ անցած է գործնական փուլ», ըսաւ Սալամ, վերահստատելով որ պիտի չհրաժարի զէնքի մենաշնորհին վերաբերեալ իր ծանօթ կեցուածքներէն:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՌՈՅՑԸ ՊԷՏՔ Է ՓՇՐԵԼ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան շեշտեց, որ պէտք է փշրել Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն սառոյցը: Լրագրողներուն հետ զրուցած ատեն ան նշեց, որ բոլոր երկիրներուն՝ ներառեալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները, կ’ակնկալուի տեսնել Երեւանի մէջ՝ յառաջիկայ տարի մասնակցելու համար Եւրոպական քաղաքական ընկերակցութեան գագաթաժողովին: «Ես անտեղի կը համարեմ մեր հարեւանները առանձնացնելը: Անոնք մեր հարեւաններն են», բացատրեց Սիմոնեան: Ազգային ժողովի նախագահը կարծիք յայտնեց, թէ առայժմ կարելի չէ Արցախ վերադառնալ:

Ան ընդդիմութիւնը քննադատեց Արցախ վերադառնալու հարցը դրօշի վերածելու մէջ եւ հարց տուաւ, թէ ընդդիմադիրները պատրա՞ստ են ապահովելու արցախցիներուն անվտանգ վերադարձը: «Արդեօք ոեւէ անձ կրնա՞յ ապահովել նոյնիսկ մէկ հայու տունդարձը», ըսաւ Սիմոնեան եւ համոզում յայտնեց, որ այդ գուցէ ժամանակի ընթացքին ըլլայ, սակայն ոչ հիմա: Սիմոնեան քննադատեց Արցախը Կազային հետ համեմատելու փորձերը, կոչ ուղղելով մեզ աշխարհի կեդրոնը չհամարելու եւ բոլորին չպատմելու մեր աչքերուն եւ ծիրանին մասին:
ՎԱՂԸ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԱՎԱՆՔ ՄԱՍ 2
Նախատեսուած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը վերստին այցելէ Յովհաննավանք, ուր կարգալոյծ հռչակուած Արամ Ասատրեան քահանան անգամ մը եւս պիտի մատուցէ պատարագ՝ անտեսելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին որոշումը: Հետեւաբար, այս նիւթը կը մնայ եկեղեցական, ժողովրդային եւ քաղաքական լուսարձակներու տակ: Վարչապետը համացանցային տեսանիւթով մը հակադարձեց Վեհափառ Հայրապետին, որ պղծութիւն համարած էր Յովհաննավանքին մէջ անցեալ Կիրակի օր տեղի ունեցած պատարագը: «Այդ պղծութիւն չէ: Պղծութիւնը այն է, որ կաթողիկոսին գահը զբաղեցուցած անձը խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ ունի երեխայ, որոշ տեղեկութիւններով՝ երեխաներ», կարծիք յայտնեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կաթողիկոսի կարգավիճակով ունինք մարդ մը, որ Աստուծոյ չի հաւատար: Իսկ Շիրակի մարզպետ Դաւիթ Առուշանեան կոչ ողղեց որեւէ աղօթք կամ պատարագ չհամարելու կեղծ, որովհետեւ «այդ խօսք է առ Աստուած եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած մարդիկ Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցին պատարագին միջոցաւ»: Յիշեցնելով, որ քահանան կը մերժէ ընդունիլ կարգալոյծ հռչակելու որոշումը, մարզպետը իր աջակցութիւնը յայտնեց քահանային:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Տէր Եսայի քհնյ. Արթէնեան շեշտեց, որ կարգալոյծ հոգեւորականի ձեռքով մկրտուած անձը պէտք է վերստին մկրտուի, որովհետեւ առաջինը անվաւեր կը համարուի: «Անընդունելի է Յովհաննավանքի հարցը լուծելու այլ ուղիները, որովհետեւ բախումի կրնան առաջնորդել», ըսաւ ան:
Այլ գիծի վրայ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը տեսակցեցաւ Շիրակի եւ Արթիկի թեմերու հոգեւոր սպասաւորներուն հետ եւ մտահոգութիւն յայտնեց Միքայէլ սրբազանի անարդար դատավճիռին եւ ազատազրկումին առնչութեամբ:
ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
Հայերը առաջին անգամ ըլլալով երեսփոխան ունին Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ: «Հոլանտական օրագիր» կայքը հաղորդեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումով ի յայտ եկաւ, որ Անի Զալինեան դարձած է երեսփոխան, առաջադրուելով GroenLinks դաշինքին կողմէ: Անոր ընտրութիւնը կը խորհրդանշէ ազգային բազմազանութեան ներգրաւուածութեան կարեւոր յառաջընթացը Հոլանտայի քաղաքական դաշտին մէջ: Նշենք, որ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարաւ «Դեմոկրատներ66» կուսակցութիւնը, ստանալով 150 անդամներէ բաղկացած խորհրդարանին 27 աթոռները:

