Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 30 Հոկտեմբեր 2025

October 30, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 30 Հոկտեմբեր 2025

ՍԱԼԱՄ. «ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒՆ ԶԷՆՔԸ ԿԸ ՎՏԱՆԳԷ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ Շաթիլայի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ գործունեայ կողմերու հետ հաղորդակցութեանց բերումով, Պաղեստինեան ազգային անվտանգութիւնը Լիբանանի հետախուզական ծառայութիւններուն յանձնած է իր անդամներէն վեցը, որոնք 26 Հոկտեմբերին մասնակցած էին լիբանանցի Էլիօ Ապու Հաննայի ինքնաշարժին վրայ կատարուած հրաձգութեան եւ երիտասարդի սպանութեան: Յիշեցնենք, որ Ապու Հաննա ճամբան մոլորելով մուրք գործած էր գաղթակայան եւ մերժած էր կանգնիլ պաղեստինեան անցարգելին մօտ, ուստի զինեալները կրակ բացած էին անոր ինքնաշարժին ուղղութեամբ: Միաժամանակ, հետախուզական ծառայութիւններուն յանձնուած են լիբանանցի մը եւ չորս սուրիացիներ, որոնք 28 Հոկտեմբերին Շաթիլայի մէջ ենթադրաբար մասնակցած էին կնոջ մը սպանութեան:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այս առումով յայտնեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ առկայ զէնքը կը վտանգէ երկրին կայունութիւնը, ուստի պէտք է աշխատանք տարուի մնացեալ զէնքը եւս Լիբանանի պետութեան յանձնելու: Յիշեցնենք, որ վերջերս տեղի ունեցած էր կարգ մը գաղթակայաններէն ծանր եւ միջին ծանրութեան զէնքերու յանձնումը լիբանանեան բանակին, հիմնուելով Պաղեստինի ղեկավարութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան վրայ: Այսուհանդերձ, թեթեւ զէնքեր տակաւին տարածուած են գրեթէ բոլոր գաղթակայաններուն մէջ:

 

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ԲԱՐԵՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Կառավարութիւնը Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր հերթական նիստը, գլխաւորութեամբ նախագահ Ժոզէֆ Աունի: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս նիստէն ետք յայտնեց, որ կազմուած է ընտրական օրէնքը ուսումնասիրող եւ հաւանական փոփոխութիւններ առաջարկող յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ փոխվարչապետ Թարէք Միթրիի: Նշեալ յանձնախումբը իր քննարկումներուն արդիւնքները եւ առաջարկները շաբթուան մը ընթացքին պիտի զեկուցէ կառավարութեան՝ ըստ այնմ որոշումներ կայացնելու համար: Իսկ հանրապետութեան նախագահը մեկնաբանեց խորհրդարանի լիագումար նիստէն երեսփոխաններու բացակայութիւնն ու նիստին յետաձգումը, շեշտելով որ այդ կը դժուարացնէ որոշումներու հրապարակումը եւ դրական պատկեր չի ներկայացներ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մասին:

 

ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը փորձէ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ յաւելեալ ջանք թափել, թէեւ անոր աշխարհագրութիւնը սահմանափակ է: Լիբանանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէսին բացումը կատարած ատեն, նախագահը արդիւնաբերութիւնը համարեց Լիբանանի դիմագիծը ներկայացնող ոլորտներէն մէկը, շեշտելով արդիական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու կարեւորութիւնը: Իսկ արաբական լրատուական համաժողովի բացումի հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Աուն մամուլի աշխատակիցներուն կոչ ուղղեց միշտ հիմնուելու իրականութեան վրայ: Իսկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապու Ղէյթ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը պէտք է անպայման հեռանան Լիբանանի սահմանային բռնագրաւեալ կէտերէն:

 

ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ ԲԱՆԱԿԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Պէյրութի մէջ ամերիկեան դեսպանութիւնը յայտարարեց, թէ հարաւային Նաքուրայի մէջ գումարուած է զինադադարը վերահսկող միջազգային ներկայացուցիչներու յանձնախումբին (Մեքանիզմ) 12-րդ նիստը: Ժողովականները քննարկած են լիբանանեան բանակին ստանձնած պարտականութիւններու գործադրութեան ընթացքը՝ զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու վերաբերեալ:

Ըստ ամերիկեան յայտարարութեան, պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի եւ բոլոր կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ գումարուած ժողովին ընթացքին շեշտուած է Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Այսուհանդերձ, ապահովական տեղեկութիւններ երէկ նշեցին, որ իսրայէլեան ուժեր լիբանանցի զինուորներու ուղղութեամբ կրակած են Պասթրա եւ Մաժիտիյէ շրջաններուն ուղղութեամբ կատարուած սահմանափակ ներթափանցումին ընթացքին:

 

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ

Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար նախարարութեան մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարին, ներկայութեամբ Լիբանանի ներքին ապահովութեան եւ ընդհանուր անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէններուն: Հաժժար յայտնեց, որ ժողովականները ճշդած են թմրանիւթերու վաճառականութեան երեւոյթին դէմ պայքարի գլխաւոր սկզբունքները, մաղթելով որ սուրիական այցելութիւնը դառնայ յաւելեալ համագործակցութեան մեկնակէտը:

Սուրիացի նախարար Համզէ Մուսթաֆա, իր կարգին, պատրաստակամութիւն յայտնեց լուծելու առկայ խնդիրները եւ հիմնելու համագործակցական յարաբերութիւններ, յիշեցնելով որ Սուրիոյ կայունութիւնը կը բխի նաեւ Լիբանանի շահերէն:

 

 «ՄԵՆՔ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ  տեղի ունեցաւ Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովին 12-րդ լիագումար նիստը: Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Եունուս Օմարճի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են աջակցելու խաղաղութեան հոլովոյթին եւ պայմաններ ստեղծելու արդար եւ կայուն լուծումի համար: Իսկ վեհաժողովի համանախագահ Սէրկէյ Լակոտինսքի յայտնեց, որ Երեւանի մէջ միայն վստահութեան շունչ կը զգայ, միայն լաւ տրամադրութիւն, նորարարական գաղափարներ, խիզախութիւն եւ համագործակցութիւն: «Մենք կը վստահինք ձեր ժողովրդավարութեան, ձեր երկրին ու ձեր կառավարութեան», ըսաւ ան:

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ խաղաղութիւնը հաստատուած է, թէեւ տակաւին չեն լուծուած մարդասիրական շարք մը հարցեր: Ան լուրջ խնդիր համարեց Պաքուի մէջ հայ գերիներու բանտարկութիւնը, կարեւորելով նաեւ անհետ կորսուած մարդոց ճակատագրին բացայայտումը: Իսկ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան հաւաստիացուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն ընթացքը վատ չէ: Երեսփոխան Աննա Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ իրական խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է առանց նախապայմանի ազատ արձակել տակաւին Պաքու գտնուող 23 հայ բանտարկեալներն ու քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ վերջ տալ Արցախի մէջ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան: Նոյն նիստին ընթացքին հեռակապով խօսեցաւ Պելառուսիոյ ընդդիմութեան ղեկավարը եւ կարծիք յայտնեց, որ «Փաշինեանի աջակցութեամբ Հայաստանը պիտի դառնայ Եւրոմիութեան անդամ», աւելցնելով որ Հայաստանի վարչապետը այս առումով դարձած է ներշնչումի աղբիւր:

 

ԹՐԱՄՓ ՀՊԱՐՏ Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ անգամ մը եւս անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական նախաստորագրուած համաձայնութեան: Յիշեցնելով, որ հայ-ատրպէյճանական պատերազմը տեւած է 38 տարի եւ բազմաթիւ մարդիկ զոհուած են, Թրամփ հպարտութիւն յայտնեց, որ կրցած է յաղթահարել խնդիրը: «Երկու երկիրները աւելի ու աւելի կը հաշտուին, անոնք շատ լաւ երկիրներ են, շատ լաւ առաջնորդներով», յայտնեց ամերիկացի նախագահը, անդրադառնալով 8 Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ իր հովանաւորութեամբ համաձայնութեան նախաստորագրումին:

 

ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՊԱՅՄԱՆԸ

Փաքիստանի ծերակոյտի նախագահ Եուսուֆ Ռազա Կիլանի յայտնեց, որ Հայաստանի հետ իր երկրին յարաբերութիւնները կախեալ են Երեւանի հետ Անքարայի ու Պաքուի յարաբերութիւններէն: Ատրպէյճանական «APA» գործակալութեան տրուած յայտարարութեան մէջ, փաքիստանցի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իրենք կը համագործակցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, իսկ այդ երկիրները համաձայնած են լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ: «Ներկայիս Հայաստանի եւ Փաքիստանի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութիւն չկայ: Սակայն, խաղաղութեան բանակցութիւններու աւարտէն ետք մենք կը մտածենք այդ մասին», ըսաւ Փաքիստանի ծերակոյտին նախագահը: Յիշեցնենք, որ Փաքիստան վերջին երկիրն էր, որ ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունէր Երեւանի հետ, այլեւ ընդհանրապէս չէր ճանչնար Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այդ իրավիճակը սակայն փոխուելու սկսաւ վերջերս, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Երեւանի երկխօսութեան լոյսին տակ:

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, թէ ինչու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը չի կրնար կարգալոյծ հռչակել Յովհաննավանքի քահանայ Արամ Ասատրեանը: Փաշինեան կը պնդէ, որ «Կտրիճ Ներսիսեանը (Կաթողիկոսին աւազանի անունը) չի կրնար կարգալոյծ ընել Տէր Արամը, որովհետեւ դրժած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ այդ փաստին բերումով կարգալոյծ է, հետեւաբար կարգալոյծը չի կրնար կարգալոյծ յայտարարել քահանան»:

Ըստ Փաշինեանի, Արամ քհնյ. Ասատրեան կրնայ պատարագ մատուցել Յովհաննավանքի մէջ եւ ինք այս Կիրակի եւս ներկայ պիտի ըլլայ այնտեղ:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԾԱԽՍԵՐԸ ԸՍՏ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԱՎԱՐԿԻՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տուեալներ 2018-2026 թուականներուն պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերուն մասին՝ ըստ պետական ամավարկին: Հրապարակումը ցոյց կու տայ, որ 2018-ին ծախսուած է 245 միլիառ դրամ, կամ այդ թուականի փոխարժէքով 479 միլիոն ամերիկեան տոլար: 2019-ին եւ 2020-ին՝ շուրջ 609 միլիոն տոլար, 2021-ին՝ 618 միլիոն, 2022-ին՝ 804 միլիոն տոլար, 2023-ին՝ 898, 2024-ին՝ 1,42 միլիառ տոլար, իսկ 2025-ին՝ ցարդ բարձրագոյնը՝ մէկ միլիառ 712 միլիոն տոլար: Սակայն, ի տես Ատրպէյճանի հետ նախաստորագրուած համաձայնագրին, 2026-ի պետական ամավարկին մէջ նուազած են պաշտպանական ծախսերը եւ կը կազմեն շուրջ 1,46 միլիառ տոլար: Ուստի, թէեւ նախատեսուած է որոշ չափով նուազեցնել այս ոլորտին տրամադրուած գումարը, այդ զգալիօրէն բարձր կը մնայ բաղդատած 2018-ին հետ:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի պետական ամավարկին մէջ ռազմական ծախսերուն յատկացուած գումարին, ապա 2018-ին շուրջ 2,3 միլիառ տոլար էր, 2022-ին՝ 3,2 միլիառ, 2025-ին՝ 3,8 միլիառ, իսկ 2026-ին նախատեսուած է յատկացնել շուրջ 4 միլիառ տոլար:

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԴԷՊԻ ՓԱՐԻԶ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ ուղղուեցան Փարիզ: Վարչապետը մասնակցեցաւ Փարիզի խաղաղութեան 8-րդ համաժողովի բացումին, նախատեսուած են նաեւ անոր երկկողմանի տեսակցութիւնները շարք մը առաջնորդներու հետ: Այսօր, Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ պիտի տեսակցի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի կապերը, Եւրոպայի հետ Երեւանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային ու միջազգային թղթածրարները:

 

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող «Մ20» եւ «Մ23» տարեկան Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանեկան աղջկանց հաւաքականի անդամ Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ) երկամարտի 200 քկ արդիւնքով դարձաւ ախոյեան:

Ոսկի մետալակիր Ալեքսանտրա Գրիգորեան «արաշէ»ի մրցումներուն 81 եւ 85 քկ ծանրութիւն կրցաւ յաջողութեամբ բարձրացնել: Ան «էփոլէ ժըթէ»ի մրցումներուն յաջողեցաւ բարձրացնել 105 եւ 115 քկ:

Share64Tweet40
Previous Post

Գաղութային Կարճ Լուրեր

Next Post

Լուրեր. 1 Նոյեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 1 Նոյեմբեր 2025

Լուրեր. 1 Նոյեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.