1) ՇԱՄԼԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ՝ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՊՈՅՏ ԺԱՊԱՒԷՆ»Ի ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Կլէնտէյլի Վահան եւ Անոյշ Շամլեան հայկական վարժարանը արժանացաւ 2025 թուականի «Ազգային կապոյտ ժապաւէն» (National Blue Ribbon) պատիւին՝ Ամերիկայի մասնաւոր կրթական հաստատութիւններուն համար նախատեսուած ամենաբարձր ճանաչման, որ կը շնորհուի Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր դպրոցներու խորհուրդին (CAPE) կողմէ տարեկան ընդամէնը 55 դպրոցի։

Այս յաղթանակով Շամլեան վարժարանը կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանը, որ կը ստանայ այս բարձրագոյն պատիւը՝ հաստատելով իր առաջնորդական դերը կրթութեան բնագաւառին մէջ։ Վարժարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ամբողջ համայնքի անսասան նուիրումին եւ աջակցութեան համար՝ այս յաջողութիւնը դիտելով որպէս ամբողջ հայկական կրթութեան հպարտ ձեռքբերում։
2) ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ Կ’ԱՊՐԻ
«Գիրքի աշնանային փառատօն»ի ծիրէն ներս, «Արաս» ու «Իսթօս» հրատարակչատուներու մասնակցութեամբ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է հրապարակային զրոյց մը՝ նուիրուած հանգուցեալ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի թրքերէնի թարգմանուած «Թաւան» եւ «Թաւանըն էօթէքի եանը» վէպերուն։ Զրոյցը վարած է «Արաս» հրատարակչատան տնօրէն Պէթիւլ Պաքըրճը, հիւրեր ունենալով թարգմանիչ Ռոպէր Քօփթաշն ու դերասան-թարգմանիչ Անի Հատտէլէր-Փէքմանը։ Անին ընթերցումներ կատարած է վէպերէն, իսկ Քօփթաշ անդրադարձած է Հատտէճեանի գրական ժառանգութեան, ընդգծելով անոր անփոխարինելի դերը պոլսահայ մշակոյթի, թատրոնի ու մամուլի բնագաւառներուն մէջ։

Խօսք առնողները միաբերան ընդգծած են, որ Հատտէճեանը ոչ միայն նշանաւոր գրող էր, այլեւ սերունդ մը միացնող կամուրջ՝ հայերէնի պահպանման եւ արուեստական լեզուամտածողութեան շարունակման մէջ։ Անոր գործը, իբրեւ «Մարմարա»-ի խմբագրապետ, թերթը վերածած է իսկական գրական օճախի։ Զրոյցը եզրայանգած է Հատտէճեանի ստեղծագործ ժառանգութիւնը գիտաժողովներով ու նոր հրատարակութիւններով արժեւորելու կոչով, որոնք «մեծապէս պիտի նպաստեն Հատտէճեանի յիշատակը կենդանի պահելուն եւ անոր ժառանգութիւնը խորութեամբ ընկալելուն»։
3) ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱԼԷՊԻ ՆԵՐՔԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ ՀԵՏ
Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքապետերը, Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն մասնակցութեամբ, հանդիպում ունեցած են Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատար, գնդապետ Մոհամմատ Ապտուլ Ղանիի հետ։

Զրոյցին ընթացքին քննարկուած է քաղաքին անվտանգութեան ընդհանուր վիճակը եւ գնահատուած է գնդապետին ղեկավարած աշխատանքները այս առումով:
Քրիստոնեայ համայնքապետերը շնորհակալութիւն յայտնած են Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատարին՝ այս հանդիպումին համար եւ մաղթած բարօրութիւն գալիք օրերուն։
4) «ԺԱՄԱՆԱԿ» ԿԸ ՏՕՆԷ ԻՐ 118-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
«Հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն օրաթերթն ու Թուրքիոյ՝ նոյնպէս անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթ» «ԺԱՄԱՆԱԿ»-ը իր հրատարակութեան 118-րդ տարեդարձը կը դիմաւորէ դժուար եւ մտահոգիչ պայմաններու մէջ։ Հայ մամլոյ նահապետը կը շարունակէ գոյատեւել Պոլսոյ խաթարուած հասարակական եւ ազգային կեանքի կիզակէտին մէջ՝ այն համոզումով, որ խօսքին արժէքը մաշած է եւ արդարութեան բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ համերաշխութիւն այլեւս կարելի չէ սպասել։ Այս տարեդարձին առթիւ թերթը, վերադառնալով իր դասական խմբագրական ձեւին, կը հաստատէ, որ տոկունութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը կը մնան իր գոյատեւման միակ երաշխիքները։

Տօնական օրը կը նշուի նաեւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ցուցադրութիւններով։ Խմբագրութիւնը երախտագիտութեամբ կը խնկարկէ «ԺԱՄԱՆԱԿ»-ի հիմնադիրներու եւ երկար տարիներ անոր դիմագիծը կերտած Գօչունեան ընտանիքին յիշատակը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնց նուիրումով թերթը մնացած է հայ մամլոյ դիմադրութեան խորհրդանիշ։ Թերթը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ յաջորդ տարուան տարեդարձը ալեկոծ կեանքին մէջ անգամ ազդարարելու վճռականութիւնը։
5) ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ «ՄՇՈՅ ԳԻՐՔԸ» ԱՅԺՄ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ
Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան ընդունած է իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանը, որուն «Մշոյ գիրքը» վիպակը վերջերս լոյս տեսած է Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատան կողմէ։ Իտալերէնէ թարգմանութիւնը կատարած է Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։

Տիկ. Արսլան շնորհակալութիւն յայտնած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր նախաձեռնութեան, եւ թարգմանիչին՝ իր աշխատանքին համար։
6) ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ-ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԳՈԼԷՃ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Աւարտական դասարաններու յառաջիկայ որոշումները եւ մասնագիտութեան ընտրութիւնը կը մնան խոր մտահոգութեան ու խնամքի առարկայ՝ շրջանաւարտներու ճշգրիտ ուղղութեան որոշումին եւ ապագայի երազներու իրականացման։
Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ին, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճը հիւրընկալեց օրդ. Փաթիլ Շահինեանը՝ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական գրասենեակի պատասխանատուն, որ հանդիպում ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։ Օրդ. Շահինեան մանրամասնեց համալսարանին առաջարկած տարբեր մասնագիտութիւնները, կրթաթոշակային կարելիութիւններն ու ընդունելութեան ընթացակարգերը, ուղղութիւն տալով աշակերտներուն իրենց ապագայ ակադեմական ընտրութիւններուն մէջ։

Այս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ աւարտականներուն համար աւելի գիտակցաբար եւ վստահութեամբ մօտենալու իրենց ուսումնական ու մասնագիտական ուղիի ընտրութեան։

