Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Գաղտնիքը (Փիլիսոփայական Մտորումներ-30)

Սուրէն Շէրիք

October 30, 2025
in Յօդուածներ
0
Գաղտնիքը (Փիլիսոփայական Մտորումներ-30)

Մարդ արարածը դարերու ընթացքին գրեթէ  ամէն անցնող օր փորձած է պեղել, փորձել, փնտռել․ գիտութեան շնորհիւ, արուեստի օգնութեամբ, խորհրդածելով, աշխատելով, նոյնիսկ երբեմն ընդվզելով եւ մերժելով հասնիլ, յայտնաբերել այն՝ ինչ որ թաքնուած է բնութեան մէջ։ Հակառակ յաճախ իր ջանքերու անբաւարարութեան, ինչպէս նաեւ միջոցներու բացակայութեան, իր յարատեւութեան արդիւնքները կը յաջողի քաղել, երեւան հանելով  բնութեան գաղտնիքները , զանոնք կառավարող օրէնքները եւ այս վերջիններուն նշանակութիւնը։ Այսպիսով ան կը յայտնաբերէ տարրեր, կազմաւորումներ, եղափոխութիւններ, վերջապէս գաղտնիքներ որոնք սքօղուած էին իրենց ծագումէն ի վեր։ Իրեն կը սկսի թուիլ, եւ այս մէկը սխալ ալ չէ, տիրանալ նիւթի բաղադրութեան մանրամասնութիւններուն, նաեւ տիեզերքի ծագումաբանութեան հիմնական ծանօթութիւններուն։

Այն ինչ որ կը պակսի, եւ պիտի պակսի ընդմիշտ շատ հաւանաբար, ամբողջի խորհուրդը, նպատակը, սկիզբը, վերջը, նաեւ իր իմաստն է` յաւէտ սքօղուած։ Մինչեւ մարդուն յայտնութիւնը ամբողջը գաղտնիք էր, այսուհանդերձ ամէն անցնող օր այս ամբողջին բաղկացուցիչները մէկ առ մէկ կը յայտնաբերուին, սակայն մնացեալը կը մնայ գաղտնի եւ խորհրդաւոր։

Ժամանակի հոսանքին տարուած մարդ արարածը կ՛ապրի գաղտնիքի մէջ, տեսակ մը հանելուկային վիճակի ենթարկուած։ Մենք նոյնիսկ մեր ուրոյն անձին իսկ նկատմամբ թափանցիկ չենք, ինչպէս ամբողջը կը մնայ անթափանց։ Կարելի է բանաձեւել, թէ սատանայական ճարպիկութեամբ լարուած թակարդի մը մէջ կը գտնուինք։ Եթէ ծուղակ չէ այդ,  անոր շատ նման մութ երեւոյթ մըն է որ կ՛ապրինք։ Հակառակ անոր, որ ամէն անցնող օր խուզարկութիւնը, գիտական հետազօտութիւնը նուաճումներ կ՛արձանագրէ վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները ստանալու ուղղութեամբ, հիմնականը կը մնայ նոյնքան խորհրդաւոր եւ անստոյգ։

Հոս անհրաժեշտ է ընել ճշդում մը, լուսաբանում մը․ վերոյիշեալ խորհուրդին բացատրութիւնը կու տայ ի հարկէ` կրօնքը։ Ըստ այս վերջինին, Տիեզերքի գլխաւոր ճարտարապետը է եւ կը մնայ Աստուած։ Կը բաւէ կարդալ Աստուածաշունչի «Հին Կտակարան»-ը՝ վերեւ յիշուած գաղտնիքին պատասխանները ունենալու համար։ Մեր մօտեցումը զուտ գիտական եւ փիլիսոփայական է։

Պահուած գաղտնիքին շուրջ կարելի է երազել։ Այս մէկը ամենայայտնի փիլիսոփաներու , գիտնականներու, նոյնիսկ բանաստեղծներու գլխաւոր մտահոգութիւնն է։ Եթէ ամբողջը այս տեսանկիւնէ դիտուած կը մնայ ըլլալ գաղտնիք, խորհուրդ , կայ վստահաբար բան մը, որ անկատար է ժամանակի, նիւթի եւ էութեան կապուած։

Ինչքան կ՛ուզէ ըլլայ ամբողջը, մարդ էակը պիտի  շարունակէ պեղել զայն։ Ան սահման պիտի չճանչնայ իր հետազօտութիւններուն, որոնումներուն մէջ, այս անսահման լաբիւրինթոսին մէջ, գաղտնի բանաձեւին հասնելու նպատակաւ։

Share63Tweet39
Previous Post

Պոռնկութիւնն Ու Գողութիւնը «Հալա՞լ»

Next Post

Գաղութային Կարճ Լուրեր

Next Post
Գաղութային Կարճ Լուրեր

Գաղութային Կարճ Լուրեր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.