Ամէն Հոկտեմբեր 27-ին, կարծէք վէրք մը կը քրքրէ մեր յուշերը եւ կը կիզէ մեր ապրումները: Ոմանք այդ վէրքը տարին անգամ մը կը յիշեն՝ առ ի պարտականութիւն: Սակայն, իսկութեան մէջ, այդ վէրքը խոցեց մեր պատմութիւնն ու բնականոն յառաջընթացը, արիւնեց հայութեան սիրտը՝ իր ծանրագոյն հետեւանքներով:
Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան կեանքի կոչուելէն ետք, բնականաբար դողդոջ քայլերով երկիրը պէտք էր ամրանար, կայանար եւ դառնար առաւելագոյնս ինքնիշխան, կայուն եւ վարդագոյն հեռանկարներով լաւատես: Դժուարին եւ պատասխանատու այս առաքելութիւնը նաեւ պատուաբեր էր յատկապէս օրուան ղեկավարներուն համար: Պատմութիւնն ու հայութիւնը ծանր բեռ դրած էին անոնց վրայ՝ մեծամեծ ակնկալիքներով: Փաստօրէն, պետականաշինութեան ազդանշանն էր տրուած: Խորհրդային օրերէն մնացած դրականը պահպանելու եւ հարցերուն նորովի մօտենալու հրամայականն էր առաջադրուած: Հետզհետէ ցցուող մարտահրաւէրները կարիքն ունէին հերթաբար իրենց տրամաբանական լուծումները գտնելու:
Այս առումով, Հայաստանի համար օդի եւ ջուրի նման անհրաժեշտ էին յուսալի դէմքեր, վստահութիւն ներշնչող հմուտ առաջնորդներ: Յատկապէս պաշտպանութեան, բանակաշինութեան եւ ռազմագիտութեան ոլորտներէն ներս: Նաեւ՝ տնտեսութեան, նիւթական պայմաններու բարելաւման եւ ենթակառոյցներու կերտման բնագաւառներէն ներս, որոնց յաջողութիւններով երկիրը իր ժողովուրդով պիտի դիմաւորէր 21-րդ դարը:
Երկնառաք պարգեւ էր մի գուցէ այն փաստը, որ երկու անձնաւորութիւններ, նախախնամական օրհնութեամբ պիտի ստանձնէին այդ խիստ յանձնառու առաքելութիւնը. պատմական պահու մը, որ կը խոստանար լուսաւոր փուլ մը դառնալու մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ: ԿԱՐԷՆ ԴԵՄԻՐՃԵԱՆի եւ ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆի միաժամանակ յայտնուիլը, անոնց ջերմ համագործակցութիւնը եւ միասնական յաղթանակը Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն (1999)՝ «Միասնութիւն» դաշինքով, ուշագրաւ նուաճում էր՝ ոգեշնչող հեռանկարներով: Խանդաբորբ ժողովուրդը հաւատքով էր լեցուած վաղուան հանդէպ:
1999 Հոկտեմբեր 27-ը եկաւ շրջելու սկիզբ առած լաւատեսութիւնը: Արցախեան ճակատին վրայ փայլուն յաջողութենէն ետք, ներքին ամրապնդման այդ բախտորոշ փուլին, շանթահարող հարուած մը եղաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի դահլիճէն ներս արձանագրուած նախճիրը: Խայտառակութեան եւ ամօթի խարան մըն էր, որ պիտի դաջուէր սերունդներու ճակատին եւ մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Խարան մը՝ որուն ողջ այլանդակութիւնը զգացուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին եւ կը զգացուի ամէն օր:
Դժուար չէ կռահել, թէ թիրախաւորուած պետականութեան երկու խորհրդանիշերու ընդմէջէն նշաւակը Հայաստանն էր, հայութեան ապագան: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին կողքին կը նահատակուէին պետական այլ դէմքեր եւս: Կը վիրաւորուէին պատգամաւորներ: Բայց արիւն ու անհուն վիշտ կը յորդէին ողջ հայութեան սիրտէն, քանզի ոճիրին տարողութիւնը անչափելիօրէն խորն էր ու անամոքելի:
Սգա՞ց ազգը, ի հարկէ: Սակայն, սգացին եւ պիտի սգան սերունդները, քանի հայրենիքի ճակատագիրն էր որ վճռուեցաւ այդ օր: Երկու տիտաններու զգետնումը կասեցուց լաւատեսական եւ դրական մթնոլորտը՝ մտահոգութեան եւ անորոշութեան մուգ շղարշով պարուրելով հայրենիքի հորիզոնը: Ցարդ չե՞նք փնտռեր Կ. Դեմիրճեանի նման պետական գործիչ մը. ցայսօր չե՞նք ափսոսար բացակայութիւնը Վ. Սարգսեանի:
Ո՞վքեր էին անոնք: Անտարակոյս, ոչ-պատահական դէմքեր: Կ. Դեմիրճեան Խ. Հայաստանի ղեկավարն էր 1974-1988 թ. եւ ժողովուրդը ինքնաբուխօրէն զինք կը յորջորջէր «թագաւոր»: Անկրկնելիօրէն պետականամէտ լուսաւոր առաջնորդ մը՝ որուն շնորհած բարիքները առ այսօր ցայտուն կերպով կրնանք տեսնել Երեւանի եւ Հայաստանի ամէն քայլափոխին: Բացառիկօրէն հեռատես եւ գործնապաշտ մարդ մը՝ զինուած գիտութեամբ, իմաստութեամբ եւ համբերութեամբ, որ մեր հայրենիքին նաւը վէտվիտող ալիքներու ընդմէջէն նաւարկեց ամենայն հմտութեամբ եւ ճկունութեամբ: Ո՞վ կրնայ ժխտել՝ որ Դեմիրճեանը չունեցաւ իր նմանը եւ պիտի չունենայ շատ հաւանաբար:
Իսկ Սպարապետը՝ Վազգէնը, որ թրծուեցաւ պատերազմի խրամատներուն մէջ, եղաւ յաղթանակի, առնականութեան, արիութեան կենդանի վկան: Կարծէք վառօդի բոյրին ու մխացող պալաններուն մէջէն ծնած ըլլար ան: Շուշիի ազատագրութեան մարտկոցը: Ո՞վ իր ներաշխարհէն ա՜խ ու վա՜խ չքաշեց 44-օրեայ պատերազմին՝ ըսելով՝ ո՞ւր ես հզօր Սպարապետ, ո՞ւր է ահեղ ձայնդ եւ ո՞ւր է սաւառնող ոգիդ մերօրեայ Անդրանիկ՝ Վազգէն Սպարապետ:
Երբ այսօր անգամ մը եւս կը խոնարհինք Հոկտեմբեր 27-ի նահատակներու յիշատակին առջեւ, հարց մը տեղին չէ՞ ուղղել.- ո՞վքեր եկան իրենցմէ ետք, ո՞վքեր նստեցան թափուր մնացած նահատակներու աթոռներուն վրայ, ո՞վքեր փոխարինեցին երկու հսկաները, ո՞վքեր այս օրերուն ստանձնեցին ղեկը հայրենի նաւին: Եւ անմիջապէս կրնանք նշմարել որակի, արժէքի, հայրենասիրութեան, նուիրումի, խիզախումի, լրջութեան, ծանրակշռութեան, պատկառանքի, պետական մտածողութեան եւ կրթուածութեան ահռելի վիհը ինկածներուն եւ միւս ճղճիմներուն միջեւ: Մարդ ուղղակիօրէն կը շշմի՝ թէ ո՞ւր էին Կարէն Դեմիրճեանի օրերը եւ ո՞ւր ենք այսօր՝ այս հարուածեալ, թեւաթափ եւ յուսաբեկ օրերուն: Ուրեմն յստակ է, Հոկտեմբեր 27-ը կը միտէր սանձելու հայուն թռիչքային եւ խոստումնալից երթը:
ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Հայոց պատմութեան հոլովոյթին նոյնիսկ սիրողական հետեւող մը տարօրինակ օրինաչափութիւն մը պիտի նկատէ: Այն պետական գործիչը, որ նպատակադրած է զօրացնել, ամրապնդել եւ ինքնուրոյն դարձնել Հայաստանը, սպաննուած է իր ազգակիցներուն կողմէ: Այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ հայը դատապարտուած է մնալու գլխահակ՝ թշնամիին առջեւ, քանզի հայրենակից մը պատրաստ է թիկունքէն դաշունահարելու իր հարազատը:
Օրինակնե՞ր.- Պապ թագաւոր զոհ գնաց բիւզանդական դաւադրութեան՝ երբ ազգակիցներ գիտակցաբար եւ նենգաբար զինք ուղղեցին Բիւզանդիոն՝ սպաննուելու համար: Ան կը միտէր կեդրոնացիկ պետութեան մը ստեղծումին:
Մխիթար Սպարապետ, որ Սիւնեաց աշխարհին մէջ շարունակելով Դաւիթ Բէկի մարտական գործը, պիտի ստեղծէր ամուր Սիւնիք մը, բայց գլխատուեցաւ իւրայիններուն կողմէ:
Մոնթէ Մելքոնեանի պարագան ալ նոյնը չէ՞:
27 Հոկտեմբեր 1999-ին եւս կրկնուեցաւ պատմութիւնը, առեղծուածային օրինաչափութիւնը՝ երբ արնաթաթախ ինկան «Թագաւորն» ու Սպարապետը, ամուր պետութեամբ տոգորուած երկու մեծերը: Այդ օր բացուած վէրքը մնաց վէրք: Չսպիացող վէրք:
Յարգանք Հոկտեմբեր 27-ի նահատակներու յիշատակին:

