Այտա Զիլէլեան հայ-ամերիկեան առաջին սերունդի գրող է, մանկավարժ եւ վիպասող (story teller): Իր առաջին վէպը՝ «The Legacy of Lost Things» 2015-ին հրատարակուած է եւ շահած Թոլոլեան գրական մրցանակը։ 2024-ին հրատարակուած է իր երկրորդ վէպը՝ «All the Ways We Lied», որ արժանացած է Swan Scythe մրցանակին։ Զիլէլեանի բանաստեղծական հատորը՝ «Dissonance,» հրատարակուած է 2025-ի Յունիսին, որ նոյնպէս շահած է Swan Scythe մրցանակը։ Իր պատմուածքներու հաւաքածոն՝ «These Hills Were Meant For You», KatherineAnn Porter մրցանակի թեկնածու նկատուած է։ «The Piano» պատմուածքը առաջին «Լight House Weekly» մրցանակին կը տիրանայ։ Այտա Զիլէլեան վիպասող է եւ ելոյթներ ունեցած է Նիւ Եորքի, Պոստոնի, Մոնրէալի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։
Մեր խորհրդածութեան առարկայ վէպը՝ «All the Ways We Lied», Queens New York բնակող Մանուկեան ընտանիքի երեք աղջիկներուն Գոհարի, Լուսինի եւ Ազատի պատմութիւնն է, որոնք կը տառապին իրենց նկարագրային յատուկ թերութիւններով եւ իրենց մօր Թագուհիի հետ ունեցած վիրաւոր եւ վատառողջ յարաբերութեամբ։ Գոհարը, երէց դուստրը, Ճոնաթանի հետ յաջող ամուսնութիւն մը կնքած էր, սակայն կը տառապէր զաւակ մը ունենալ չկարենալու իրականութենէն։ Ան արդէն իսկ երկու վիժում ունեցած էր եւ անոնք զինք յուսահատութեան մատնած էին։ Այդ հոգեվիճակին մէջ պէտք էր հանդուրժել նաեւ իր մօր տարօրինակութիւնները։
Մայրը՝ Թագուհի ամէնէն աւելի Գոհարը կ’անհանգստացնէր իր հեռաձայններով եւ անոր կեանքի մանրամասնութիւնները իր հսկողութեան տակ պահելու մարմաջով։ Միւս քոյրերը քաղաքէն դուրս կ’ապրէին եւ զերծ էին այս անպատեհութիւններէն։ Կանուխ առաւօտէն մինչեւ ուշ երեկոյ հեռաձայնը կը հնչէր՝ հատցնելով Գոհարին եւ անոր ամուսին Ճոնաթանին համբերութիւնը։ Այս ձեւով Թագուհի կ’ապահովէր իր վերահսկողութիւնը Գոհարի կեանքին վրայ։ Գոհար իր հոգեբանին փոխանցած էր այս դժգոհութիւնը, որու թելադրութիւնն էր չպատասխանել բոլոր հեռաձայններուն, հակառակ անդադրում զանգահարումներուն։ Ի վերջոյ Թագուհի բացայայտեց իր անդադար զանգերուն պատճառը, թէ Կապրիէլ՝ տան հայրը կը տառապէր խռչափողի երկրորդ աստիճանի քաղցկեղով։ Ճիշդ չէր երկրորդ աստիճանը, երրորդ էր իրականութիւնը, ինք կը ստէր որ աւելի չմտահոգուէին իր զաւակները։ Գոհար ինք պիտի յայտնէր այս տխուր լուրը իր քոյրերուն։ Բայց սուտը միշտ ներկայ էր այս ընտանիքէն ներս։
Կապրիէլը Թագուհիին երկրորդ ամուսինն էր, որմէ ունէր Ազատը՝ իր երրորդ դուստրը։ Գոհարն ու Լուսինը իր առաջին ամուսինէն էին՝ Անդրանիկէն, որմէ շատ գէշ յիշատակներ ունէր Թագուհի։ Անոնք ամուսնալուծուեցան երբ Գոհարը 12 տարեկան էր եւ Լուսինը՝ եօթը տարեկան։ Այս ընտանիքին ձախողութիւնները հաստատապէս կարելի էր բացատրել Թագուհիի ունեցած նարկիզական (narcissist) բնաւորութեան գիծերով։ Անձնակեդրոն բնաւորութիւն ունէր ան եւ ընտանիքի անդամները պարտէին զինք անդադար գովաբանել, սիրել ու ծառայել իրեն։ Իր կամքը պիտի կատարէին բոլորը անխտիր, զաւակ կամ ամուսին։ Երբ Գոհար 24 տարեկան հասակին ուզեց իր առանձին տունը ունենալ եւ բաժնուիլ իր ընտանիքէն, Թագուհի խիստ հոգեկան պատիժի ենթարկեց զայն։ Չխօսեցաւ հետը ամիսներ շարունակ եւ նոյնիսկ մերժեց ընդունիլ զինք ընթրիքի սեղանին շուրջ։ Մեկուսացուց զայն ընտանեկան բոլոր արարողակարգերէն։
Գոհար կրցաւ տոկալ այդ բոլոր զրկանքներուն, ի վերջոյ գտնելու իր անկախութիւնը մօրմէ մը, որ իր բացարձակ կամքը կ’ուզէր պարտադրել իր զաւակներուն։ Ան մինչեւ մագիստրոսական աստիճան ուսանեցաւ եւ դարձաւ գրականութեան ուսուցչուհի։
Լուսին, տեսնելով որ Գոհար ինչպիսի դժուարութիւններէ անցաւ տունէն դուրս գալու համար, արագ եւ անխոհեմ ամուսնութիւն մը ըրաւ։ Այն անտանելի մթնոլորտը որ կար իրենց տան մէջ, առիթը չէր ընծայեր, որ ան երկար մնար իր տան մէջ։ Սթիվը գինեմոլ էր, թմրամոլ, 12 տարբեր գործերէ դուրս դրուած էր եւ վերջին արարքը այնքան ծանրակշիռ էր, Լուսինի դրամատան հաշիւէն 2500 տոլարի իւրացումը եւ փախուստը։ Անշուշտ այդ պատճառ հանդիսացաւ որ Լուսին ազատագրուի նման խաթարուած նկարագրով ամուսինէ մը։
Լուսին բարկութեամբ լեցուն էր կեանքին հանդէպ։ Իր շատ սիրելի հօրմէն բաժնուած էր եօթը տարեկանին, անոր ամուսնալուծման պատճառով։ Ան չկրցաւ հաշտուիլ այս իրականութեան հետ։ Թէեւ շատ սիրեց իր երկրորդ հայրը՝ Կապրիէլը, սակայն այդ խոցը իր հետ մնաց երկար տարիներ։ Գոհար եւ Լուսին աղջիկներն էին Թագուհիի կողմէ չսիրուած ամուսինին Անդրանիկին։ Ասով ալ կը բացատրուի Թագուհիի անընդունելի վարքագիծը այս աղջիկներուն նկատմամբ։
Ազատ մօրը շփացած աղջիկն էր։ Գոհարէն 14 տարիով փոքր էր եւ կը մնար հօր, մօր եւ քոյրերուն սիրոյ առարկան։ Գոհարի թելադրութեամբ ան գիշերօթիկ ունեցող գոլէճ ընտրեց որպէս հաստատութիւն, որպէսզի տունէն դուրս գայ, բան մը որ Թագուհի չարտօնեց Գոհարին եւ Լուսինին։ Երկուքն ալ տունը բնակելով գացին գոլէճ մինչեւ պսակաւոր արուեստից ուսման աւարտը։ Երբ երկու քոյրերը իրենց փոխատուութեամբ վճարեցին գոլէճի սակերը, Ազատ ծնողական ամբողջական օգնութեամբ ուսանեցաւ։ Երբ քոյրերը իրենց անձնական պէտքերուն համար կ’աշխատէին, Ազատ ամսական 2000 տոլարի մնայուն եկամուտ ունէր մօրը կողմէ իր հաշիւին դրուած։ Ազատի այս առանձնաշնորհումները գէշ կը տպաւորէին Լուսինը եւ ան անկեղծօրէն կ’արտայայտուէր այդ մասին։ Ազատ իր կարգին կը նեղանար քրոջմէն։ Թագուհի կը գովէր Ազատը որպէս յամառ աշխատող եւ լաւ մակարդակով գործի մէջ ընդգրկուած երիտասարդուհի։ Լուսին կը բարկանար իր մօրմէն։ Մինչ փայփայուած եւ շփացուած Ազատ, ներքնապէս տկար, ինքզինք շատ ստորադաս կը նկատէր եւ երանի կու տար քոյրերուն, որոնք, հակառակ իրենց չարքաշ աշխատանքին, թերեւս աւելի երջանիկ էին։ Կորսուած էր Ազատ. չէր գիտեր ինչ կ’ուզէր կեանքէն։ Ոչ ուրախ էր, ոչ ալ տխուր։ Ուրախ չէր իր ուսանած արձանագործութեան մասնագիտութեամբ եւ կը խորհէր որ գեղանկարչութիւնը պիտի նախընտրէր։ Ունէր քանի մը թեթեւամիտ ընկերներ, որոնք լուրջ չէին։ Կարելի չէր երկարատեւ բարեկամութիւն մշակել անոնց հետ։
Թերեւս Գրիգորը ամէնէն լուրջն էր անոնց մէջ։ Գրիգոր զինք իր տունը կը հրաւիրէ եւ անոր մօրը քննութեան չի դիմանար Ազատ։ Մինչ այդ անապատ գացած էր ան, ուր երիտասարդներ բացարձակ ազատութեան մէջ թմրամոլութեան, սեռային սանձարձակութեան, կախարդութեան եւ այլ անառակութիւններու մէջ ժամանակ կ’անցընէին։ Ազատ գէշ կը տպաւորուի այս մթնոլորտէն։ Գրիգորի մայրը կը քննադատէ Ազատին անապատ երթալը, որ իրեն կը յիշեցնէր Տէր Զօրի անապատն ու միլիոնաւոր մեր զոհերը։ Ան կը քննադատէ նաեւ մօր երկրորդ ամուսնութիւնը եւ մէկ տան մէջ խորթ քոյրերով բնակութիւնը։ Մեծ մայրիկը սուրճի գաւաթին կը նայի ու կը ջանայ անոր ապագան գուշակել։ Ազատ հազիւ ինքզինք դուրս կը նետէ այդ հեղձուցիչ միջավայրէն։ Յաջորդ ժամադրութեան Գրիգոր կը յայտնէ, որ իրենք հասարակաց ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունէին։ Ազատ անոր մօրը կը վերագրէ այս քննադատական կեցուածքը։ Գրիգոր կ’ընդունի որ իր մտածումները եւ մօրը տեսակէտը կը համընկնին։ Այս լսելով, Ազատ բարկացած կը ձգէ զինք ու դուրս կու գայ ինքնաշարժէն։ Վերջին յոյսն ալ՝ Գրիգորի հետ ապագայի մը առնչութեամբ, կը մարի։ Գրիգոր չափած էր զինք եւ Ազատ չէր դիմացած անոր քննութեան։ Ազատին՝ ինքզինքին հանդէպ ունեցած հաւատքը կը չքանայ եւ ան կ’իյնայ յուսահատութեան մէջ։
Ընտանիքին ներքին կեանքը տնօրինողը Թագուհին էր։ Ան կը պարտադրէր կատարեալ հպատակութիւն իր հրահանգներուն։ Ան կ’ուզէր որ Կապրիէլ իր մտաւորական թարգմանչական աշխատանքները տուն չբերէր, որպէսզի ան իրմով զբաղէր։ Ինք պէտք էր ըլլար ամուսինին զբաղումներուն առարկան։ Հակառակ կնոջ գանգատներուն, Կապրիէլ տրցակներով գործ կը բերէր տուն քանի որ գրասենեակային ժամերը բաւարար չէին իր գործը աւարտելու։ Տան ֆինանսական պիւտճէն Թագուհիի ձեռքն էր, հակառակ անոր որ տան տնտեսութիւնը ապահովողը Կապրիէլն էր։ Թագուհի յաճախ տունը կ’ըլլար քանի որ տունէն դուրս իր գործը երկար կեանք չէր ունենար։ Ամուսինին գտած գործերէն շուտով կը ձանձրանար։ Կապրիէլ հակառակ էր այն վէճերուն, որ Թագուհի կ’ունենար յատկապէս Գոհարին հետ։ Որպէս ամուսին, ինք կրաւորական դերակատարութիւն ունէր զաւակներու դաստիարակութեան մէջ։ Ան թէեւ իր դրական ներդրումով օգտակար կ’ըլլար անոնց ուսումնական յառաջընթացին։ Լուսին կը յիշէր, թէ ինչպէս Կապրիէլ իր դասերուն կը հետեւէր մեծ համբերութեամբ։ Ալճեպրայի խնդիրներու լուծման կ’օգնէր եւ հետազօտական աշխատանքներուն կ’օժանդակէր։
Լուսին յաճախ կը մտածէր որ իր հարազատ հօր մահուան առթիւ արդեօք այնքան պիտի ցաւէ՞ր որքան ցաւեցաւ Կապրիէլին համար։ Տունը եւ ընտանիքը միաւորող եւ երջանկացնող ոգին էր Կապրիէլ։ Թագուհիին երջանկութեան աղբիւրը։ Իր մահը ազդեց ընտանիքի ամէն մէկ անդամին վրայ, բայց Թագուհի ամենէն շատ ազդուողը եղաւ։ Առաջին ամուսինին պատճառած տառապանքներուն փոխարէն Կապրիէլի ցուցաբերած սէրն ու հոգածութիւնը զինք վերականգնեցին։ Իսկ անոր մահը զինք քայքայեց եւ անդամալուծեց։ Ճոնաթանի համար ալ ծանրակշիռ էր իր հօր տիպարի՝ Կապրիէլի անհետացումը իր աշխարհէն։ Ինք իր հայրը վայելած չէր, որ միշտ բացակայ եղած էր իր կեանքէն։ Ճոնաթան եւ Կապրիէլ բացառիկ մտերմութիւն մը ունէին, կը խմէին ու կը ծխէին ու անվերջանալի խօսակցութիւններ կ’ունենային իրար հետ։
Թագուհիի «նարսիսիստ» բնաւորութեան աղբիւրը կարելի էր փնտռել Լիբանանէն ներս իր անցուցած մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն եւ անոր ընտանիքէն ներս, Պուրճ Համմուտ։ Ան միջնեկ զաւակն էր ու իրմէ մեծ քոյր ու եղբայր ունէր, որոնք ամէն տեղ կ’երթային միասին, զինք մէկ կողմ ձգելով իրմէ փոքր եղբօր ու քրոջ հետ։ Ինք պարտաւոր էր մօր օգնելու խոհանոցին եւ տան մէջ։Ծնողները Եղեռնէն ճողոպրած հայեր էին, որոնք ընտանիք կազմած էին եւ կ’ապրէին նեղ պայմաններու մէջ։ Անոնք կարիքը ունէին մօր օգնութեան, որ կար ընելով կը ծառայէր ընտանիքի պէտքերու բաւարարման։
Թագուհին շնորհալի ձայն ունէր եւ դպրոցէն ներս մասնաւոր գնահատանքի արժանացած էր։ Օրին մէկը երգի մրցում տեղի կ’ունենար աշակերտներու միջեւ՝ ընտրելու համար այն աշակերտուհին որ կրթաթոշակով պետական երաժշտանոց ընդունուելու պատեհութիւնը պիտի ունենար։ Թագուհի կ’ընտրուի որպէս առաջին հանդիսացող թեկնածու։ Տնօրէնութիւնը նամակով կը կապուի Թագուհիի ծնողքին հետ եւ կը յայտնէ յաջողութեան մասին, քաջալերելով անոնց համաձայնութիւնը իրենց աղջիկը երաժշտանոց ուղարկելու Պէյրութ քաղաք։ Հայրը կը մերժէ այս առաջարկը եւ անդրդուելի կը մնայ իր որոշումին մէջ։ Իր աղջիկը խրախճանքի սրահներուն մէջ պիտի չդառնար մարդոց հաճոյք պատճառող երգչուհի։ Այս մերժումը մեծ յուզում կը պատճառէր Թագուհիին։ Հայրը գիտակցութիւնը չունէր այն լուրջ հետեւանքներուն մասին, որ այս մերժումը պիտի ունենար Թագուհիի ապագայ կեանքին վրայ։ Մասնաւոր ասպարէզի մը բացակայութեան, իր կանխահաս ամուսնութիւնը Անդրանիկին հետ 16 տարիներ շարունակ զինք կը տառապեցնէ կոշտ ու խոժոռ ամուսնի մը ձեռքին տակ։ Ամուսին մը, որ նուիրատուութիւններ կ’ընէ կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու, սակայն կը զրկէ իր ընտանիքը բարգաւաճ ապրելակերպէ։ Այս ընթացքին Թագուհի կը հանդիպի մտաւորական ու թարգմանիչ Կապրիէլին ու անոնք սիրոյ փոխադարձ զգացումներով կը կապուին իրար հետ։ Գաղտնի տեսակցութիւններ կ’ունենան, որ տան մէջ վէճի եւ կռիւի տեղիք կու տայ, որուն հետեւանքը կ’ըլլայ ամուսնալուծումը։ Եթէ Թագուհի յաջողէր իր երգչուհիի համբաւով անուն եւ փառք շահիլ, հաւանաբար ան կարենար առողջ նկարագիր եւ անհատականութիւն մշակել։
Իր անձնակեդրոն եւ խոցելի բնաւորութեամբ ընտանիքի բոլոր անդամներուն կեանքը անհանդուրժելի դարձուց։ Կապրիէլ, տեսնելով հանդերձ իր կնոջ սխալները, իր կրաւորական կեցուացքով հարցերուն որեւէ դրական լուծումներ չկրցաւ առաջարկել։ Ճոնաթանը եւս չունէր ուժը միջամտելու Թագուհիին կողմէ գործադրուած սխալ քայլերուն։ Սխալ քայլ էր Արեւմտեան Ափրիկէ՝ Թոկօ մեկնելու Թագուհիին նախաձեռնութիւնը ամուսնութեան նպատակաւ։ Ելլելով այն վարկածէն, որ առաջին իր ամուսնութեան քայքայումէն ետք, Կապրիէլի հետ ամուսնութեամբ ան վերականգնած էր իր կարողութիւնները, ան կը հաւատար որ զինք սիրող ափրիկեցիի մը հետ եւս կենակցութեամբ ինք կրկին անգամ պիտի վերականգնէր։ Գոհար եւ Ճոնաթան չեն յաջողիր Թագուհին տարհամոզել, որ ան ետ կանգնի իր մտադրութենէն։ Իր վերադարձի երկար թռիչքին ընթացքին Թագուհի կը խորհրդածէ իր կատարեալ մայր մը ըլլալու իրականութեան մասին։ Թէ ինչպէս իր դուստրերուն երդիք մը ապահոված է, լաւապէս հագցուցած է, կերակրած եւ լաւագոյն դպրոցները ղրկած է։ Ան երբեք չէր գիտակցեր իր սխալներուն եւ ինքզինք կատարեալ կը նկատէր։ Գոհար իր երաժշտական եւ գրական շնորհքներուն վերաբերեալ մօր քաջալերանքի բացակայութեան մասին կը պատմէր։ Ան դաշնամուր եւ կիթառ կը նուագէր երբ մայրը կը բացակայէր տունէն։ Գոհար գրական տաղանդ ալ ունէր, վէպ սկսած էր գրել։ Սակայն մօր համար այս տաղանդները անկարեւոր էին։
Վէպի վերջաւորութեան Թագուհիի կերպարը որեւէ փոփոխութիւն եւ բարելաւում չէր ցուցաբերեր։ Ան որպէս կերպար խոցելի կը մնար, անկարող կատարելագործուելու։
Վէպի վերջաւորութեան փրկութեան նշաններ կը ցուցաբերեն երեք քոյրերը։ Գոհար կը կարենայ ոչ ըսել իր մօրը, մերժելով Լոմա Թոկօ երթալով մայրը տուն վերադաձնելը։ Լուսինը իր հարազատ հօր հետ կը գտնէ սիրոյ կապը, երբ ան դրամական նուէր մը կ’ընէ իրեն, իր ամենածանր ճգնաժամին ընթացքին։ Ան ձերբազատուելով վատաբարոյ այդ ամուսինէն, կը յուսադրէ մեզ որ պիտի ապրի ինքնաբաւ կեանք մը՝ յաջող իր փռապանի ասպարէզին մէջ որպէս տնօրինող։ Ազատ մեծմօր կողմէ իրեն ժառանգած տունը՝ Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, կը մաքրէ մեծ բծախնդրութեամբ, կը դասաւորէ կահ-կարասիները ու բնակելի տան մը կը վերածէ զայն։ Գործ մը որ երբեք չէր կրցած իրագործել իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ազատի փրկութեան եւ ազատագրութեան յոյսը կը նշմարուի այս առիթով։
Ամուսինին մահէն ետք, բարեկամուհիներու քաջալերանքով Թագուհի կ’որոշէ ամուսնութիւն մը կնքել Լոմո Թոկոյէն ափրիկեցիի մը հետ՝ Ռէյ անունով, որուն ծանօթացած էր թղթակցութեամբ։ Հակառակ ընտանեկան արգելքին, Թագուհի կը յամառի եւ մանաւանդ առանձին ճամբորդելու անկախութեան զգացումով կը մեկնի։ Ռէյ զինք կը հրապուրէ եւ կը փայփայէ ու շատ գոհ կը ձգէ։ Անշուշտ իր վարձատրութիւնը կը պահանջէ, որ Թագուհի կը վճարէ առանց գանգատի։ Ամուսնութիւնը տեղի կ’ունեայ կարծեցեալ օրինաւոր կղերականի մը կողմէ, որ յետոյ անվաւեր կը նկատուի, այդ պատճառաւ ալ ինք կալանաւորումէն ազատ կ’արձակուի։ Ռէյի մագսանենգութիւնները Թագուհի նկատի չ’ունենար ու երկրէն կը մեկնի գոհունակ սրտով։
Այտա Զիլէլեանի վէպը կը շնչէ հարուստ արձակի յատկանիշերով։ Անոր լեզուն ջինջ է ու յստակ, թափանցիկ եւ պատկերաւոր։ Կարծես արձակ բանաստեղծութիւն մը կը ներկայացուի մեր դիմաց, քնարական իր խորքով։ Խօսակցական լեզուն խիստ հաճելի է եւ հիւմորը միշտ միաձուլուած ու կենդանի։ Ան հիմքը կը կազմէ ամբողջ արձակին։ Կերպարները կը խօսին իրենց նկարագրին յատուկ ոճով եւ կը դառնան համոզիչ եւ առինքնող։ Գլխաւոր դերակատարները, հակառակ իրենց թերութիւններուն, կը մնան համակող եւ անմոռանալի։ Կը ցաւիս իրենց սխալներուն համար եւ կ’ուրախանաս իրենց ձեռք ձգած յաջողութիւններով։
Վէպին մէջ ներկայացուած ընտանիքը իր շատ մը կերպերով կը նմանի մեզմէ շատերուն ապրած ընտանեկան կեանքին։ Հոգեբանական լուրջ քննութեան ենթարկուած են գործող կերպարները եւ անոնք իրապաշտ են ու ճշմարիտ։ Այն սուտը եւ կեղծիքը որ բաժին ինկած էր վէպի այս ընտանիքին, կը վերանայ երեք քոյրերու ճշմարտութեան որոնումով եւ որդեգրումով։ Կապրիէլի կերպարը կը հանդիսանայ այն ամուր յենարանը, որ միասնական կը պահէ այս ընտանիքը, հակառակ ներքին ճեղքերուն։ Գաղթական հայ սերունդները Ամերիկայի մէջ կը գոյատեւեն իրենց աւանդութիւններով եւ հաւատալիքներով ամրագրուած ու ընտանիքի անդամներուն դժուարութիւններ յաղթահարելու վճռակամութեամբ։ «All The Ways We Lied» նուաճում մըն է արդի Ամերիկեան հայկական գրականութեան ժամանակագրութեան մէջ։

