Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

October 28, 2025
in Գաղութային
0
Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի)

Մօտիկ անցեալին, տակաւին 20-30 տարի առաջ, ֆրանսահայ գաղութէն լուրեր ստանալու համար հարկ էր դիմել առաւելաբար Փարիզի նշանաւոր «Յառաջ» լրագրին, որ արեւմտեան Եւրոպայի հայերէն միակ օրաթերթը կը սեպուէր, խիստ աւանդապաշտ ու լեզուական-լրագրական դասական սկզբունքներու կատարեալ հաւատարմութեամբ։

«Յառաջ»-ի պատկառելի խմբագրուհին՝ Արփիկ Միսաքեան (1926-2015), որ թերթը ժառանգած էր իր հօրմէն՝ մեծանուն Շաւարշ Միսաքեանէն (1884-1957), ամբողջ կէս դար զայն ձեռնհասօրէն կանգուն պահելէ ու դիեցնելէ ետք՝ ի վերջոյ որոշեց վերջ տալ անոր 84-ամեայ հրատարակութեան, ցնցում մը յառաջացնելով գաղութին մէջ։ Ատիկա պատահեցաւ 2009-ի Մայիսի վերջը։ Արփիկ, արդէն յոգնած ու սպառած, քաշուեցաւ լրագրական ապարէզէն ու իր վերջին շունչը փչեց փարիզեան հանգստեան տան մը իր մեկուսի սենեակին մէջ…։ Իր մահով փակուեցաւ լրագրական ամբողջ դարաշրջան մը, միաժամանակ անհետացաւ Միսաքեան ընտանիքը, որ ա՛լ ժառանգորդ չունէր (այս մասին արտայայտուած ենք «Վերջին Միսաքեանը» խորագրեալ ընդարձակ յօդուածով մը՝ մեր «Դեգերումներ…»-ու Ա. հատորին մէջ)։

Բարեբախտաբար, ֆրանսահայ խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ արագօրէն, նոյն տարին իսկ, կեանքի կոչուեցաւ նո՛ր թերթ մը, որ պիտի գար գոցել «Յառաջ»-ի փակումով գոյացած մեծ բացը։ Նոր լրագիրը կոչուեցաւ «Նոր Յառաջ» եւ իր անունով իսկ զգացնել տուաւ, թէ ժառանգորդն է հին «Յառաջ»-ին, պիտի քալէ անոր ուղիէն, գո՛նէ ինչ կը վերաբերի ֆրանսահայ լուրերու արձագանգին, արեւմտահայերէնի նկատմամբ հոգածութեան եւ «անկախ» (անկուսակցական) տեսակէտ ունենալու մայր սկզբունքին։

«Նոր Յառաջ» փոքրածաւալ երկօրեայ թերթ է։ Այս օրերուն ան կը նշէ իր 16-րդ տարեդարձը։ Լոյս կ՛ընծայուի շաբաթը երեք անգամ եւ ունի ֆրանսատառ շաբաթօրեակ մըն ալ։ Խմբագրական աշխատանքները կը վարեն Յարութ Կոպէլեան եւ Ժիրայր Չոլաքեան։ Ֆրանսայի հայահոծ գաղութներէն՝ Փարիզէն, Լիոնէն, Մարսէյլէն, Վալանսէն հայկական լուրեր ստանալու գրեթէ միակ աղբիւրն է ան։ Այս իմաստով՝ օրհնութիւն մըն է ան Սէնի ափերուն…։

Այսօր քաղուածք մը պիտի կատարենք «Նոր Յառաջ»-ի վերջին թիւերէն ու փունջ մը խապրիկներ դնենք մեր ընթերցողներու սեղանին։

Հայերէն թերթերու հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ ա՛յս է ահաւասիկ. կամուրջ մը դառնալ Սփիւռքի տարածքին ցրուած հայորդիներուն միջեւ, անոնց լուրերը, յաջողութիւններն ու մտահոգութիւնները հաղորդել մէկզմէկու, զօդել զանոնք իրարու՝ որպէս նոյն ազգին զաւակները, տոհմիկ նոյն ապրումներուն կրողները…։

— Մեր առաջին լուրը ունի բացառիկ կարեւորութիւն մը, որովհետեւ կ՛առնչուի հայկական նորակառոյց մանկապարտէզի մը բացումին՝ փարիզեան շրջանին մէջ։ Արդարեւ, կրթական նոր վերամուտին զուգահեռ, ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ մէջ (Փարիզի հայահոծ արուարձան) իր դռները բացեր է Մարիամ Արապեան մանկապարտէզը։ Դպրոցը պիտի գործէ Գէորգ Արապեան-Ս. Մեսրոպ վարժարանին զուգահեռ, բայց մատակարար անջատ մարմինի մը հոգածութեամբ։ Ներկայիս հոն կը յաճախեն շուրջ 60 երեխաներ։ Տնօրէնուհին տիկ. Անիէս Մինասն է։

Դպրոցին նոր շէնքը կարելի եղած է կառուցել շնորհիւ Նորվան արք. Զաքարեանի գլխաւորած՝ Ֆրանսայի Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութեան (ԱՓՔԱՖ) երկարատեւ ու հետեւողական ճիգերուն։ «Նոր Յառաջ»-ի էջերուն լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ (Սեպտեմբեր 30) Նորվան սրբազան կ՛ոգեկոչէ յիշատակը ողբացեալ բարերար Գէորգ Արապեանի (Լիբանանէն), այնուհետեւ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ անունները Կարպիս Ջրբաշեանի, տոքթ. Սերժ Սիմոնեանի եւ Գրիգոր Փափազեանի (երեքն ալ՝ մահացած), որոնք մեծապէս նպաստած էին այս ծրագրին իրականացման։  

— ՓԱՐԻԶԻ անուանի Մատլէնի եկեղեցիին մէջ, Սեպտեմբեր 25-ին, փառաւոր համերգով մը հանդէս եկած է Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը։ Ձեռնարկին աջակցած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ն ու «Հայաստանի Դեսպանութեան Բարեկամներ» միութիւնը։ Նուագախումբը Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ երաժշտական կտորներ ներկայացուցած է Կոմիտասէն, Արամ Խաչատրեանէն, Տիգրան Մանսուրեանէն, Ռոպերթ Ամիրխանեանէն եւ Ազնաւուրէն։

— ՓԱՐԻԶԻ մէջ, հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին (Սեպտեմբեր 25), Ֆրանսայի պետութեան կողմէ Ազգային Արժանեաց պատուոյ շքանշանի ասպետի կոչում շնորհուած է ֆրանսահայ 36-ամեայ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանի։ Այս պարգեւը տրուած է՝ ենթակային «արուեստի նուաճումներուն եւ քաղաքացիական նուիրումին համար»։

Սիրանոսեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Փարիզէն մինչեւ Վիեննա, Նիւ Եորք եւ այլուր՝ իր թաւջութակին վրայ ցուցաբերելով վարպետութիւն, զգայնութիւն եւ մեկնաբանութեան խորութիւն։ Ան զաւակն է լիոնահայ ընտանիքի մը։ Քանի մը տարի առաջ հրատարակած է ալպոմ մը՝ Կոմիտասի ձօնուած։

— ՓԱՐԻԶԻ հայոց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 3-ին, հանրութեան ներկայացուած է 75-ամեայ Փաթրիս Ճօլոլեանի «Վերապրիլ եւ վերածնիլ. հայ ընտանիքի մը անցած ճանապարհը Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ իր ծննդավայրէն մինչեւ սփիւռք» ֆրանսերէն հատորը։ Ձեռնարկին բացումը կատարած է Ծխական խորհուրդի ատենապետ ՌաՖՖի Մոմճեան։

 

Պատկերազարդ հատորին հեղինակը ներկայացուցած է իր աշխատանքին ծննդոցը, նշելով որ գործը իր ծնողներուն եւ պապերուն ընտանեկան պատմութիւնն է, գրի առնուած բազմաթիւ փաստաթուղթերու օգտագործումով։ Փաթրիս Ճօլոլեան ընտանեկան հարազատ շառաւիղն է նշանաւոր պատմաբան Յ. Ճ. Սիրունիի (Յակոբ Ճօլոլեան)։   

— ՊՈՐՏՈՅԻ արուարձաններէն Պեկլի մէջ, Հոկտեմբեր 5-ին, շուրջ 500 հոգիի ներկայութեան, ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան օծած է տեղւոյն Ս. Ներսէս Մեծ հայկական եկեղեցին ու զայն բացած հաւատացեալներուն առջեւ։

Եկեղեցին Ֆրանսայի արեւմտեան շրջանի Հայ առաքելական միակ աղօթատեղին է։ Շէնքը, որ ֆրանսական նախկին եկեղեցի մըն է, ձեռք բերուած է 2022-ին Պորտոյի հայ կազմակերպութեանց ճիգերով։ Եկեղեցւոյ հովիւ նշանակուած է Տ. Տիգրան քհնյ. Պատիրեան։ Աղօթատեղիին գլխաւոր բարերարն է Սարգիս Պետոյեան։

— ՓԱՐԻԶԻ «Էնթէրքոնթինանթալ» պանդոկի սրահներուն մէջ, Հոկտեմբեր 8-ին, Հայաստանի դեսպանութիւնը ընդունելութիւն մը սարքելով նշած է երկրին անկախութեան 34-րդ տարեդարձը։ Ներկայ եղած են ֆրանսացի բարձրաստիճան հիւրեր, քաղաքական դէմքեր, անձնաւորութիւններ։

Դեսպան Խաչատրեան ողջուներ է ներկաները սրտազեղ խօսքերով եւ անդրադարձեր է Ուաշինկթըն ստորագրուած խաղաղութեան յայտարարութեան՝ զայն նկատելով «իսկական շրջադարձ» մը։ Խօսք առեր են Ֆրանսայի ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներ։ Բոլորն ալ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայաստանին։ «Արեւ» լարային քառեակը կոմիտասեան յօրինումներով ստեղծած է հաճելի մթնոլորտ։

— ՇԱՐԱՆԹՈՆ-ԼԸ-ՓՈՆԻ (փարիզեան շրջան) «Մէտիաթէք»-ին մէջ, Հոկտեմբեր 10-ին, կայացած է «Փարիզի Աստուածամօր տաճարէն մինչեւ Հայաստանի յուշարձանները» խորագրով կլոր-սեղան մը եւ նիւթին առնչուող լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։ Ներկայ եղած է հոծ բազմութիւն մը, մանաւանդ որ արծարծուած է արհեստական բանականութեան օժանդակութեամբ մշակութային ժառանգութիւնները պահպանելու հարցը։ Կլոր-սեղանին իրենց մանակցութիւնը բերած են Քեւին Ռեպի, Պատրիկ Տօնապետեան, տիկ. Գայիանէ Քասնաթի, Աննա Լէյլոյեան-Եկմալեան եւ պրն. Ֆերրանթէ Ֆերրանթի, բոլորն ալ մասնագէտներ արհեստական բանականութեան։

Բացումը կատարած է Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Լիլիթ Անտոնեան։ Նախ խօսք առած է Շարանթոն-լը-Փոնի քաղաքապետ Հերվէ Ժիքէլ, ապա կազմակերպիչներէն տիկ. Անոյշ Ջրբաշեան։ Բանախօսները երկարօրէն պատմած են հայկական վտանգուած յուշակոթողներու (Արեւմտահայաստան, Արցախ եւ այլուր) գոյքագրման եւ թուայնացման իրենց փորձառութեան մասին։ 

— ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ Մարիամ Արապեան մանկապարտէզի սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 12-ին, շահեկան բանախօսութիւն մը սարքուած է՝ «Ֆրանսուա Միթերան եւ հայերը» խորագրով (ֆրանսերէնով)։ Երեք դասախօսներ՝ Միշէլ Մարեան, Արա Գրիգորեան եւ Ռոպեր Այտապիրեան, լուսարձակի տակ առած են Ֆրանսայի նախկին նախագահ Միթերանի յարաբերութիւնները հայոց հետ, յատկապէս պատմելով Ֆրանսայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն ու ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու երկարամեայ ճիգերուն մասին։

— ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ մէջ, Հոկտեմբեր 19-ին, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւնն ու Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը ոգեկոչած են Հաճնոյ հերոսամարտին 105-րդ տարեդարձը։ Նախ հոգեհանգիստ կատարուեր է տեղւոյն Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, այնուհետեւ հոգեճաշ հրամցուեր է ներկաներուն (մատաղ-ճիտապուր)։ Աւելի ետք, Հայ Երիտասարդաց Կեդրոնին մէջ (Հ.Մ.Մ.-Նոր Սերունդի ակումբը) ի գործ դրուեր է գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։

Share64Tweet40
Previous Post

Վարդագոյն Խոստում — Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Իրազեկման Ձեռնարկ

Next Post

Չսպիացող Վէրքը

Next Post
Չսպիացող  Վէրքը

Չսպիացող Վէրքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.