Ամէն տարի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հոկտեմբեր ամիսը կը նշուի իբրեւ Կրծքագեղձի քաղցկեղի իրազեկման ամիս, որուն հիմնական նպատակը կիներուն մէջ առողջապահական զգօնութեան եւ ժամանակին զննութեան կենսական անհրաժեշտութեան տարածումն է։ Վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ կրծքագեղձի քաղցկեղը կը մնայ կանանց մէջ ամենատարածուած ու լուրջ մարտահրաւէրներու շարքին, սակայն վաղ ախտորոշումը եւ շարունակական իրազեկութիւնը զգալի կերպով կը բարձրացնէ բուժման յաջողութեան հաւանականութիւնը։
Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Նոր Հաճնոյ դարմանատունը, համագործակցութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղին, տարիներէ ի վեր յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս առողջապահական ոլորտին՝ առողջապահական սեմինարներով, զննութիւններով եւ խորհրդատուական ծառայութիւններով։ Նպատակն է, որ իւրաքանչիւր կին ըլլայ իր մարմնին լաւագոյն պաշտպանն ու իր առողջութեան առաջին պատասխանատուն։
Այս ծիրէն ներս, Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Նոր Հաճնոյ դարմանատունը եւ «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղը մասնակցեցան «Վարդագոյն խոստում» (Pinky Promise) խորագրեալ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Forum de Beirut-ի մէջ, համագործակցութեամբ «Պարպարա Նասսար» Քաղցկեղի կեդրոնին։

Մասնակիցները վարդագոյն ֆուլարներով կէսօրուան ժամը 2-ին հաւաքուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր տիրեց միասնական ոգիի եւ բարեմիտ զօրակցութեան մթնոլորտ։ Այնուհետեւ շուրջ 75 հոգինոց խումբը մեկնեցաւ դէպի Forum de Beirut՝ միանալու հարիւրաւոր մասնակիցներու եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու։
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայ էին բազմաթիւ հիւանդանոցներու, համալսարաններու եւ առողջապահական կեդրոններու տաղաւարներ (արեան քննութեան, ատամնաբոյժի, մազայարդարման, սննդականոնի եւ այլն), որոնք մասնակիցներուն տրամադրեցին անվճար զանազան քննութիւններ, խորհրդատուութիւններ եւ փոքր յուշանուէրներ։
Օրը առոյգ շեշտեր ստացաւ կենդանի երաժշտութեամբ, պարային ներկայացումներով, ցուցահանդէսային վաճառքով, ինչպէս նաեւ այս առիթին նուիրուած զինուորական փողերախումբի առանձնայատուկ մասնակցութեամբ։
Արարողութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ խորհրդանշական «Վարդագոյն քայլարշաւ»ով՝ սկսելով Forum de Beirut-էն եւ շարունակուելով մինչեւ Ժըմմէյզիի շրջանը՝ ի պատիւ բոլոր այն քաջ մայրերուն ու քոյրերուն, որոնք պայքարած են կամ կը շարունակեն անսահման յանձնառութեամբ դիմակայել այս հիւանդութեան։

Պէտք է նշել, որ շնորհիւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան եւ «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղի վարչականուհիներու նուիրեալ ջանքերուն, հնարաւոր դարձաւ համագործակցական համաձայնութիւն մը հաստատել Քարանթինայի պետական հիւանդանոցին հետ, որով մասնակից կիներուն մինչեւ 2025-ի աւարտը կը շնորհուի կրծքագեղձի անվճար զննութիւն (Mammography) իրականացնելու բացառիկ հնարաւորութիւն։
Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Նոր Հաճնոյ դարմանատան եւ «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղի միացեալ մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին նոր վկայութիւն մըն էր անոնց հետեւողական յանձնառութեան՝ ծառայելու առողջ ընկերութիւն մը կերտելու նպատակին։

