Բարեկամի մը միջոցով վերջերս Հիւսթընի մէջ ստացայ ժամանակ մը առաջ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԽՄԲԵՐԳԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ 1920-2020» աշխատասիրութիւնը, հեղինակութեամբ տիկին ՌՈՒՊԻՆԱ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ-ԱՐԹԻՆԵԱՆի։ Տեղեակ եմ որ հայ մամուլի մէջ արդէն լոյս տեսած են արդէն գրախօսականներ, բայց սրտի պարտականութիւն համարեցի իմ կարգին արտայայտուելու այս գիրքին մասին, յուսալով որ կրկնութիւն չի համարուիր։
Երեւակայեցէք վայրկեանի մը համար, որ հրաշքի համազօր արարքով մը կը յաջողինք ոստում մը կատարել դէպի անցեալ ու ժամանակի սանդխամատերէն բարձրանալով ետ կ՛երթանք մօտաւորապէս հարիւր տարի, այսինքն 1920 թուականէն օր մը, մենք զմեզ գտնելու Պէյրութի գետին մերձակայքը տարածուող պարագայական կերպով շինուած խրճիթներու եւ վրանաքաղաքի մը տխուր ու նեղ անցքերուն մէջ։ Մենք հոն անտարակոյս պիտի հանդիպինք տեղահանութենէն եւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայորդիներու, որոնք աննկարագրելի թշուառութեան եւ ծով կարիքներու աշխարհի մը մէջ կ՛ապրին։ Այդ պայմաններուն մէջ ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ բնակչութեան միակ եւ գլխաւոր կարգախօսը պարզապէս ֆիզիքական գոյատեւումի անհրաժեշտութիւնն է, ամէնօրեայ կարծր պայքար մը՝ ապահով կեանքի մը ի խնդիր։ Մէկ խօսքով յուսալքիչ կացութիւն մը, ուր մթագնած ապագայ մը կը սպասէ ամէնուն։
Բայց ո՜վ զարմանք եւ ո՜վ հրաշք։
Այս դժխեմ պայմաններուն մէջ հոն յանկարծ կը հանդիպինք խումբ մը մարդոց, որոնք գողտրիկ հայրենի երգի մը բառերն ու երաժշտութեան մը եղանակները իրենց սրտին ու մտքին մէջ սրբացուցած, կը պտտին թաղէ թաղ, համայնքէ համայնք, հայրենակցական խմբակցութենէ հայրենակցական խմբակցութիւն, ձեւաւորուող եւ սաղմնային վիճակի մէջ գտնուող հոգեւոր եւ ազգային հաստատութենէ հաստատութիւն, ցեխի եւ թշուառութեան մէջ ապրողներու մօտ փնտռելու արուեստասէրներ, որոնք գեղարուեստական աշխարհի մը վայել նրբութիւններով եւ ըմբռնումով հոգեպնդուած կրնան ներդաշնակութեան օրէնքներուն հետեւելով «պոռալու» աշխարհին …… որ «կանք ու պիտի մնանք»։
Ահա այսպիսի նուիրեալներու գիտակցային խոյանքին ու մտասեւեռումի հարիւրամեայ արտայայտութեան նուիրուած յուշամատեան մըն է որ տիկին Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան երկնած է իր «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԽՄԲԵՐԳԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ 1920-2020» աշխատասիրութեամբ։ 575 էջնոց այս գիրքը լոյս տեսած է Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունէն 2023 թուականին, ճոխացած նիւթին յարիր տեղեկութիւններով, հետաքրքրական մանրամասնութիւններով եւ արխիւային լուսանկարներով։

Այս նշանակալից գիրքը մանրամասնօրէն կ՛ուղեգծէ Լիբանանի մէջ տակաւ հաստատուող հայ գաղութի մը երգչախմբային գործունէութեան սկզբնական հոլովոյթները եւ զարգացումները։ Այդ տեսակէտէն ան կը պարփակէ 20-րդ դարու սկիզբին եւ մինչեւ մեր օրերը կամարուող Լիբանանի հայ գաղութին մէջ ծնունդ առած, կազմաւորուած կրօնական, համայնքային եւ աշխարհական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հովանիին տակ գործած յիսունէ աւելի երգչախումբերու եւ անոնց ղեկավարներու գործունէութեան ոդիսականը։ Այս աշխատասիրութիւնը գալիք սերունդներուն եւ պատմութեան համար կ՛արձանագրէ ազգային վերածնունդի անհրաժեշտութեան հաւատացող եւ անոր իրականացման համար տագնապող եւ զոհաբերուած անձերու հետամուտ աշխատանքը՝ երգի եւ երաժշտութեան միջոցաւ վերականգնելու կոտրուած հայ հոգին, եւ ազնուացնող մշակոյթի միջոցաւ ժողովուրդի լայն խաւերուն հայեացքները եւ յոյսերը ծրագրուած մօտեցումով ուղղելու դէպի նոր բարձունքներ եւ երազանքներ։
Պէյրութի մէջ գործող «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռային կայանին այս տարւոյն Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին տիկին Ալահայտոյեան-Արթինեան բացատրած է այդ գիրքի գաղափարին ծնունդ տուող մղիչ դրդապատճառները, երբ տասնամեակներ առաջ իր համալսարանական վկայականի աւարտաճառին համար այս նիւթին նուիրուած մենագրութիւն մը պատրաստած է ան։ Այս աւարտաճառը տասնամեակներու աշխատանքէ, պրպտումէ, հարցազրոյցներէ եւ հանդիպումներէ ետք վերածած է 575 էջերու վրայ տարածուած պատկառելի հատորի մը իր խորհրդատու համալսարանական դասախօս դոկտ. Երուանդ Քասունիի քաջալերանքով եւ պնդումով։
Վերջին տասնամեակներուն ակնյայտ եւ ծրագրուած ջանք կը թափուի նման մենագրութիւններու եւ ակադեմական աշխատանքներու ճամբով լոյս սփռելու լիբանանահայ կեանքի զանազան երեսներու եւ զարգացումներու վրայ, երբ այդ շրջանի յիշատակները ու ականատեսի վկայութիւնները տակաւին առկայ են ապրող երէց սերունդներու մօտ։ Արդարեւ, երախտաշատ աշխատանք կը տանին բոլոր անոնք, որոնք իրենց պրպտումներու ջանքով լծուած են արձանագրելու լիբանանահայ կեանքի պատմութեան զանազան երեսները ակադեմական չափանիշերով եւ քննական մտքով՝ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու կենսունակ գաղութի մը անցած ճամբան։
Այդ տեսակէտէն տիկին Ալահայտոյեան-Արթինեանի գիրքը համապարփակ վաւերագրական հատոր մըն է, որ ամբողջական պատկեր մը կու տայ անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին յառաջ տարուած համադրեալ կազմակերպչական, գեղարուեստական, դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այն աշխատանքին մասին, որ ծնունդ տուած է այդ երգչախմբային կառոյցներու գոյութեան։ Այդ երգչախումբերէն ոմանք պայմաններու պատճառով կարճ կեանք ունեցած են, սակայն աւանդութիւն մը ստեղծած են իրենց յատուկ շրջանակներուն մէջ ու կեանքի կոչուած են հետագային նոր անունով, նոր մասնակիցներու եւ խմբավարներու սերունդով։
Գիրքի էջերուն մէջէն կը տողանցեն սիրելի անուններ, որոնք կապուած են լիբանանահայ մշակութային կեանքի այս զարգացումին եւ զարթօնքին հետ։ Կ՛առաձնացնեմ կարգ մը սիրելի եւ երախտաշատ անուններ, որոնք հիմնական կերպով աշխատանք տարած են պատրաստելու եւ մշակելու վերածնունդի այս շրջանը։ Ասոնցմէ պէտք է յիշել Յակոբ Իւվէզեան (1891-1943), Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967), Համբարձում Պէրպէրեան (1908-1999), Աշոտ Պագմագրեան (1898-1980), Էմմանուէլ Էլմաճեան (1914-1985), առանց մոռնալու անշուշտ անունները բոլոր անոնց, որոնք հետագային պատնէշ բարձրացած են շարունակելու սկսուած գործը կամ տակաւին կը շարունակեն այդ առաքելութիւնը, նոր թափ եւ աւիշ ներարկելով ծաւալած շարժումին։ Վերոյիշեալ ռահվիրաները իրենց խմբավարական արուեստի եւ աշխատանքի կողքին ստեղծած են գողտրիկ եւ սրտամօտ երաժշտական հեղինակութիւններ, որոնք մեր երգչախմբային արուեստի գանձարանը հարստացուցած են։
Գիրքին մէջ կը տողանցեն նաեւ անունները այն բոլոր երգչախումբերուն, որոնք կեանքի կոչուեցան եւ գործեցին կամ տակաւին կը գործեն, լիբանանահայ կեանքին մէջ։ Տիկին Ալահայտոյեան-Արթինեան խմամքով առանձնացուցած է անոնց գործունէութիւնը, միաժամանակ ընդհանուրի պատկերին տակ ընդգծելով անոնց իւրայատկութիւնները եւ անցած ճամբան։ Այդ տեսակէտէն գիրքը կը ներկայացնէ համայնքներէ եւ ազգային կառոյցներէ ներս յառաջ տարուած աշխատանքները, իւրաքանչիւր բաժնի մէջ ներկայացնելով անոնց կազմաւորման եւ ծաղկումի տարիները, յենելով այդ շրջանին հրատարակուած գրքոյքներու, յայտագրերու, լիբանանահայ օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած արձագանգներու եւ լրատուութիւններու վրայ։ Գիրքի առանձին բաժիններու մէջ ներկայացուած են Հայ աւետարանական համայնքի, Հայ կաթողիկէ համայնքի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Համազգայինի կրթական եւ մշակութային ընկերակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ), Հնչակեան կուսակցութեան եւ անոնց յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ անոնցմէ անկախ խմբավարներու գործունէութիւնը։ Մասնաւոր կերպով յիշած է ազգային զանազան յուշահանդէսներու կամ առիթներու ընթացքին այս երգչախումբերու ձեռնարկած միացեալ ելոյթները, որոնք գեղարուեստական եւ կատարողական տեսակէտէն որակական ոստում մը ներկայացուցած են համահայկական կեանքէն ներս։
Երգչախմբային այս զարթօնքը ուղղակի կամ անուղղակի պատճառ հանդիսացած է, որ գաղութի փթթող երիտասարդ տաղանդներ ընտրեն արհեստավարժ դասական երաժշտութեան ուղին զանազան մասնագիտութիւններէ ներս։ Անոնք ժամանակի ընթացքին ո՛չ միայն համբաւ շահեցան տեղական գետնի վրայ, այլեւ մասնայատուկ երեւոյթներ դարձան իրբրեւ օփերայի երգիչներ, երաժիշտներ եւ խմբավարներ իրենց կատարողական տաղանդով միջազգային բեմերու վրայ։
Գիրքի վերջաւորութեան 20 էջերու վրայ տարածուած այս աշխատանքներուն մաս կազմած անձերու անուանացանկը լաւագոյն փաստն է այն վերածնունդին, որ սկիզբ առաւ դժխեմ պայմաններու մէջ, բայց ոգի եւ ոյժ գտաւ վերածնուած ժողովուրդի մը զաւակներու հոգիին եւ մտքին մէջ։ Արդարեւ, համեմատաբար փոքրաթիւ գաղութի մը համար անկասկած զարմանք պատճառող երեւոյթ է, որ երաժշտական մարզէն ներս այսքան մեծաթիւ ներկայութիւն մը զարգացաւ անցող տասնամեակներու ընթացքին եւ խթան հանդիսացաւ ժողովրդային արուեստի այլ դրսեւորումներուն։
Այս վերածնունդը ոչ միայն նշանակալից եղաւ հայկական առումով, այլեւ իր խոր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան հայրենիքի գեղարուեստական կեանքի ծաղկումին եւ զարգացումին վրայ։
Հեղինակը, տիկին Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան իր համալսարանական ուսումին առընթեր հետեւած է երաժշտական ուսումի եւ վկայուած է Լիբանանի Պետական երաժշտանոցէն իբրեւ դաշնակահարուհի։ Միաժամանակ Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է Անգլերէնի մանկավարժութեան մագիստրոսի վկայական եւ իբրեւ ուսուցիչ-դաստիարակ գործած է լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային կառոյցներէն ներս։ Այս տուեալները լաւագոյնս օգտագործելով, տիկին Ալահայտոյեան-Արթինեան մեր առջեւ դրած է տարիներու արգասիքը եղող իր եզակի աշխատասիրութիւնը, որ կրնայ պատուոյ տեղ մը գրաւել որեւէ գրադարանի մէջ։
Գիրքին յառաջաբանը գրած է երաժշտագէտ Զաքար Քէշիշեան։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ան կը գրէ. «Ի տես այս աշխատութեան, հոն տեղ գտնող ժամանակակից երգչախումբերու հիմնադիր ղեկավարներն ու միութիւնները, զանազան երգչախումբերու տարբեր ժամանակներու ժրաջան անդամները, դաշնակահարներն ու նուագարանային կազմերու երաժիշտները, պատասխանատու վարչական կազմերն ու ինչու չէ նաեւ երգչախմբային արուեստի սիրահարները, կարդալով այս կոթողային հատորը, վստահաբար ինծի պէս պիտի արտասանեն մէկ բառ՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»։
Ես երաժիշտ չեմ եւ ոչ ալ երաժշտագէտ ու ոչ մէկ ձեւով մաս կազմած եմ երգչախմբային այս ոդիսականին։ Բայց անցեալ օրերու քաղցրացած յուշերու ապրումով ի սրտէ կ՛երկրորդեմ Զաքար Քէշիշեանի շնորհակալութեան խօսքը հեղինակին, որ առիթ տուաւ ընթերցողին ապրելու այս գիրքի «երաժշտական համանուագի» փորձառութիւնը։
Արդարեւ, այս երաժշտական համանուագի արձագանգը հոգիիս եւ մտքիս շատ հաճելի եւ դիւր կը հնչէ։

