Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Սօսէ Փիլաւճեան

October 25, 2025
in Յօդուածներ
0
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Աշխարհիս մէջ ներկայիս ընթացող հինգերորդ սերունդի «խառնածին» պատերազմները (ռազմականի կողքին` ինքնութեան խաթարման, քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական եւ այլն) անկասկած շատ աւելի բարդ եւ խոցելի կը դարձնեն իւրաքանչիւր ազգի ինքնապաշտպանական ունակութիւնները։ Այստեղ ազգային պաշտպանունակութիւնը կախուած չէ սոսկ ազգային գաղափարախօսութիւն քարոզելով, այլ` ազգի ամբողջ կառոյցները գործնական գետնի վրայ զօրաշարժի ենթարկելով, ինչպէս` կրթական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառները աշխուժացնելով։

Ուստի, իւրաքանչիւր ազգի, յատկապէս հայրենազուրկ ազգերու համար, վիճակը չափազանց զգայուն է` ինչպէս հայերուս պարագային, ուր ամենափոքր սայթաքումն իսկ յղի է անկանխատեսելի ծանր հետեւանքներով։

Այս պայմաններուն մէջ, այսօրուայ սփիւռքահայ երիտասարդին որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը ամենեւին չի համապատասխաներ մեր ազգին եւ Հայրենիքին ազգային եւ համամարդկային իղձերուն եւ ձգտումներուն։

Ապազգային եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով կը նպաստէ ճգնաժամի յաղթահարման ու ազգային համերաշխութեան ամրապնդման։ Այս ամէնը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է ազգային արժէքները դաւանող առողջ ուժերու համախմբում։ Ազգային շահերը գերադասող ուժերու իւրաքանչիւր յապաղում ազգին համար ճակատագրական կրնայ ըլլալ։ Քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւնները մէկ կողմ թողած` գալիք պայծառ օրերու փրկութեան սրբազան գործին լծուինք, քանզի դեռ ուշ չէ, քանզի դեռ կարելի է ազգը փրկել ուծացումէ։

Համաշխարհայնացման այսօրուայ յարձանուտին մէջ Ազգը կարիքը ունի իր լաւագոյն զաւակներուն՝ ժամ առաջ ազատելու ազգադաւ եւ ազգակործան  խաւարամիտ օտարամոլ մակաբոյծներէ, որոնք կ’ապականեն ազգային բոլոր հոգեւոր արժէքները եւ կը մոլորեցնեն լաւագոյն տարրը։

Արդ, արշաւը պէտք է սկսիլ առաջին հերթին զօրաշարժի ենթարկելով բոլոր գերադիական միջոցները` զանոնք հայկականին ծառայեցնելով։

Երիտասարդներուն համար պարարտ հող պատրաստել` անկախ անոնց յարանուանական պատկանելիութենէն կամ կուսակցական թեքումէն։

Լուսաւորչական աշխատանք տանելու լաւագոյն եւ արդիւնաւէտ միջոցներէն կարեւորագոյնը` ստեղծել հայկական կեդրոն մը, ուր իւրաքանչիւր Երիտասարդ ստանայ իրեն նախասիրած ճիւղին ուսումը` հայերէնով, որուն տրուի համապատասխան հաւաստագիր, որ ի զօրու է ամէնուր, իսկ ուսումը ըլլայ անշուշտ անվճար դրութեամբ։

Ամէնաէականը` ուսման աւարտին տուեալ երիտասարդին գործ հայթայթուի կեդրոնին կողմէ։

Ժամանակը կարող ենք ի նպաստ մեզի շրջել, եթէ միահամուռ ձեւով զօրաշարժի ենթարկենք ինքներս մեզ եւ մեր յոյսը դնենք բացառապէս մեր ազգի կամքին եւ ինքնագիտակցութեան վրայ։

Մարտահրաւէրները շատ են, բայց միաժամանակ կամքը անսասան։ Օրհասական պահին իր մէջ ոյժ գտած հայ ազգը ընդունակ է այսօր եւս համախմբուելու եւ ի հեճուկս համաշխարհայնացման յորձանուտին` յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ ընթանալու դէպի խաղաղ ափեր, դէպի մշտնջենաւորութիւն։

Share62Tweet39
Previous Post

Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 38 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

Հիւսթընեան Պրիսմակ. Յուշամատեան Վերածնունդի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը 1920-2020»

Next Post
Հիւսթընեան Պրիսմակ. Յուշամատեան Վերածնունդի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը 1920-2020»

Հիւսթընեան Պրիսմակ. Յուշամատեան Վերածնունդի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը 1920-2020»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.