Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 38 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)

October 25, 2025
in Յօդուածներ
0
Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 38 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

«ԱՐԱՐԱՏ», 19-26 Հոկտեմբեր 1970

Կուռ խմբագրական մը ունի թերթը այս շաբաթ։ Ան կ՛անդրադառնայ Ամերիկայի մէջ վերջերս կեանքի կոչուած կազմակերպութեան մը, որ կը կոչուի «Արմինիըն Միշընըրի օՖ Ամերիքա» (թէեւ պէտք է ճշդենք, որ ասիկա նոր կազմակերպութիւն մը չէ։ Առ այսօր գործող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնն է, ծանօթ՝ AMAA անունով, հիմնուած՝ 1918-ին)։ Ըստ թերթին՝ անիկա տխրահռչակ ԱՆՉԱ-ի նմանողութեամբ կազմակերպութիւն մըն է եղեր, գրեթէ համանման ծրագրով, որ կը նպատակադրէ «Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Պուլկարիոյ նման երկիրներու մէջ քաղաքական ճնշման տակ գտնուող հայերը Միացեալ Նահանգներ գաղթեցնել»…։ Այս գործը յառաջ պիտի մղուի եղեր նշեալ երկիրներու Աւետարանական եկեղեցիներուն ձեռնտուութեամբ։

«Արարատ» նախ խստօրէն կը դատապարտէ միջինարեւելեան գաղութներէն հայ զանգուածները պոկելու այս քայքայիչ մտադրութիւնը, ապա նաեւ հարց կու տայ թէ այդ երկիրներու հայ քաղաքացիները իսկապէ՞ս ճնշումի տակ են արդեօք։ Ո՛չ։ Նման բան չկայ։ Հայերը հանգիստ ու ազատ են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, սիրուած ու յարգուած են տեղացիներէն եւ իշխանութիւններէն հաւասարապէս։ Անստորագիր խմբագրականը, որ դատելով ոճէն՝ ամենայն հաւանականութեամբ շարադրուած է խմբագիր Ժիրայր Նայիրիի գրչով, իր տեսակէտը կը պարզէ հետեւեալ արդար մատնանշումներով.

— «Արմինիըն Միշընըրի օՖ Ամերիքա»-ի ներքեւ ծպտուածները եթէ իրօք մտահոգ են Միջին Արեւելքի գաղութներու հայութեամբ, եթէ անկեղծօրէն կը փափաքին օգնել մեր ժողովուրդին, թող իր տեղը հանգիստ ձգեն մեր հայրենակիցները, փոխանակ կեղծ, ստապատիր ու գայթակղեցուցիչ խոստումներ տալով կամ հրապուրիչ կրկներեւոյթներ (միրաժ) պարզելով զանոնք քաշկռտելու նոր պանդխտութեան մը Գողգոթային վրայ, ուր մահը ապահով է եւ ուր յարութեան յոյս բացարձակապէս չկայ…։

Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ, հակառակ շրջանը յուզող տագնապին, մեր ժողովուրդը ապահով է ե՛ւ ազգային, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական տեսակէտէ. առնուազն աւելի ապահով՝ քան հեռաւոր Ամերիկաները գտնուողները, ուր կէս դար առաջ հաստատուածները իրենց աւանդութիւններուն մահը կ՛ողբան եւ իրենց այլասերած թոռներուն հետ անգլերէն կը խօսին այսօր, մինչ հոս, «անազատ» արաբական երկիրներուն մէջ, նոր սերունդը հայերէն կը սորվեցնէ թրքախօս ծնողքին։

«Սիոնականութիւնը եւ հրեաները» խորագրեալ ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ստորագրած է Եւփիմէ Թոսունեան։ Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս ստեծուեցաւ «Սիոնականութիւն» կոչուած ցեղային-քաղաքական այն շարժումը, որ կը միտէր հրեաներուն համար հայրենիք մը կերտելու Պաղեստինի մէջ։ Շարժումին կարկառուն գաղափարախօսը Թէոտոր Հերցէլն էր, որ ԺԹ. դարու վերջերը գործի լծուեցաւ։ Հրեաները, որոնք «Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը» կը սեպէին իրենք զիրենք, համագումարներ սարքեցին Եւրոպայի մէջ ու զարկ տուին իրենց երազներուն։ Հերցէլէն ետք անոր գործը շարունակեց Հայիմ Ուայզման։ Անգլիոյ արտաքին նախարար ՊալՖուր,– որուն համար կ՛ըսուի թէ հրեայ էր,– 1917-ին Մեծն Բրիտանիոյ անունով խոստացաւ հայրենի օճախ մը հիմնել հրեաներուն համար Պաղեստինի մէջ, ուր անոնք կը կազմէին բնակչութեան լոկ 10 առ հարիւրը։ Հրէական ներգաղթ կազմակերպուեցաւ դէպի «Աւետեաց երկիր»։ Բարձր գիներով հողեր ու կալուածներ գնուեցան տեղացի արաբներէն։ Յետոյ հարցերը կնճռոտեցան, պատերազմներ ծագեցան…։ Ու գիտենք, որ կնճիռը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Ն. Սարգիս (Սարգիս Նաճարեանն է) օգտուելով ֆրանսահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանի Պէյրութ այցելութենէն՝ կարճ հանդիպում մը ունեցեր է անոր հետ ու խօսեցուցեր է զինք Մոսկուայի մէջ սարքուած անոր վերջին ցուցահանդէսին մասին։ Ժերանեան գնահատանքով արտայայտուեր է խորհրդային արուեստասէրներու ճաշակին ու գեղագիտական հասկացողութեան մասին։ Ժերանեանի ցուցահանդէսը այցելած են, ի միջի այլոց, Մոսկուա բնակող զօր. Բաղրամեանն ու Անաստաս Միկոյեանը։

Թերթը քանի մը անգամ արձագանգեր է Երեւանի մէջ կայացող «Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու լրագրողներու միջազգային համագումար»-ի անցքերուն։ Պատուիրակներ եկեր են Նիկերիայէն, Հնդկաստանէն, Ալճերիայէն, Իրաքէն, Իրանէն, Աֆղանիստանէն, Լիպիայէն, Սուրիայէն, Սուտանէն, Սոմալիէն, Ուկանտայէն, Թանզանիայէն, Հարաւային Եմէնէն, խորհրդային բոլոր հանրապետութիւններէն։ Կարդացուեր են զեկոյցներ, կատարուեր են քննարկումներ։ Հիւրերը այցելեր են Մատենադարան, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան, հիւրընկալուեր են Հայաստանի վարչապետ Բադալ Մուրատեանի կողմէ։

Երեւանէն զոյգ լրագրողներ՝ Վարուժան Ոսկանեան եւ Սարգիս Մուրատեան ողջուներ են խարբերդցի համեստ մտաւորականի մը, հայրենանուէր անձնաւորութեան մը՝ Նշան Տէր Պետրոսեանի 85-ամեակը։ Ան Խարբերդի Դատէմ գիւղէն է եղեր։ Աշխատակից՝ հայկական թերթերու, հիմնադիրներէն մին՝ Խարբերդի հայրենակցական միութեան, Մեծ Եղեռնէն ետք՝ որբահաւաք աշխատանքներու գործուն մասնակից…։ Կը պատմուի թէ Հալէպէն Հայաստան ներգաղթած (1946), Նոր Խարբերդ աւանը հաստատուած ու հոն ալ շարունակած է իր հայրենաշէն ճիգերը։ «Նշան պապիկ» համակրանքը շահեր է բոլոր զինք ճանչցողներուն։ Ստուգեցինք, որ այս յօդուածին լոյս ընծայումէն երեք տարի ետք, 1 Յուլիս 1973-ին, Նշան Տէր Պետրոսեան կնքեր է իր մահկանացուն։ Ան մեծ հայրն էր Լիբանանի պետական երբեմնի երեսփոխան Արա Երեւանեանի։

Մտաւորական անձեր երբոր տարբեր գաղութ մը կ՛այցելեն՝ ափ կ՛առնեն տեղւոյն խմբագրատուները, ողջոյն մը կու տան հոն աշխատող գիրի սպասաւորներուն, կը բաժնեն անոնց ուրախութիւնը, կը կիսեն անոնց տագնապները։ Ներքին պահանջք մըն է այս։ Փոխադարձաբար ալ, թերթերը կ՛արձագանգեն այդ այցելութեանց, հիւրերը կը ծանօթացնեն իրենց ընթերցողներուն։

«Արարատ» այդպիսի քանի մը այցելութիւններ ընդուներ է այս շաբաթ։ Այսպէս, խմբագրատուն այցելեր է՝

— Պուէնոս Այրէսի «Սեւան» շաբաթաթերթի խմբագիր Տաճատ Գնդունին, որ կարճատեւ շրջապտոյտով մը Լիբանան եկեր է եղեր։

— Պրազիլէն երգչուհի եւ խմբավար օրդ. Հիլտալիա Կայծակեանը, Հայաստանէն վերադարձի ճամբուն վրայ։ Հոկտեմբերի վերջին շաբաթը ան երկու երգահանդէս ալ պիտի տայ եղեր Պէյրութի մէջ՝ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ Հայ աւետարանական տիկնանց միութեան նախաձեռնութեամբ։

— Հիւսիսային Ամերիկայէն Մանուկ Ճինկէօզեանը, որ վեթերան հնչակեան մըն է եղեր, արմատներով՝ թոմարզացի։

Պսակադրութեան երկու ծանուցագիր կայ այս շաբաթ. ամուսնացեր ու ընտանիք կազմեր են ընկ. Ճանիկ Տէօվլէթեան եւ Անահիտ Քէշիշեան, ընկ. Ադամ Քէսմէեան եւ Մարօ Խաչատուրեան, երկուքն ալ Պէյրութէն։

Ծանուցումնե՞ր…։ Անոնք ալ սակաւ են այս շաբաթ.

— Լիբանանահայ գրական շրջանակի ակումբին մէջ բացումը պիտի կատարուի եղեր «Սեդրակ Ապաճեան» գրադարանին (Հոկտեմբեր 29)։

— Կիւրեղ Մանկրեան (Երեւանէն շրջանաւարտ) ծանուցեր է, որ դաշնակի մասնաւոր դասեր պիտի տայ փափաքողներու։

— Հայկազեան գոլէճը բացեր է գիշերային ուսուցչանոց մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել եղեր հին թէ սկսնակ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, վերամշակման ու վերաթարմացման նպատակով։ Դասերը ամէնօրեայ են։ Կը դասաւանդուին մանկավարժութիւն, դաստիարակչական, հոգեբանական եւ հայագիտական առարկաներ՝ մասնագէտ ուսուցիչներու կողմէ եւ մի՛շտ հայերէնով։

— Լոյս տեսեր է Հաննէսեան եղբայրներու «Շիրակ» երգարանի թիւ 15-ը։ Կը պարփակէ եղեր «Անոյշ» օփերայի ամբողջական պատճէնը, 80 երգիչներու եւ երաժիշտներու նկարներն ու կենսագրականները, էսթրատային հին ու նոր երգեր…։

— Հրատարակուեր է Մեծ Եղեռնի նահատակներէն՝ բանասէր ու կրթական մշակ Յովհաննէս Գազանճեանի «Պատմութիւն հայ գրականութեան» երկհատոր գործը (տպ. Անթիլիաս)։

Share63Tweet40
Previous Post

Ֆարէս Սուէյտ Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոն

Next Post

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Next Post
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.