Ընտրական Թեման Կը Թէժանայ

Լիբանանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն սկզբունքային թուականէն նուազ քան 7 ամիս առաջ, օր ըստ օրէ կը բազմանան քաղաքական քննարկումներն ու բանավէճերը, անորոշ վիճակ յառաջացնելով այս հարցին ուղղութեամբ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ ընդունեց ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժարը եւ քննարկեց ընտրական նախապատրաստութիւնները: Նախարարը հաւաստիացուց, թէ որպէս նախարարութիւն ամբողջացուցած են նախընտրական աշխատանքները եւ պատրաստ են մայիսեան թուականին կազմակերպելու արդար ու թափանցիկ ընտրական հոլովոյթ մը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մինչ այդ պնդեց, որ պիտի չհամաձայնի արտերկրի լիբանանցիներուն յատկացուած 16-րդ ընտրատարածքը չեղարկելու առաջարկներուն, միաժամանակ վստահեցնելով, որ նոյնիսկ մէկ օր պիտի չյետաձգէ ընտրութիւնը:
Թուլի Մէջ Հերթական Հարուած

Շարունակելով ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները, իսրայէլեան անօդաչու սարքեր երէկ ինքնաշարժ մը թիրախաւորեցին հարաւային Նապաթիէ գաւառի Թուլ գիւղին մէջ՝ ահաբեկելով մարդ մը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի շուտով յայտնեց, որ ահաբեկած են Նապաթիէի մէջ Հըզպալլայի հարաւային գօտիի կազմակերպչական բաժանմունքի պատասխանատուներէն Ապպաս Հասան Քարաքին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց նաեւ, թէ նախանցեալ գիշեր ամբողջացուցած է հինգ օր տեւած զինավարժութիւնները, որոնք կատարուեցան Լիբանանի հետ սահմանային գօտիին վրայ՝ նախապատրաստուելու պաշտպանողական եւ յարձակողական գործողութիւններու:
Պահպանել Երեխաներուն Անվտանգութիւնը
ԵՈՒՆԻՍԷՖ մինչ այդ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի վարժարաններու մերձակայ շրջաններու ռմբակոծումի կրկնութեան առնչութեամբ: «Վարժարանները պէտք չէ համարուին ապահով եւ ռազմական գործողութիւններու ականատես դարձող վայրերուն մէջ պէտք է ապահովել իւրաքանչիւրը երեխայի անվտանգութիւնը», նշուեցաւ ԵՈՒՆԻՍԷՖի յայտարարութեան մէջ:
Կիպրոսի Հետ Սահմանագծումի Ծրագիր
Լիբանանի կառավարութիւնը նախանցեալ օր գումարած նիստին ընթացքին Իսրայէլի հետ կնքուած զինադադարը երաշխաւորող միջազգային ուժերէն պահանջեց վերջապէս գործադրել զինադադարը եւ կանխել իսրայէլեան ամէնօրեայ յարձակումները: Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ Կիպրոսի հետ կնքել ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւն մը:
Պաուշրիէի Մէջ Հրթիռ

Ժտէյտի-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի քաղաքապետ Օկիւսթ Պախոս յայտնեց, որ քաղաքապետութեան աշխատակիցները վերացուցած են անծանօթ ինքնաշարժ մը, որ օրեր շարունակ կայանուած էր բնակելի թաղամասերէն մէկուն մէջ: Այդ ընթացքին, աշխատաւորները ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերած են հրթիռ մը: Բանակի հետախուզական ծառայութենէն մասնագէտներ իսկոյն ժամանած են եւ ինքնաշարժը ապահով տարածք փոխադրած:
Եկեղեցական Լարուածութիւնը Կը Հասնի Յովհաննավանք

Հայաստանի մէջ պետական ու կղերական շարք մը անձնաւորութիւններու միջեւ շարունակուող տարակարծութիւնները հասան Արագածոտնի Յովհաննավանք, ուր լարուածութիւն յառաջացած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին որոշումով՝ վանքի քանահայ Տ. Արամ Ասատրեանի կարգալոյծ հռչակումէն ետք: Վեհափառ Հայրապետը սոյն որոշումը կայացուցած է, որովհետեւ քահանան «հրապարակային ելոյթներով եւ յայտարարութիւններով վարկաբեկած է Հայ Եկեղեցին, թեմակալ առաջնորդը եւ ծառայակից եկեղեցականները»: Քահանան սակայն կը մերժէ ճանչնալ որոշումը, կը շարունակէ գործունէութիւնը որպէս քահանայ եւ կը պնդէ, որ «կարգալոյծ եղած կաթողիկոսը չի կրնար ինծի կարգալոյծ յայտարարել»: Ան կը պատրաստուի վաղը մատուցելու պատարագ, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան պնդեց, որ իր եւ Աստուծոյ խօսակցութեան միջեւ պարտադիր չէ, որ մարդ ըլլայ, վեղար հագուի եւ ընկերութիւններ ունենայ:
Հայաստան Չի Կիսեր Պաքուի Օրակարգը

‘Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական կողմը կ’առաջադրէ որոշ նախապայմաններ, սակայն Երեւան կը մերժէ կիսել Պաքուի այդ օրակարգը: Վարշաւայի անվտանգութեան համաժողովին մասնակցութեան ծիրին մէջ տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Միրզոյեան վերահաստատեց, որ հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւնը նախաստորագրուած է հիմնուելով երեք սկզբունքներու վրայ՝ տարածքային ամբողջական ճանաչում, սահմաններու անխախտելիութիւն եւ նոր ուղիներուն ու ենթակառոյցներուն նկատմամբ ազգային իրաւազօրութեան ճանաչում:
«Տասնամեակի Գողութիւնը»

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը 5-րդ օրն ըլլալով շարունակեց հետաքննութիւնները՝ բացայայտելու համար անցեալ Կիրակի օր Լուվրի թանգարանէն կայսերական թանկարժէք գոհարներ թալանած գողերուն ինքնութիւնը եւ յայտնաբերելու գողօնը: Փարիզի շրջանի ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ թալանուած գոհարեղէնին արժէքը աւելի քան 102 միլիոն տոլար է, «թէեւ այդ կարելի չէ բաղդատել պատմական վնասին հետ»:
Անցեալ Կիրակի առաւօտեան, կտրոց մեքենայով զինուած գողեր շինարարական վերելակի միջոցով պատուհանէն ներխուժած էին «Ափոլօ» ցուցադրասրահը եւ 7 վայրկեան տեւած գործողութենէն ետք փախուստ տուած էին նափոլէոնական շրջանէն մնացած գոհարեղէնով, մինչ կայսրուհի Օժենիին թագը ոստիկանները գտան թանգարանէն դուրս նետուած: Հետաքննիչները միջադէպը կ’որակեն «տասնամեակի մեծագոյն գողութիւնը»:
Իսկ երէկ, արուեստի հոլանտացի մասնագէտ Արթըր Պրանտ բացատրեց, որ արժէքաւոր իրերը հաւանաբար արդէն մասնատուած եւ Ֆրանսայէն դուրս փոխադրուած ըլլան: Մասնագէտները կը հաւատան, որ նման գործողութիւն մը կատարուած կրնայ ըլլալ միայն արհեստավարժ գողերու ձեռամբ, որոնք ունին որոշ փորձառութիւն: Թանգարանի տնօրէն Լորանս Տէ Քար տեղի ունեցածը վերագրեց ապահովական թերութիւններու, մասնաւորաբար թանգարանին արտաքին հատուածներու ապահովական տեսախցիկներու անբաւարարութեան: «Մեր տեսախցիկները չեն վերահսկեր ամբողջ տարածքը՝ ներառեալ այն պատուհանը, ուրկէ մուտք գործեցին գողերը», ըսաւ ան, ցաւ յայտնելով, որ իր հնչեցուցած ահազանգները իրականացան: Միակ մխիթարութիւնը այն է, որ գողերը չեն տարած երկար տարիներ թագաւորական թագերն ու սուրերը զարդարած ամէնէն հռչակաւոր 140.64 քարաթ կշռող Regent ադամանդը, հաւանաբար որովհետեւ այս 60 միլիոն տոլար արժող գոհարը դժուար պիտի ըլլայ վաճառել իր հռչակին պատճառով:
Լրտեսութեան Հետապնդում

Իսթանպուլի ընդհանուր դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացաւ նախկին քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ շարք մը այլ անձերու նկատմամբ՝ լրտեսութեան մասին դատական գործի մը ծիրին մէջ: Երէկ առաւօտեան խուզարկուեցան «Tele-1» հեռատեսիլի կայանին գրասենեակը եւ ձերբակալուեցաւ ընդհանուր խմբագիր Մերտան Եանարտաղը: Նշենք, որ Իմամօղլու արդէն կալանաւորուած է փտածութեան վերաբերող ամբաստանութեամբ:
Համաս Երաշխիք Ունի
Կազայի մէջ Համաս շարժումի բանբեր Հազէմ Քասէմ յանձնառութիւն յայտնեց Իսրայէլի հետ կնքուած զինադադարի գործադրութեան, աւելցնելով որ միջնորդները կը շարունակեն հաղորդակցութիւնները՝ գործադրելու համաձայնութեան բոլոր կէտերը: Ըստ Համասի բանբերին, շարժումը ստացած է պատերազմի աւարտին վերաբերող երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան վստահեցումներ:
Դէպի Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Վարչապետութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարեց, թէ այսօր կ’եզրափակուի ամառնային ժամանակացոյցին շրջանը եւ կէս գիշերուան ժամը 12-ին Լիբանան կ’անցնի ձմեռնային ժամանակացոյցի: Ուստի, կէս գիշերին անհրաժեշտ է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ ետ տանիլ, եւ վստահ ըլլալ, որ ելեկտրոնային արդիական սարքերը եւ «խելացի ժամացոյցները» արդէն ինքնաբերաբար փոխած են ժամը:

