Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեպարար երաժշտական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի նախագահ դոկտ. Հիպա Քաուասի, կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական գոլէճին։
Հանդիսավարուհի տիկին Նազելի Նալպանտեան բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ գոլէճը կ’ուսուցանէ հաւատքը, որ արուեստը կրթական ու հոգեւոր դաստիարակութեան անբաժան մասն է, եւ որ դպրոցը կը քաջալերէ աշակերտներու ստեղծագործական ու արուեստասիրական ձիրքերը։
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց երաժշտանոցի նախագահ, խմբավարուհի դոկտ. Հիպա Քաուաս, բարձր գնահատելով Միքայէլեան ամոլին արհեստավարժ մակարդակը, նուիրումն ու ճաշակը, որոնք կը հարստացնեն Լիբանանի երաժշտական բեմին հայ մշակոյթի մակարդակը:

Համերգին ելոյթ ունեցան սոփրանօ Լիանա Միքայէլեան եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որոնք հանրութեան պարգեւեցին գերմանական, իտալական, սպանական եւ հայկական դասական երաժշտութեան ընտիր նմոյշներ։ Ներկայացուեցան Ֆրանց Շուպերթի, Մօրօ Ճուլիանիի, Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ֆետերիքօ Լորքայի, Մանուէլ Տէ Ֆալլայի եւ Վինսէնզօ Տի Շիարայի ստեղծագործութիւնները։
Համերգի փակման խօսքին մէջ Հայ Աւետարանական գոլէճի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան անդրադարձաւ Միքայէլեան ամոլին կատարողական վարպետութեան, ընդգծելով անոնց ներդրումը լիբանանեան երաժշտական կեանքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ մասնակցութեան ու քաջալերանքին համար։
Այս երաժշտական երեկոն՝ նուիրուած Կիթառի Միջազգային Օրուան, դարձաւ արուեստի եւ հոգեւոր ներդաշնակութեան անջնջելի վկայութիւն մը՝ ամրապնդելով հայ երաժշտական ստեղծագործութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ։

