Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Տարածքին Ապրող Թրքացած Կամ Իսլամացած Հայեր

Յարութիւն Իսկահատեան

October 23, 2025
in Յօդուածներ
0
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Տարածքին Ապրող Թրքացած Կամ Իսլամացած Հայեր

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վերապրող յուշագրողներու մեծ մասը անպայման յիշած է հայոց բռնի իսլամացման մասին։ Բռնի՝ որովհետեւ միակ այլընտրանքը մահ էր պարզապէս։ Արժանի է յիշել հոս Փայլածու Քաբտանեանի յուշագրութեան մէջ նշուած Պերճուհի անունով հայ գեղեցիկ օրիորդի մը բռնի իսլամացումն ու բռնի ամուսնութիւնը։ Այդ մէկը լոկ իսլամացում կամ թրքացում չէր, այլ կ՛ընկերանար օրիորդին բռնի ամուսնութեամբ այն թուրք սպային հետ, որ կը սպառնար երեսունչորս հայ կիներու խողխողման՝ մերժումի պարագային։ Այդ դէպքի «Ցաւակ» յուշագրութեան հեղինակը՝ Փայլածու Քաբտանեան հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ․ «Կիներէն ոչ մէկը կը յօժարի իսլամանալ։ Ոստիկանապետը աչք կը դնէ անոնցմէ գեղեցկագոյն կնկան՝ Պերճուհիին վրայ, որուն կ՛առաջարկէ իր հետ ամուսնանալու պարագան, բոլոր կիները ազատ թողելու խոստումով։ Պերճուհիի համար շատ դժուար հարց մըն էր այդ, սակայն 34 կիներու կեանքը փրկելու համար ան յանձն կ՛առնէ ընդառաջել առաջարկին։ Պերճուհի ինքզինք կը զոհէ․․․»։

Օսմանեան պետութեան բնիկ քրիստոնեաներու եւ մանաւա՛նդ հայոց դէմ երիտթուրքերու եւ քեմալականներու կողմէ 1912-1922 կատարուած ցեղասպանութեան եւ մասնակի կոտորածներու պատճառաւ, հազարաւոր հայեր կրօնափոխ եղած են։ Թէպէտ 17-րդ դարու սկիզբէն Օսմանեան պետութեան մէջ գոյութիւն ունի քրիստոնեաներու իսլամացման երեւոյթը, սակայն զօրաւոր կոտորածներն ու մանաւա՛նդ Հայասապանութիւնը արագացուցած են այս մահաբոյր երեւոյթը հայոց մէջ։ Ամէն պարագայի տակ բոլոր ժամանակներու թրքացումը բռնի կատարուած է, հայ անհատը կամ հաւաքականութիւնը թուրքերու կողմէ դրուած ըլլալով մահուան արհաւիրքին առջեւ։

Ըստ աշխարհագրական վայրին, հայեր կամ քրիստոնեաներ կրօնափոխ ըլլալով՝ իսլամ սիւննի, իսլամ շիա, ալաուի կամ այլ իսլամական յարանուանութեան անդամ դարձած են։  Սակայն եւ այնպէս իսլամացումը հայերը, յոյները կամ ասորիները զերծ չէ պահած խտրականութենէ։ Արդարեւ եթէ բացի Սասունէն, Պոնտոսէն եւ հիւսիսային ծովափի քաղաքներէն նկատի ունենաք Տերսիմի հայոց իսլամացումը կամ թրքացումը, կը տեսնենք թէ հոն հայերը կրկին ու կրկին անգամ հալածուած են թուրքերու կողմէ, նոյնինքն թրքական պետութեան կողմէ։

Բռնի թրքացած հայ մը՝ Մուսթաֆա Պոզթաշ

Թրքացումը եւ քրտացումը յաճախ ընկերացած է ստրկացումով։ Հայեր կամ այլ քրիստոնեաներ ոչ միայն բռնի թրքացած կամ քրտացած են, այլ նաեւ բռնի ստրկացուած են եւ անվճար ծառայած են իրենց բռնատէրերուն՝ կա՛մ տնային ու դաշտային աշխատանքի ճամբով կա՛մ սեռային շահագործման ձեւերով։ Այս ուղղութեամբ, Տերսիմի ալաուի դարձած հայերը մեծ գին վճարած են փոխան ապահովութեան եւ իրենց հողերուն վրայ մնալուն։ Տերսիմի հայերը կորսնցուցած են իրենց մայր լեզուն՝ հայերէնը, եւ բռնի կերպով սկսած են խօսիլ քրտերէն։ Հայերէնը կարեւոր բաղադրիչ մըն է հայկական հաւաքական գիտակցութեան եւ ազգապահպանման ամբողջականութեան։ Իսլամացումը տակաւին ունի իր հոգեբանական հետեւանքները անհատին եւ հաւաքականութեան վրայ։ Հողին վրայ մնալու իրականութեան դիմաց անհատը կամ հայկական ընկերութիւնը կը տառապի մայրենի լեզուի կորուստէ, ինքնամերժումի բարդոյթէ, ինչպէս նաեւ ընկերամշակութային իւրաշրջումէ, որոնք շատ վատ ազդեցութիւն կը դրոշմեն հայու էութեան վրայ։

Սասունի մէջ թրքացած հայեր տակաւին կը յիշեն թէ թրքական կամ քրտական ո՞ր ցեղախումբը իրենց ստիպած է իսլամանալ, անշուշտ շարունակական կողոպուտներէ եւ սպանդէ ետք։ Այդ իսլամացած հայերը կը կոչուին տէօնմէ քաղաքացիներ եւ մինչեւ օրս կը հալածուին, ոչ անշուշտ նոյն սաստկութեամբ ինչպէս որ 100 տարի առաջ։ Սակայն թուրքին, քիւրտին եւ դիմացի թրքացած հայուն միջեւ սուր խտրականութիւն կը դրուի եւ առիթներ կը հնարուի թրքացած հայերը շարունակ ճնշելու։ Տակաւին մինչեւ 1990, թուրքերը իրենք իրենց իրաւունք կու տային զրկելու իսլամացած հայերը բռնագրաւեալ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ, ապօրինի ձեւերով տէր դառնալով անոնց հարստութեան, ինչքերուն եւ կիներուն ։

Համշէնի հայոց իսլամացումը սկսած էր 1620 թուականէն եւ աստիճանաբար արագացած, թուրքերու եւ քիւրտերու կիրառած կոտորածներուն եւ նեղութիւններուն պատճառով։ Համշէնի հայերը կը ձգտէին լազերու եւ յոյներու նման աւելի ազատ ապրելու, զերծ մնալու հայոց վրայ դրուած ծանր տուրքերէն եւ դատարանի մէջ արդարօրէն պաշտպանութիւն գտնելու։

Ներկայիս հայերու համշէնահայութեան հարցերով զբաղելու հետաքրքրութիւնը կը բխի համշէնահայութեան ցեղային-կրօնական առանձնայատկութիւններու գոյութենէն։ Համշէնի իսլամ կամ թրքացած հայութեան իրականութիւնը ոչ միայն փաստ մըն է շրջանի իսկական հայոց՝ այսինքն քրիստոնեայ հայոց անցեալի սեփականութեան, այլ նաեւ այն կրնայ ժամանակակից կապ ստեղծել հայ քրիստոնեայ եւ թուրք իսլամ ինքնութիւններու միջեւ ու ծառայել իբրեւ շինիչ երկխօսութեան մը առողջ խարիսխը հայկական հարցին լուծման ճամբով։

Թրքական Հանրապետութեան տարածքին թրքացած հայոց գոյութեան մասին քանի մը տասնեակ տարիներ անցած են արդէն, պատմաբաններ եւ ուսումնասիրողներ չեն կրցած տակաւին յստակ թիւ մը հայթայթել իսլամացած հայոց զանգուածի մասին։ Տրուած թիւերը կը սկսին քանի մը հարիւր հազարներէ եւ կը հասնին մինչեւ եօթը միլիոն իսլամացած հայի։

Share63Tweet39
Previous Post

Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը

Next Post

Երաժշտական Բացառիկ Երեկոյ Մը՝ «Սրտի Ներդաշնակութիւն. Ձայն Եւ Կիթառ»

Next Post
Երաժշտական Բացառիկ Երեկոյ Մը՝ «Սրտի Ներդաշնակութիւն. Ձայն Եւ Կիթառ»

Երաժշտական Բացառիկ Երեկոյ Մը՝ «Սրտի Ներդաշնակութիւն. Ձայն Եւ Կիթառ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.