Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը

Ալիս Պաղտասարեան-Ապաճեան

October 23, 2025
in Մշակութային
0
Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը

Ֆաքիհ հնդիկ իմաստուն մարդ էր: Դասախօս Հնդկաստանի լաւագոյն համալսարանի մէջ:

Հայկական շունչն ու լեզուն ժառանգած էր իր ջոջ մօրմէն:

Ֆաքիհ սիրած էր աշխարհը, բնութիւնը, արեւը, կինը, մարդկութիւնը: Ան իսկական մարդ փնտռած էր մարդոց մէջ: Ան գնահատած էր ճակտի քրտինքով հալալ աշխատանքը: Ան ընտրած էր լաւագոյն եւ քիչ ընկերներ ու աշակերտներ:

Ֆաքիհ միշտ մօտ եղած էր Արարիչ Աստուծուն եւ անոր հրաշք ստեղծագործութիւններուն: Աստուած սէր է եւ իր սիրով կը լուսաւորէ եւ կը գեղեցկացնէ մեր ներքին աշխարհը, մտքերն ու հոգիները: Իսկական սէրը յաւերժութեան կը տանի:

 

Եթէ լեզուդ մեղրով լուաս, սակայն սիրել դուն չգիտնաս

Սիրոյ հունտեր ցանես ճամբիդ, սակայն ջրել դուն չգիտնաս

 

Ֆաքիհ միշտ աղօթքով կը խօսէր Աստուծուն հետ:

 

Տո´ւր, ինծի Տէ´ր իմաստութիւն կանթեղացած՝

Լուսաւորուիմ, լուսաւորեմ ես բոլորին,

Ու հոգիիս կաթիլ մը սէր՝ սիրոյդ ակէն՝

Ազնուանամ, ազնուացնեմ ես բոլորին:

 

Ֆաքիհ կը սիրէր գիրքը, գրականութիւնը, իրաքանչիւր գիրք նոր աշխարհ մըն էր գիտելիքներով լի: Ան յափշտակուած կը կարդար եւ կը պատմէր աշակերտներուն եւ կը լուսաւորէր անոնց մտքերն ու հոգիները:

Արժեւորեցէք ձեր կեանքը մաքուր ապրելով, ճշմարիտը փնտռելով, անկեղծ սիրելով, գեղեցիկը փնտռելով ո՛չ արտաքինի մէջ, այլ հոգիի եւ մտքի գեղեցկութիւն:

 

Արդէն անցք է այս կեանքը մեր,

Գուցէ շատ նեղ եւ կամ շատ լայն,

Ոմանց համար այնքա՛ն երկար

Հեռուի ծայրը չի երեւար,

Ոմանց համար գուցէ շատ կարճ՝

Ցատկռտելով կ’անցնին կ’երթան,

Միայն գոնէ անցք մը չըլլար

Պղտոր գետի հունին նման,

Չսահէինք, չիյնայինք վար,

Բայց չանցնէինք աննպատակ,

Գոնէ գիտնանք ուր պիտ’ երթանք:

 

Ֆաքիհ յոգնած էր քարոզելէ, խօսելէ եւ շրջելէ քաղաք-քաղաք: Հասած էր հրաժեշտի պահը, աշակերտները շատ յուզուած էին այս բաժանումին համար: Ֆաքիհ իր հրաժեշտի խօսքը արտասանեց իր աշակերտներուն.

 

Մի´ փնտռէք

Սպասեցէք ես ետ կու գամ արշալոյսին,

Շող-ժպիտով կ’ողջունեմ ձեզ բարի լոյսով,

Շող ու շաղոտ կը ծաղկեցնեմ երթերը ձեր,

Շողաթագով կը զարդարեմ ճակատը ձեր,

Շող մատներով կը սանտրեմ մազերը ձեր,

Սիրոյ լոյսով կը տաքացնեմ սիրտերը ձեր,

Ու երբ գգուէ շողն արեւին այտերը ձեր՝

Գիտցէ´ք ես եմ…

Share71Tweet45
Previous Post

Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Վիպակը

Next Post

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Տարածքին Ապրող Թրքացած Կամ Իսլամացած Հայեր

Next Post
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Տարածքին Ապրող Թրքացած Կամ Իսլամացած Հայեր

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Տարածքին Ապրող Թրքացած Կամ Իսլամացած Հայեր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.