Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ճամբորդութիւն Մը Դէպի Արշալոյս…

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

October 23, 2025
in Մշակութային
0
Ճամբորդութիւն Մը Դէպի Արշալոյս…

Թադէոս Եսայեան այն գրող-բանաստեղծն է, որուն սիրտը կը տրոփէ սէր եւ յոյս։ Սէրը Աստուծոյ, մարդուն, բնութեան, հայրենիքին, շրջապատին, եւ յոյսը ապրելու։

«Ֆաքիհի մը ճամբորդութիւնը» գեղեցիկ գեղարուեստական գրականութիւն է, որուն հեղինակը՝ Թադէոս Եսայեանը, ստեղծած է Ֆաքիհի նկարագիրը եւ որուն ընդմէջէն ան կը ներկայացնէ մարդուն կեանքի ճանապարհը իր տարբեր ելեւէջներով։ Այդ ելեւէջներուն մէջ կը տեսնենք տարբեր զգացումներ, երեւոյթներ, կենցաղներ, մտահոգութիւններ ու տակաւին։ Եւ հոս կը տեսնես Թադէոս Եսայեանի աշխարհայեացքը կեանքի նկատմամբ, երբ կ’ըսէ.

«Բախտաւոր ենք որ մարդ ծնանք,

Գոնէ որպէս մարդ հեռանանք»։

Եւ մարդուն կեանքը ան կը հիմնէ սիրոյ վրայ, որ «Աստուծոյ շնորհքն է»։

Թադէոս կը տեսնէ որ աշխարհը «վերջապէս անտառ չէ», այլ «պարարտ հող՝ միշտ պատրաստ ծաղկելու»։

Եւ հոս կը տեսնենք Թադէոսի՝ կեանքի նկատմամբ հայեցակէտերը, ուր կ’ըսէ «կրնաս կեանքը ծաղկեցնել»։ Եւ կրնաս ծաղկեցնել եթէ «ուղղամիտ ապրիս»։ Ուղղամիտ կեանքը կը կայանայ երբ կրնաս դիտել աշխարհին գեղեցկութիւնը։ Աշխարհի գեղեցկութիւնը հարստութիւն կերտելու մէջ չէ, երբ ան կ’ըսէ. «Ոչ թէ դրամով, այլ գեղեցկութեամբ»։

Թադէոս Եսայեան կը հաւատայ իմացական զարգացումին մարդուն կեանքին համար։

«Մեծագոյն վնասը ոչ թէ որ մարդուն գրպանը պարապ է, այլ գլուխին պարապութիւնը»։

Թադէոս կ’ափսոսայ Կազայի ողբերգութիւններուն։ Վերջապէս Յորդանան ծնած հայն է, որ գիտէ իր հարեւան երկրին դժբախտութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Հիասթափուած եմ աշխարհէն»։

Թաթէոս ունի կարօտ։ Թադէոսի կարօտը հիմնուած է սիրոյ վրայ։ Թադէոսի համար այս սէրը կը ստեղծագործէ նոյնիսկ երբ կը ցաւի։ «Սէրն է միայն մնայուն, սէրը՝ սիրտի աղաւնին»։ Եւ վերջապէս՝«սէրը սուրբ է իրեն համար եւ որ հոգին չի մեռնի»։

Ես  գրականագէտ մը չեմ։ Եթէ բան մըն եմ՝ աստուածաբանութեան դոկտոր եմ։ Երբ կարդացի Թադէոսի այս գողտրիկ հատորը, տեսայ Թադէոսի գրականութեան մէջէն անոր աստուածաբանութիւնը։

Թադէոս իր եւ նաեւ մարդկութեան կեանքի ճանապարհորդութեան մէջէն կը մարմնաւորուի, « Ֆաքիհի մը ճամբորդութիւնը» կերպարին նկարագրականով ան կը փառաբանէ «Աստուծոյ եւ Ամենակալ Արարիչին ստեղծագործութիւնը»։ Ան կը տեսնէ, որ «Աստուած սէր է»։

Այս սիրոյն ընդմէջէն Թադէոս Եսայեան կը հաւատայ, որ ունի տուն մը, ուր ան կրնայ ապրիլ իր կեանքի մայրամուտէն ետք, բայց մանաւանդ ետ պիտի գայ «արշալոյսով»։ Այս իմաստով՝ պիտի յանդգնիմ կամրջել Թադէոսի ներաշխարհը, իմա՝ աստուածաբանութիւնը, Աւետարան Յովհաննու 3:16-ին, որ կ’ըսէ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին ղրկեց, որպէսզի ամէն ով որ անոր հաւատայ, չկորսուի հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։

Թադէոս կը սիրէ աշխարհը։ Ան կը խօսի Աստուծոյ շնորհած սիրոյ փրկութեան մասին, որ մեզ կը տանի յաւիտենական կեանք, Թադէոսի բառերով՝ «արշալոյս…»։

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Թադէոս Եսայեան, եւ գրիչդ դալա՛ր։ Թող որ բոլորս կառչինք «արշալոյսին», որ դուն կը գովերգես այս գեղեցիկ աշխատանքիդ ընդմէջէն։

«Ֆաքիհի մը Ճամբորդութիւնը»։ Ճամբորդութիւն մը դէպի արշալոյս…։

Share68Tweet43
Previous Post

Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Գիրքը

Next Post

Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Վիպակը

Next Post
Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Վիպակը

Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Վիպակը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.