Այսօր մենք հաւաքուած ենք «Ֆաքիհի մը ճամբորդութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսին: Բայց այս գիրքը միայն գրական գործ չէ, այն ճամբորդութիւն մըն է: Ճամբորդութիւն մը, որ կ’անցնի ոչ միայն աշխարհով, այլ նաեւ մարդուն ներաշխարհով՝ հոգիի, փորձառութեան, յիշողութեան եւ փիլիսոփայութեան խորքերով: Իսկ այս ճամբորդութեան ուղեկիցն ու առաջնորդը մեր սիրելի եւ յարգարժան գրողը, բանաստեղծ եւ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեանն է:
Գիրքին ընթացքը՝ էջ առ էջ, կը յիշեցնէ կեանքի երկար ու բազմաշերտ ուղին։ Սկիզբը կը բացուի պատմութիւններով, կը շարունակուի խոհի եւ խորհելու դաշտերով, ու կը հասնի այն պահուն, ուր հեղինակը այլեւս միայն պատմիչ չէ. ան կը դառնայ պատգամաբեր։ Ահա՛ այդ պահն է, որ ես կը նկատեմ գիրքին ամենախորունկ եւ ամենաազդեցիկ գագաթնակէտը: Վերջին բաժինը՝ «Ցանկութիւններ սրտիս խօսքերէն», ուր Թադէոս Եսայան իր կեանքի փորձառութիւնը կը վերածէ ոգեղէն կտակի:
Ի՞նչ կը յայտարարէ ան: Ան կ’ըսէ. «թող միտքս թագաւոր ըլլայ, ոչ թէ իշխանութեամբ, այլ լոյսով»։ «Թող խօսքս չըլլայ թունաւոր նետ, այլ դառնայ շինարար գործիք»: «Թող ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը առաջնորդեն քայլերս, նոյնիսկ եթէ աշխարհի շուրջը մթին ըլլայ»։ Այս խօսքերը գեղեցիկ զարդարանք չեն միայն. անոնք կեանքի ուղեցոյց են, ուղղութիւն եւ դաստիարակութիւն:
Եսայեանի պատգամին մէջ կայ նաեւ խոնարհութիւն: Ան չի փնտռեր փառք եւ հատուցում: Ան չի ձգտիր հանճարի անուան: Ընդհակառակը՝ կը բարձրագնահատէ ուրիշներու բարին եւ կ’ուրախանայ անով: Ասիկա իսկական դաս մըն է մեզի համար. տեսնել արժէքը ոչ թէ ամբոխի ծափին մէջ, այլ ազնուութեան, անկեղծութեան եւ արդարութեան մէջ:
Բայց գիրքին ամենաուժեղ պատգամը կը հնչէ վերջին էջերուն։ Երբ աշակերտները կարծեցին, թէ իրենց վարժապետը կորսնցուցած են, անոր ձայնը հնչեց. «Մի՛ փնտռէք»: Մի՛ փնտռէք, որովհետեւ ես կը վերադառնամ արեւի առաջին շողերուն հետ:
Մրգենիներ ճերմակ-ճերմակ երբ ծաղիկուին:
Գիտցէ՛ք հոն եմ,
Ու երբ լսէք զուարթ գլգիլը գետակին՝
Կամ մեղեդին անուշ-անուշ անցնող հովին
Գիտցէ՛ք հոն եմ…
Այս խօսքերը մահուան խօսքեր չեն: Անոնք վերադարձի եւ յարատեւութեան հաւաստիացումն են: Այստեղ մահը չի ներկայանար իբրեւ վերջակէտ, այլ իբրեւ նոր սկիզբ, իբրեւ արշալոյսի խոստում: Ամէն մայրամուտ կը յղի նոր արշալոյսի մը ծնունդը:
Եւ այսօր, երբ մենք կը բանանք այս գիրքը, մենք միայն ընթերցող չենք: Մենք կը դառնանք ճամբորդներ, որոնք կը քալեն հեղինակին հետ իր ապրումի եւ հոգեկան որոնումներու ճամբուն վրայ: Մենք կը լսենք ոչ միայն անոր պատմութիւնը, այլեւ սրտին շունչը: Իսկ այդ շունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Մի՛ փնտռէք կորուստը. փնտռեցէք լոյսը: Մի՛ փնտռէք վերջաւորութիւնը. փնտռեցէք շարունակութիւնը: Մի՛ փնտռէք կասկածը. փնտռեցէք հաւատքը»:
Այս գիրքը մեր ձեռքերուն մէջ կը վերածուի ճամբու լոյսի։ Եւ ես վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր ընթերցող պիտի գտնէ հոն իր բաժին լոյսը, իր բաժին պատգամը:
Երեւան, 19 Սեպտեմբեր 2025

