Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Գողութիւն Չէ՛, Նպատակը Բարի Է

Պերճ Արապեան

October 23, 2025
in Յօդուածներ
0
Գողութիւն Չէ՛, Նպատակը Բարի Է

«Պէտք է գրաւենք Զուիցերիան, իւրացնենք դրամատուներուն մէջ պահ դրուած ոսկիները եւ փակենք մեր պետական պարտքը: Զուիցերիան չէզոք երկիր է, վստա՛հ պիտի չպատերազմի եւ չհակադարձէ: Գողութիւն չէ՛, քանի բարի նպատակի համար է»:

Կարծիքն է միջազգային բեմերու վրայ աշխատող պոռոտախօս, մեծամիտ, անգէտ եւ տգէտ հզօր պետութեան մը «մի ոմն» քաղաքացիին (շուտով կ’իմանաք թէ ո՞ր երկրին):

ԱՆԳԷ՛Տ, որովհետեւ չի՛ գիտեր թէ Զուիցերիոյ ժողովուրդը իր ամբողջութեամբ մարզուած բանակայիններ են: Մինչեւ 54 տարեկան կը շարունակեն մարզուիլ զինուորապէս: Երբ ժամը հնչէ՛, 48 ժամուան մէջ արդէն ամէն ոք իր դիրքին վրայ կ’ըլլայ: Կանխաւ գիտէ թէ ի՞նչ պաշտօնի կոչուած է, ո՞վ է հրամանատարը, նոյնիսկ թէ ո՞ր շոգեկառքը պիտի օգտագործէ:

ՏԳԷ՛Տ, որովհետեւ անտեղեակ է թէ Զուիցերիա բնակող ամէն քաղաքացի պաշտպանուած է հիւլէական ռումբերուն դէմ: Իրենց շտեմարաններուն մէջ ունին 6 ամսուայ պարենաւորում, նման յարձակումի մը դիմանալու համար:

Մեղադրելի չէ՛ այս ճղճիմ, փոքրոգի, անմիտ քաղաքացին: «Փոքրիկը իր մեծերէն կը սորվի»:

Վերջին հարիւր տարուայ ընթացքին, իր երկրին երկու մեծերը (նախագահները) «քաջաբար» համարձակած էին «խաղալ» մարդոց ոսկիներով եւ հարստութեամբ: Մին իր երկրի ժողովուրդին, միւսը՝ համայն աշխարհին:

 

ՖՐԵՆՔԼԻՆ ՌՈՒԶՎԵԼԹ

6 Ապրիլ 1933-ին ամերիկացիք արթնցան թիւ 6102 նախագահական օրէնք-հրամանագիրով մը: Յանցագործ-մեղապարտ կը համարուէր ամէն քաղաքացի կամ հաստատութիւն, որ ոսկի կուտակած էր որպէս հարստութիւն: 25 օրուան մէջ պարտաւոր էին յանձնել կառավարութեան, ամէն մէկ օնսի փոխարէն ստանալով 20,67 տոլար:

Հակաճառողները ենթակայ էին տասը տարուայ բանտարկութեան, 10 հազար տոլար տուգանքի, կամ երկուքը միասին:

Արտօնուած էին պահել միմիայն զարդեղէնները, գոհարեղէնները, ճարտարարուեստի կամ ատամներուն մէջ օգտագործուած չնչին քանակութեամբ մետաղները եւ հնագոյն դրամանիշերը, որոնց փոխարժէքը ոսկիի այդ օրուայ սակէն աւելի էր:

«Փրկենք տնտեսութիւնը, փրկենք Ամերիկան» կարգախօսով, պետութիւնը հաւաքած եղաւ (կողոպտած եղաւ չըսելու համար) 3673 թոն ոսկի, օնսը 20,67 տոլարի հիման վրայ:

Տարի մը ետք, օնսան 35 տոլար էր արդէն:

70 առ հարիւր կոկիկ շահ մը՝ ի նպաստ պետութեան:

 

ՌԻՉԸՐՏ ՆԻՔՍԸՆ

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի երկրորդ կիսուն, Bretton-Woods-ի համագումարին, աշխարհի գլխաւոր պետութիւնները (թիւով 44) հաւաքուեցան եւ «կանաչ մանոնան» ընդունեցին որպէս համաշխարհային դրամանիշ:

Այդ համաձայնագրով, ամերիկեան պետութիւնը կը խոստանար իր թղթադրամին դիմաց ապահովել ոսկի, 35 տոլարի դիմաց մէկ օնս վերապահելով:

1965-ին Ֆրանսայի նախագահ Շարլ Տը-Կօլ անդրադառնալով, որ Bretton-Woods-ի մէջ եղածը անկլօ-ամերիկեան ծուղակ- դաւադրութիւն մըն էր, զինուորական նաւատորմ մը ուղարկեց Նիւ Երոք, իր մօտ եղած տոլարները ոսկիով փոխարինելու համար: Յաջողեցաւ:

Վարակիչ քայլ մըն էր: Ֆրանսային հետեւեցան Գերմանիան, Զուիցերիան, Հոլանտան:

Արդարացի էր Շարլ Տը-Կօլ: 1960-ականի վերջաւորութեան, աշխարհով տարածուած տոլարը կը հասնէր 80 միլիառի, իսկ Ամերիկայի պետութեան մօտ պահ դրուած ոսկիին փոխարժէքը՝ 10 միլիառ տոլար միա՛յն:

Տագնապը ծայր տուած էր: Թագաւորին մերկ ըլլալը բացայայտուած:

Այս անգամ, նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն, 15 Օգոստոս 1971-ի երեկոյեան, թիւ 11825 օրէնք-հրամանագիրով մը դուրս եկաւ հանրութեան յայտարարելու համար, որ «կանաչ մանոնան» ոսկիով ծածկուած չէ այլեւս:

Աշխարհը կատարուած իրողութեան առջեւ էր, խաբուած ու կողոպտուած:

Ըսինք չէ՞. «Փոքրիկը իր մեծերէն կը սորվի»:

Լիբանանն ալ, որպէս «տիպար, հաւատարիմ փոքրիկը» մե՜ծ եւ հզօր Ամերիկային, սորված էր իր դասը: «Հերոսաբար» իւրացուց (կողոպտեց) Լիբանանի դրամատուներուն մէջ պահ դրուած 180 միլիառ տոլարը:

Խնդրե՜մ: Խնդրե՜մ:

Գողութիւն չէր եղածը, պետական աւագանիին գրպանները պարարտացնելու ԲԱՐԻ՜ նպատակի մը համար էր:

Share66Tweet41
Previous Post

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտին 105-Ամեակը

Next Post

Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Գիրքը

Next Post
Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Գիրքը

Թադէոս Եսայեանի «Ֆաքիհի Մը Ճամբորդութիւնը» Գիրքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.