Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ռաուտայի շրջանի Ս.Դ.Հ.Կ. «Պանդուխտ» մասնաճիւղի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ ծանօթացման հանդիպում մը՝ Սին էլ Ֆիլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան ներկայացուցիչ օրդ. Գարօլին Խաչիկեանի հետ։
Հանդիպման ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի Ներքին դիւանապետ ընկեր Տիգրան Միհրանեան, «Պանդուխտ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկեր Վահան Մաղաքեան, վարչական անդամներ՝ փոխատենապետ Խաչիկ Արսէնեան, Կարպիս Գասպարեան, Նարեկ Նաքքաշեան, Կարօ Չաւուշեան, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի անդամներն ու շրջանի համակիր ընկեր-ընկերուհիները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկեր Տիգրան Միհրանեան, որ բարի գալուստի ջերմ խօսքեր ուղղեց հիւրին՝ ընդգծելով նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը կապերու ամրապնդման եւ տեղական համագործակցութեան տեսանկիւնէն։
Զրոյցը համակեց խանդավառ մթնոլորտ, ուր քննարկուեցան շրջանի համայնքային ու ընկերային հարցեր։ Ընկերները գնահատանքով անդրադարձան Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի գործունէութեան եւ իրագործուած ծրագրերուն՝ յայտնելով վստահութիւն, որ Գարօլին Խաչիկեանի անձով շրջանը պիտի շարունակէ ծառայել իր բնակչութեան շահերուն համախոհ եւ գործնական ոգիով։
Ատենապետ ընկեր Վահան Մաղաքեան համառօտ կերպով ներկայացուց մասնաճիւղի գործունէութեան ուղին, ներկայ աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագրերը՝ շեշտելով համախմբումի եւ երիտասարդական ներգրաւման կարեւորութիւնը։
Օրդ. Գարօլին Խաչիկեան իր կարգին խորին շնորհակալութիւն արտայայտեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ ընդգծելով, որ մեծ պատիւ է վերադառնալ այն միջավայրը, ուր իր հօր՝ ընկեր Տրդատ Խաչիկեանի առաջնորդութեամբ, «Պանդուխտ» մասնաճիւղը տարիներ շարունակ եղած է գործուն ու նուիրեալ օճախ մը։ Ան հպարտութեամբ նշեց, ո պիտի շարունակէ այդ ծառայական ուղին համայնքին բարօրութեան եւ համազգային նպատակներու իրականացման համար։

