Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 23 Հոկտեմբեր 2025

October 23, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 23 Հոկտեմբեր 2025

Ընտրական Երկու Սկզբունքներ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիները եւս իրաւունք ունին խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցաւ մասնակից դառնալու Լիբանանի քաղաքական որոշումներուն: Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց այն երեսփոխանները, որոնք ստորագրած են ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը պահանջող նախագիծին տակ: Նախագահը նշեց, որ այս առումով պէտք է յարգել երկու սկզբունք. Յարգել ընտրութեան թուականը ու զայն չյետաձգել, միաժամանակ ապահովելով արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը: Երեսփոխանները իրենց կարգին նշեցին, որ նախագահէն խնդրած են կառավարութենէն պահանջել, որ մշակէ ընտրութեան վերաբերող շտապ նախագիծ մը եւ զայն փոխանցէ խորհրդարանին՝ երաշխաւորելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրութեան մասնակցելու իրաւունքը: Նոյն ծիրին մէջ, երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ նշեց, որ պիտի պահանջէ ընտրութիւնները յեգաձգել մինչեւ 15 Յուլիս, որպէսզի այդ շրջանին արտերկրէն հայրենիք այցելող բազմաթիւ լիբանանցիներ եւս ունենան քուէարկելու հնարաւորութիւն:

Խորհրդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նիստ՝ ընտրելու դիւանին քարտուղարը, երեք անդամներ եւ խորհրդարանական մնայուն յանձնաժողովներուն անդամները: Ի վերջոյ, բոլոր կազմերը մնացին անփոփոխ, բացի չնչին փոփոխութիւններէ:

Արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրական իրաւունքին աջակցեցաւ նաեւ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը: Ան Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպանատունէն նշեց, որ կարելի չէ օգնութիւն պահանջել արտերկրի լիբանանցիներէն, սակայն զանոնք զրկել 128 երեսփոխան ընտրելու իրաւունքէն:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը, իր կարգին, պատմական մեծ իրագործում համարեց արք. Իգնատիոյ Մալոյեանի սրբադասումը:

 

 

Գերիշխանութեան Վերատիրանալու Հրամայական

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շեշտեց, որ պիտի չհրաժարի զէնքի մենաշնորհէն, պահանջելով որ Հըզպալլա դառնայ քաղաքական կուսակցութիւն մը, առանց զինեալ թեւի: Ան պահանջեց, որ Իսրայէլ գործադրէ զինադադարի համաձայնութիւնը եւ վերջ տայ ոտնձգութիւններուն, աւելցնելով որ պետութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացած զէնքին հարցին լուծումը կը կատարուի լիբանանեան բանակին փուլային ծրագրին միջոցաւ: Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ իր կարգին սխալ համարեց «անոնք, որոնք կը խորհին, թէ Հըզպալլայի ապազինումը կը լուծէ խնդիրը, որովհետեւ այս զէնքը մաս կը կազմէ Լիբանանի ուժին, իսկ Իսրայէլ կը մերժէ գործադրել համաձայնութիւնները»: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը կայունանայ, երբ Իսրայէլ վերջ տայ իր ոտնձգութիւններուն:

Ապահովական առումով, Իսրայէլի զինուած ուժերուն սպայակոյտի պետը իսրայէլացի սպաներուն եւ զինուորներուն տեղեկացուց, որ պէտք է կատարեն ռազմափորձեր՝ պատրաստուելով բոլոր ճակատներուն վրայ հաւանական պատերազմի: Այալ Զամիրի համաձայն, պատերազմը չէ աւարտած եւ անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ անոր: Իսրայէլեան օդուժը երէկ Այն Քանա գիւղին մէջ թիրախաւորեց մոթորսիքլէթ մը եւ սպաննեց Իսա Ահմատ Քարպալան, պնդելով որ ան կը ղեկավարէր Հըզպալլայի յատուկ «Ռատուան» ուժերուն խմբակներէն մէկը:

Ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք ոգեկոչեց յիշատակը ամերիկացի եւ ֆրանսացի զինուորներուն, նաեւ լիբանանցի վեց քաղաքացիներուն, որոնք մահացան 1983-ի 23 Հոկտեմբերին՝ Պէյրութի մէջ ամերիկեան Մարինզի կեդրոնը թիրախաւորած անձնասպանական գործողութեան հետեւանքով: «Այսօր անոնց յիշատակը կը յարգենք, վերյիշելով նոյն եզրակացութիւնը. Լիբանան պէտք է սեփական ջանքերով լուծէ իր խնդիրները եւ վերատիրանայ գերիշխանութեան: Միացեալ Նահանգներ չի կրնար եւ պէտք չէ կրկնէ անցեալի սխալները», ըսաւ Պարրաք:

 

Երիտասարդներէն Մեծ Ակնկալիքներ

Նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը ու շեշտեց, որ երիտասարդներն են երկրին ապագան ու մեծ ակնկալիքներ կան անոնցմէ: «Թող մրցակցութիւնը ըլլայ յանուն աւելի լաւ Լիբանանի, ոչ թէ սեփական շահերու համար», կոչ ուղղեց նախագահը, առաջարկելով դասեր քաղել անցեալի սխալներէն: Նշենք, որ երիտասարդական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Իզմիրլեանը:

 

Փաշինեան Կը Գնահատէ Ցորենի Հարցով Ալիեւի Որոշումը

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան չբացառեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն փոխադարձ այցելութիւնները, եթէ հարթուին մնացեալ խնդիրները: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վրաստանէն արտասանուած ուղերձի մէջ գնահատեց Ատրպէյճանի նախագահին որոշումը, որ կը չեղարկէ երկրին տարածքով Հայաստան ապրանքներու տարանցիկ մատակարարումներու սահմանափակումները: «Կը կատարուի բան մը, որ քանի մը ամիս առաջ անհաւանական կը թուէր: Ղազախստանէն ցորեն կը ներածուի Հայաստան՝ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարծքով», ըսաւ ան՝ գնահատելով նաեւ վրացի եւ ղազախ ղեկավարներուն համագործակցութիւնը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց այսօր իսկ բանալու Հայաստանի սահմանը՝ Թուրքիայէն Ատրպէյճան եւ հակառակ ուղղութեամբ տարանցումի համար: «Մենք ունինք պատմական առիթ ապահովելու ոչ միայն խաղաղ, այլեւ բարեկեցիկ եւ զարգացող Հարաւային Կովկաս», ըսաւ Փաշինեան: Վարչապետը յիշեցուցած է, որ  Հոկտեմբեր 2023-ին առա­ջին անգամ ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան «Խաղա­ղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որ ստացած է միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը

 

Արամ Ա. «Կարիք Ունինք Նոր Ղեկավարներու»

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ շարք մը կղերականներու հետ տարակարծութեանց ու յայտնեց, որ «Կտրիճ Ներսիսեանը (Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս) կարգալոյծ է, պարզապէս մարդ մըն է, որ իր նման կարգալոյծ եղած մարդոց հետ կը գրաւէ Մայր Աթոռը»: Վարչապետին խօսքով, կառավարութիւնը հակամարտութեան մէջ չէ Եկեղեցւոյ հետ, այլ անոնց, որոնք կը պղծեն Եկեղեցին: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, թէ ինչ չի ճանչնար կաթողիկոսը, որովհետեւ վերջինս խախտած է իր ուխտը: Նշենք, որ Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան նախանցեալ երեկոյ հրաւիրուեցաւ Քննչական կոմիտէ եւ հարցաքննուեցաւ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ահազանգեց, որ «Հայրենիքը կ’ուղղուի դէպի ինքնաքանդում, իսկ Սփիւռքը՝ ինքնամաշում: Պէտք է այս վիճակին վերջ տալ համահայկական ուժերով: Այս վիճակին մէջ մենք նոր ղեկավարներու կարիք ունինք»:

 

Ոչ Եւս Է Այտա Ազնաւուրը

102 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Շարլ Ազնաւուրի քոյրը՝ Այտա Ազնաւուր-Կառվարենցը: Ազնաւուր հիմնադրամը յայտարարեց, որ ան խաղաղութեամբ լքեց այս աշխարհը, հեռանալով գեղեցիկ ապրած կեանքէն՝ լեցուն սիրով, ուժով եւ ընտանիքին հանդէպ նուիրուածութեամբ: Ան պիտի յուղարկաւորուի Մոնֆոր-Լամորիումի ընտանեկան գերեզմանատան մէջ:

 

Աքսայի Մզկիթը՝ Վտանգուած

Երուսաղէմի գաւառապետութիւնը ահազանգեց, թէ Աքսա մզկիթին որոշ հատուածներ վտանգուած են, անոր մերձակայ շրջաններուն եւ քաղաքի հին թաղամասերուն մէջ իրականացուող իսրայէլեան աշխատանքներուն պատճառով: «Իսրայէլացիները քաղաքացիներուն չեն թոյլատրեր ազատօրէն շրջագայիլ քաղաքին մէջ եւ իրենց արարքներով կը վտանգեն հին Երուսաղէմի մահմետական կառոյցներուն ապահովութիւնը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Share66Tweet41
Previous Post

Ծանօթացման Հանդիպում Սին Էլ Ֆիլի Քաղաքապետարանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Ներկայացուցիչ Գարօլին Խաչիկեանի Հետ

Next Post

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտին 105-Ամեակը

Next Post
Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտին 105-Ամեակը

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտին 105-Ամեակը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.